ԲԱՑԱՌԻԿ ՅՈՒՇԵՐ ՊՈԼԻՍԷՆ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ԷՆ ԵՒ ՔԱՍԻՄԷՆ

Երէկուան թիւով տուած էինք արեւմտահայ հասարակական գործիչ, գրող, հրապարակագիր Յովհաննէս Պօղոսեանի (ծնած Կեսարիա, 1889 թուականին) յուշագրութենէն հատուած մը: «Հին օրերու յուշեր. Կեսարիայէն Փարիզ. Հանգրուանէ հանգրուան» խորագրուած գիրքին մէջ գրողը կը նկարագրէ իր աշխատակցութիւնը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, նախ իբրեւ թերթի հիմնադիր-խմբագիր Քասիմի օգնական, ապա՝ աւագ խմբագիր: Ջերմութեամբ խօսելով այդ տարիներու մասին, Յովհաննէս Պօղոսեան (որ կը ստորագրէր նաեւ Յէ-Պէ) այնուամենայնիւ, որոշ շրջան մը աշխատելէ ետք կը հեռանայ ԺԱՄԱՆԱԿ-էն՝ վերաբացուած «Արեւելք»ին մաս կազմելու համար: Նոր թերթ մը միշտ ալ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ մտաւորականութեան եւ ժողովուրդի մէջ, եւ այդ պատրուակով ալ ան կը միանայ «Արեւելք»ին, սակայն վերաբացուելէ յետոյ թերթը միայն մէկ ամիս կը հրատարակուի: Յովհաննէս Պօղոսեան ԺԱՄԱՆԱԿ չի վերադառնար, վեց ամիս մըն ալ կ՚աշխատի «Լուսարձակ»ին մէջ, որուն նոյնպէս գոցուիլը պատճառ կը դառնայ լրագրութենէն դուրս այլ գործ մը փնտռելու:

Պատերազմի տարիներուն Յովհանէս Պօղոսեան թղթատարական նախարարութեան մէջ կ՚աշխատէր եւ զերծ կը մնայ զինուորագրութենէ, սակայն մայրն ու ընտանիքի շատ անդամներ կը մահանան տարագրութեան ճանապարհին: Պոլսոյ մէջ Յովհաննէս Պօղոսեան անգամ մըն ալ լրագրութիւն կը վերադառնայ՝ «Ժողովուրդի Ձայնը» թերթին մէջ աշխատելու համար, բայց 1920-ին, ի վերջոյ, կը լքէ Պոլիսը: Իբրեւ ուսանող կը մեկնի Փարիզ, հոն ալ կը ծանօթանայ Պոլիսէն Փարիզ հասած Ռամկավար ազատական երիտասարդներու հետ, կը տարուի կուսակցութեան գաղափարներով եւ Փարիզի մէջ նոր լոյս տեսնող «Ապագայ» թերթին խմբագրի պաշտօնը կը վստահուի իրեն: Յովհաննէս Պօղոսեան, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ պոլսահայ այլ թերթերու մէջ ձեռք բերած փորձով կը վարէ խմբագրի գործը, 1924-ին ալ կը սկսի կուսակցական այլ առաքելութիւններ կատարել: ԺԱՄԱՆԱԿ-էն հեռանալէ ետք անոր յուշագրութեան յաջորող մասը նոյնպէս կը ներկայացնենք:

*

Միեւնոյն հանգամանքով կը հետեւէի օսմանեան խորհրդարանի վիճաբանութեանց, որոնք փոթորկալի կ՚ըլլային քաղաքական տագնապներու առթիւ: Օսմանեան խորհրդարանին երկու պալատները, մէկը երեսփոխանական ժողովի, միւսը ծերակոյտի յատկացուած, կը գտնուէին Վոսփորի եզերքը, Սալը Բազարի, Թոփհանէի եւ Օրթագիւղի մէջ: Այս պալատները, նախապէս յատկացուցած էին սուլթանուհիներու բնակութեան: Հայ երեսփոխաններէն մտերմացած էի Մուշի Գեղամ Տէր-Կարապետեանի եւ Սվասի Տքթ. Նազարէթ Տաղաւարեանի հետ: Յաճախ կ՚երթայի այս վերջնոյն բնակարանը, որ կը գտնուէր Թաքսիմ: Տաղաւարեան, իբրեւ բժիշկ եւ պատմաբան, հրատարակած էր արժէքաւոր գործեր: Իբրեւ երկրագործական խնդիրներու մասնագէտ, վկայուած ըլլալով Ֆրանսա, Մոնփելիէի վարժարանէն, կը մասնակցէր ժողովի վիճաբանութեանց: Պահ մըն ալ եղաւ Կ.Պոլսոյ քաղաքապետի խորհրդական: Հաճոյակատար եւ ընտանեսէր էր: Երբ զիս կ՚ընդունէր, յաճախ իր ծունկերուն վրայ առած կ՚ըլլար փոքրիկ աղջիկը՝ Աստղիկը, որուն վրայ կը գուրգուրար: Մուշի Գեղամը երեսփոխանական ժողովի մէջ իր ձայնը կը բարձրացնէր, ամէն անգամ որ խնդրոյ առարկայ կ՚ըլլային հայկական գաւառի մէջ գործող հարստահարութիւնները:

Որքան երեսփոխանական ժողովի նիստերը երբեմն փոթորկոտ եւ աղմկալի կ՚ըլլային, նոյնքան հանդարտ եւ խաղաղ էր ծերակոյտին մթնոլորտը: Ծերակոյտի անդամները մեծ մասամբ կը նշանակուէին Սուլթանին կողմէ, պետական կարեւոր պաշտօններ վարած անձնաւորութեանց մէջէն: Անոնց կարգին էին հայ ծերակուտականներ՝ Գաբրիէլ Նորատունկեան, Մանուկ Ազարեան (նախկին դեսպան Սերպիոյ մայրաքաղաքին մէջ) եւ Յովհաննէս փաշա Գույումճեան (նախկին կառավարիչ Լիբանանի):

Անձնապէս ծանօթացած էի Գ. Նորատունկեանի, շնորհիւ Տիկին Եւփիմէ Աւետիսեանի (գրական անունով Անայիս), որ քոյրն էր Տիկին Նորատունկեանի: Իր բնակարանը կը գտնուէր Թաքսիմի վրայ: Նորատունկեան միաժամանակ ատենապետն էր Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին: Իբրեւ խորհրդական արտաքին գործերու նախարարութեան (եւ ապա իբրեւ նախարար) իր պաշտօնական բարձր դիրքը ի սպաս դրած էր ազգային ծառայութեան եւ համիտեան շրջանի վերջին տարիներուն, Օրմանեան Պատրիարքի կողքին, շատ օգտակար դեր մը կատարած էր իբրեւ դիւանագէտ եւ ատենապետ Ազգային Պատրիարքարանի քաղաքական ժողովին: Թուրքիայէն հեռանալէն ետք ալ Նորատունկեան պիտի շարունակէր իր ազգային անձնուէր ծառայութիւնը, իբրեւ անդամ Փարիզի Հայ Ազգային Պատուիրակութեան:

ԼՐԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ ՊԱՇՏՕՆԷՈՒԹԻՒՆ

1912-ի ամառը աւարտած էի իրաւաբանական վարժարանի եռամեայ շրջանը: Լրագրութեան հետեւելով հանդերձ յարաբերութիւններս չէի խզած Դաւիթ Տէր-Մովսէսեանի հետ, որ իր փաստաբանական գրասենեակը Պարնաթան խանէն փոխադրած էր նախ Գնաճեան խան, թղթատարական նախարարութեան հրապարակին վրայ, ապա՝ «Իգտամ» խանի նոր շէնքը, Պապը Ալիի մօտ:

Պալքանեան պատերազմի օրեր էին, եւ Տէր-Մովսէսեան ձեռնարկած էր «Արեւելք» թերթի վերահրատարակութեան, իբրեւ օրկան Ազգային Ժողովի կեդրոնի խմբակին, որուն շուրջը բոլորուած էին Կ.Պոլսոյ ունեւոր եւ պահպանողական տարրին պատկանող ծանօթ անձեր: Հայերէն նոր տառերը գնուած էին Խաչիկ Գէորգեան ձուլարանէն եւ տպագրական նոր սարքաւորում մը գնել ծրագրուած էր: Թերթին խմբագրապետութիւնը ստանձնած էր Վ. Թէքէեան: Տէր-Մովսէսեանի առաջարկով ընդունեցի օգնական խմբագրի պաշտօնը եւ հրաժարեցայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գործէս: Թերթին քաղաքական բաժինը ստանձնած էր Եղիա Սուզիկեան, որ կը ստորագրէր «Նոր քաղաքագէտ»:

Նոր թերթ մը միշտ հետաքրքրութիւն կ՚արթընցնէ ընթերցող հասարակութեան մէջ եւ «Արեւելք» առաջին օրէն լաւ ընդունելութիւն գտաւ, բայց երբ պատերազմական գործողութիւնները ի վնաս Թուրքիոյ ուղղութիւն մը առած էին, թերթը արձագանգ կու տար թուրք բանակին «յաղթանակ»ներուն, ինչ որ դժգոհ թողուց թերթին ընթերցողները: Տէր-Մովսէսեան բարեկամ էր «Իգտամ»ի խմբագրապետ Ահմէտ Ճեւտէթի հետ եւ կ՚ազդուէր նոր լրատուութենէն: «Արեւելք» միայն ամիս մը շարունակեցաւ եւ անփառունակ վախճան մը ունեցաւ:

Տէր-Մովսէսեան թերթ մը հիմնելով ուզած էր հայ ազգային կեանքին մէջ առաջնորդող դեր մը ստանձնել: «Արեւելք»ի դադարումով չուզեց լռութեան մատնուիլ եւ համաձայնելով Ա. Գալփաքճեանի եւ Ս. Չէօմլէքճեանի հետ անոնց «Լուսարձակ» օրաթերթին արտօնատիրութիւնը իր անուան փոխանցեց: «Լուսարձակ» նիւթական դժուարութեան մէջ էր եւ անոր հրատարակութեան շարունակութիւնը դիւրին չեղաւ: Արդէն Վ. Թէքէեան հեռացած էր, անհամաձայնութիւններ ունենալով Տէր-Մովսէսեանի հետ, իր ուղղութեան համար: «Լուսարձակ»ի խմբագրութեան հոգը ինծի վիճակած էր: Թերթին տպագրութիւնը կը կատարուէր Ասատուրեան տպարանին մէջ, որ կը գտնուէր «Իգտամ»ի շէնքին դիմացը, Պապը Ալիի պողոտային վրայ, ուր փոխադրեց նաեւ Տէր-Մովսէսեան իր փաստաբանական գրասենեակը, տպարանական շէնքին մէջ նորոգութիւններ եւ փոփոխութիւններ կատարելով: Ասատուրեան տպարանին մէջ հաստատուած էր նախապէս «Մանզումէ»ի խմբագրատունը, ուրեմն կերպով մը «Լուսարձակ» կը ստանձնէր դադրած «Մանզումէ»ի յաջորդութիւնը:

«Լուսարձակ»ի հրատարակութիւնը հազիւ տեւեց վեց ամիս, յաղթելով նիւթական դժուարութեանց: Երբ ստիպուեցանք թերթը դադրեցնել, Տէր-Մովսէսեան դիմեց հնարքի մը, թերթին արտօնատիրութեան իրաւունքը պահելու համար: Շաբաթը անգամ մը թերթին կապուած էջերուն վրայ կը փոխէինք վերնագիրները եւ թիւ մը տպելով կը տանէի մամուլի դիւանին, որ չէր անդրադառնար այս հնարքին: Այս կերպով թերթը քանի մը ամիս ալ քաշքշեց իր «գոյութիւնը»:

Այս հանգամանքներու մէջ ստիպուած էի գրասենեակի մէջ օգնական գրագիրի պաշտօնը կատարել: Այս գործը ինծի չէր ժպտեր, մանաւանդ որ դատերու ձգձգումը կը ջղայնացնէր յաճախորդները եւ երբեմն ես ալ դժուարին դիրքի մը կը մատնուէի:

Օր մը թերթերու մէջ կարդացի թղթատարական նախարարութեան մէկ ծանուցումը մրցումի մը մասին, որով պիտի նշանակուէին քանի մը պաշտօնեաներ այս նախարարութեան իրաւագիտական գրասենեակին համար: Թեկնածուներէն կը պահանջուէր ունենալ իրաւաբանական վարժարանի վկայական եւ ֆրանսերէն լեզուի ծանօթութիւն: Այս պայմանները կը լրացնէի, բայց ինչ որ զիս քաջալերեց մրցումին մասնակցելու համար, ծանօթութիւնս էր թղթատարական նախարար Ոսկան Մարտիկեանի հետ: Այս ծանօթութիւնը կը պարտէի յայտնի գրագիտուհի տիկին Հայկանոյշ Մառքի, որուն հետ դրացիներ էինք. մեր բնակարանը Կէտիկփաշայէն փոխադրած ըլլալով Բանկալթի, Ճէտիտիէ փողոց, պատերազմական վարժարանին դէմը: Տիկին Մառք գնահատած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ երեւցած իմ յօդուածներս: Բարեկամութիւն ունէի իր ամուսնոյն՝ Վահան Թօշիկեանի հետ ալ: Այս պատճառով պարբերաբար կ՚այցելէի իրենց:

Տիկին Հայկանոյշ Մառք միայն տաղանդաւոր գրագիտուհի մը չէր, այլ նաեւ ճարտար հայ տանտիկին մը, որուն համար հայկական խոհանոցը գաղտնիք չունէր: Ոսկան Մարտիկեան երբ դեռ ելեւմտական քննիչ էր, այդ պաշտօնով պտտած էր հայկական գաւառներու մէջ: Ինքն ալ երզնկացի էր, հմուտ հայոց պատմութեան եւ գրականութեան ու ծանօթ՝ հայոց աշխարհին պատմական վայրերուն: Ու իբրեւ գրասէր կ՚ախորժէր հայ մտաւորականներու ներկայութենէն եւ մտերմութենէն: Այդ պառճառով երբեմն Թօշիկեաններու ճաշի հիւրը կ՚ըլլար: Այդ պատեհութեամբ է, որ ես ալ ճանչցած էի զայն:

Մասնակցելով թղթատարական նախարարութեան բացած մրցումին, ես ալ ընդունուեցայ իբրեւ պաշտօնեայ իրաւագիտական գրասենեակին: Վստահ եմ, որ Ոսկան էֆէնտի, իբրեւ նախարար, որոշիչ դեր մը ունեցաւ իմ նշանակումիս մէջ: Երբ հարկ ըլլար մեր գրասենեակին կողմէ խմբագրուած պաշտօնաթուղթերը ստորագրել տալ նախարարին, այդ պաշտօնը ես կը կատարէի: Երբ առանձին ըլլայինք, կրնայինք խօսակցիլ հայերէն լեզուով, բայց ուրիշի մը ներկայութեան եւս կը մնայի ստորադաս պաշտօնեայի յարգալից եւ վերապահ դիրքին մէջ:

Պաշտօնի ձեռնարկած էի 1914-ի յունիս ամսուն: Շատ չանցած կը զգացուէր պատերազմի մը մօտիկ ըլլալը: Եւ առ այդ պատրաստութիւններ կը տեսնուէին խորհրդապահ կերպով, երբ երկու գերմանական մարտանաւերու Կ.Պոլիս մուտքը փութացուց Թուրքիոյ մասնակցութիւնը Առաջին համաշխարհային պատերազմին, որուն իբր սկզբնաւորութիւն հռչակուեցաւ ընդհանուր զօրաշարժ ամբողջ երկրին մէջ, օգոստոսի սկիզբը: Զինուորական տարիքի մէջ գտնուող հայ երիտասարդներն ալ ենթակայ եղան զօրաշարժի: Համալսարանէ ընթացաւարտ եղողներ պիտի յաճախէին Պոլսոյ զինուորական վարժարանը, իբրեւ ենթասպայ պատրաստուելու համար, հայթայթելով իրենց զինուորական համազգեստը:

Ես ալ, իբրեւ համալսարանաւարտ, փութացի գնել զինուորական «խաք»ի գոյնով համազգեստ մը եւ ներկայացայ նախարարին, անկէ հրաժեշտ առնելու համար: Ոսկան էֆէնտի զարմացած աչքերը յառեց վրաս եւ առանց կորսնցնելու իր պաշտօնական խստութիւնը, ըսաւ.

-Գնա՛, այդ համազգեստդ հանէ եւ գործդ շարունակէ:

Արդարեւ, օր մը առաջ Ոսկան էֆէնտի նախարարաց խորհուրդին մէջ ընդունել տուած էր օրէնք մը, ըստ որուն նախարարութեան բոլոր պաշտօնեաները իրենց զինուորական պարտականութիւնները պիտի կատարէին թղթատարական ծառայութեան մէջ, իբրեւ օժանդակութիւն:

Ոսկան էֆէնտի ինքնատիպ անձ մըն էր եւ իբրեւ ելեւմտական քննիչ երբ Մակեդոնիա կը գտնուէր, ծանօթացած եւ բարեկամացած էր Իթթիհատի գաղտնի կազմակերպութեան վարիչներուն հետ եւ ատոր շնորհիւ բարձրացած՝ նախարարական պաշտօնի, երբ Իթթիհատը կառավարութեան ղեկը ձեռք առած էր Պալքանեան պատերազմի ընթացքին: Եւ նախարար ըլլալէ ետք ցոյց տուած էր բացառիկ վարչական կարողութիւն մը, խիստ կարգապահութիւն հաստատելով թղթատարական սպասարկութեան մէջ, որուն շնորհիւ օսմանեան թղթատարութիւնը վստահութիւն ներշնչած էր իր կանոնաւորութեամբ նոյնիսկ օտարներուն, այնպէս որ «քափիթիւլասիոն»ներով հաստատուած օտար դեսպանատանց թղթատարական սպասարկութիւնը ջնջուած էր: Հեռագիր ու նամակ ժամանակին ու անկորուստ կը հասնէին, եւ պաշտօնեաները ճշդապահ կերպով կը կատարէին իրենց գործը: Ոսկան էֆէնտի թէեւ կաղ ոտքով, բայց ամենէն կանուխ կը հասնէր նախարարութիւն եւ երբեմն կը շրջէր նամակատան պաշտօնատուները, անձամբ հսկելու համար անոնց գործունէութեան: Այս կերպով է որ անգամ մը Վոսփորի եզերքը գտնուող գիւղի մը թղթատարութեան գրասենեակը այցելած էր եւ իր պաշտօնին ուշ եկող տնօրէնը պաշտոնանկ ըրած էր: Պատերազմը սկսելէ ետք Կ.Պոլսոյ թղթատարութեան երկու պաշտօնեաներ նախարարութեան կեդրոնի շէնքին առջեւ կախաղան հանուեցան, որովհետեւ ներքին գործոց նախարարին ուղղուած եւ պետական գաղտնիքներ պարունակող նամակ կը բացած էին:

Մեր իրաւագիտական գրասենեակին պաշտօն յանձնուած էր թղթատարական ուղեցոյց մը պատրաստել. ես այդ գործով կը զբաղէի մասնաւորապէս: Մեր գրասենեակին տնօրէնը կը կոչուէր Իհսան պէյ, ազնիւ եւ բարեկիրթ անձ մը: Ամէն առտու, երբ նախարարը կը հասնէր պաշտօնատուն, առաջին գործը կ՚ըլլար հեռաձայնը առնել եւ կանչել.

-Իհսան պէ՛յ, րէհպէր (ուղեցոյց):

Ատոր շնորհիւ այդ գրքոյկը, որ առաջինն էր Թուրքիոյ մէջ, լոյս տեսաւ որոշուած պայմանաժամէն առաջ:

…Պատերազմի վախճանով իմ անձնական կեանքիս ընթացքն ալ պիտի փոխուէր: 1918-ի սկիզբը ելեւմտական նախարարութեան մէջ օգնական քննիչի պաշտօնին համար մրցում մը բացուած էր եւ ես ալ մասնակցած էի այդ մրցումին եւ յաջողած՝ ուրիշ թուրք երիտասարդ մը հետ, Րէշիտ անունով, որ նոյնպէս թղթատարական նախարարութեան մէջ պաշտօնեայ էր: Պատերազմի պատճառով, սակայն, չէինք կրցած փոխադրուիլ մեր նոր պաշտօնին մէջ, ինչ որ կարելի եղաւ, երբ պատերազմը վերջացաւ: Ելեւմտական նախարարութեան մէջ բազմաթիւ էին հայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ինչպէս՝ Միհրան Գարագաշեան, Ստեփան Արապեան եւ Սերովբէ Պէրպէրեան՝ հաշուակալութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ելեւմտական քննիչներ՝ Խորէն Ճամճեան, Արամ Խարտաճի, Գէորգ Հովիւեան եւ Ներսէս Ներսէսեան: Ստիպուած չէի ամբողջ օրը աշխատիլ գրասենեակի մէջ, այլ առտուները կ՚երթայի նախարարութիւն, որ կը գտնուէր Պայազիտի հրապարակին վրայ եւ եթէ քննութեան գործ մը յանձնուէր ինծի, կը կատարէի այդ գործը պաշտօնատունէ դուրս, երբեմն ալ մօտակայ շրջաններու մէջ: Այնպէս որ ազատ ժամեր ունէի, ազգային գործերով եւս զբաղելու համար:

Արդարեւ, նոր եռուզեռ մը սկած էր Կ.Պոլսոյ ազգային գործերուն մէջ: Զաւէն Պատրիարք յաղթական կերպով վերադարձած էր Պաղտատէն, ուր աքսորուած էր 1915-ի դէպքերէն ետք: Վերակազմուած էին ազգային մարմինները եւ նորէն գործի լծուած էին Պատրիարքարանի ժողովները, որոնց կարգին ազգային երեսփոխանական ժողովը՝ Ղալաթիոյ խորհրդարանին մէջ: Հայերէն թերթերը դարձեալ սկսած էին հրատարակուիլ հին կամ նոր անուններով եւ կապը վերահաստատուած էր արտասահմանի հետ, ուրկէ հետզհետէ կը վերադառնային անոնք, որոնք հեռացած էին Կ.Պոլիսէն:

…Օր մը հանդիպում ունեցայ Տքթ. Յակոբ Թօփճեանի հետ, որ Կ.Պոլսոյ հանրակառքերու ընկերութեան Բերայի կեդրոնին մէջ, Թիւնէլի մօտ, բարձր պաշտօն մը ունէր: Այս ընկերութիւնը պելճիքական էր: Տքթ. Թօփճեան, որ Գերմանիա ուսանած էր եւ քաջ գերմաներէն գիտէր, միաժամանակ պահած էր իր կապը գերմանական կարգ մը թերթերու հետ, որոնց թղթակիցը եղած էր պատերազմէն առաջ: Ծանօթ էր միջազգային հարցերու եւ այդ հանգամանքով կ՚աշխատակցէր «La Renaissance» ֆրանսերէն թերթին, որ սկսած էր հրատարակուիլ Տիգրան Չայեանի խմբագրապետութեամբ եւ երեք հայ հոգեւոր պետերու հովանաւորութեամբ, իբրեւ օրկան հայկական փրոփականտի, ու այդ պատճառով դաշնակից պետութեանց դեսպանատան մօտ յարգ ու վարկ ունէր: Տ. Չայեան զարգացած եւ ազգասէր երիտասարդ մըն էր եւ կարեւոր պաշտօն մը ունէր արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ:

Տքթ. Թօփճեանի հետ խօսեցանք Սահմանադրական Ռամկավար կուսակցութեան վերակազմութեան եւ թերթի մը հրատարակութեան մասին: Յաջորդ հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Դաւիթ Տէր-Մովսէսեան եւ Գասպար Մովսէսեան, որ փաստաբանական գրասենեակ մը բացած էր: Հետզհետէ մեր թիւը աւելցաւ Կովկասէն եկած ընկերներով, ինչպէս՝ Յովհաննէս Յակոբեան եւ Յովսէփ Գույումճեան, որ կարեւոր դեր մը կատարած էր 1915-ի Վանի ինքնապաշտպանական կռիւներուն մէջ: Սահակ-Մեսրոպ, որուն հետ գործակցած էինք Սահմանադրական Ռամկավար Ուսանողական Միութեան մէջ, վերադարձած էր Պաղտատէն, ուր անցուցած էր աքսորի տարիները եւ սկսած էր աշխատակցիլ «Ժողովուրդի Ձայնը» թերթին, որ կը հրատարակուէր Տիգրան Զաւէնի խմբագրութեամբ եւ որ յետոյ պիտի միանար ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի հետ՝ Սահակ-Մեսրոպի խմբագրապետութեամբ: Կուսակցութեան նորակազմ վարչութիւնը յարաբերութեան մէջ մտած էր այս թերթի վարչութեան հետ, զայն իբրեւ իր օրկանը հրատարակելու համար: Բանակցութիւնը յաջող ելք ունեցաւ եւ Յովհաննէս Յակոբեան ստանձնեց «Ժողովուրդի Ձայնը» թերթին խմբագրապետութիւնը եւ ինծի վստահուեցաւ խմբագրական քարտուղարի պաշտօնը: Կուսակցութեան վարչութիւնը զօրացած էր նոր տարրերով: Ատոնց մէջ կը յիշեմ Արամ Ինճիճիեանը, որ Տէօյչ պանք գերմանական դրամատան մէջ կարեւոր պաշտօն մը ունէր եւ պահ մը թերթին վարչական տնօրէնը եղաւ, միաժամանակ յօդուածներ գրելով Արինճ ծածկանունով: Հետզհետէ խմբագրութեան մաս կազմեցին Աբիկ Միւպահեաճեան, Ալ. Սարուխան (ծաղրանկարիչ), Լեւոն Թիւթիւնճեան, Վահան Թոթովենց եւ Վահան Միրագենց: Թիւթիւնճեան եւ Թոթովենց եղած էին Կովկասի մէջ զօր. Անդրանիկի քարտուղարները եւ հրատարակած՝ «Հայաստան» թերթը Թիֆլիզի մէջ: Թերթին վարչական գործերը վարեց յետոյ Վահան Պօշնագեան: Եւ երբ Միհրան Մուրատեան հետաքրքրուեցաւ թերթի նիւթականը ապահովելու խնդրով, եւ մեծաքանակ թուղթ գնեց խնայողութեան համար, վարչական գործը յանձնուեցաւ Եղիա անունով իր պաշտօնեաներէն մէկուն, որ բարի անձ մըն էր:

Խմբագրական գործի մասնակցելով հանդերձ կը շարունակէի պետական պաշտօնս, բայց 1919-ի ձմեռը պարտաւորուեցայ մեկնիլ Իզմիթի շրջանը, քննիչական առաքելութեամբ մը, իբրեւ օգնական ելեւմտական քննիչ Մաթլաէտտինի, որ հրեայ էր եւ կը կոչուէր Մաթալոն, բայց պատերազմի ընթացքին իսլամացած էր: Անոր հետ միասին շրջեցանք Իզմիթ-Կէմլէյիկ-Եզնիկ գիւղերը: Այս առիթով այցելեցի նաեւ Պարտիզակ, որ աւերուած էր եւ տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէր…

Կ.Պոլսոյ մթնոլորտը հետզհետէ աւելի ճնշիչ կը դառնար երկրին ներքին քաղաքական կացութեան պատճառով:

Հասած էինք 1920 տարուան օգոստոսի վերջաւորութեան: Կրցայ երկու ամսուան համար ամառուան արձակուրդ մը ստանալ պաշտօնէս եւ ֆրանսական դեսպանատունէն անցագիր մը ստանալ Փարիզի համար: Ֆրանսական շոգենաւ մը զիս պիտի առաջնորդէր դէպի Մարսէյլ, հրաժեշտ տալով Վոսփորի ափերուն, ինծի համար կը փակուէր կեանքիս մէկ շրջանը, իր ուրախ կամ տխուր դրուագներով:

Որքան կը յիշեմ, «Մեսաժըրի» ֆրանսական ընկերութեան «Լամարթին» շոգենաւն էր, որ զիս պիտի առաջնորդէր Մարսէյլ, Փիրէայի եւ Նափոլիի ճամբով: Ասիկա իմ առաջին ծովային ճամբորդութիւնս էր: Երբ նաւը խարիսխ վերցուց Ղալաթիոյ քարափին առջեւ, բեռնակիրներու, մակուկավարներու եւ ճամբորդներու զիրար հրմշտկող բազմութեան ժխորին մէջ, եւ դառնալով Սարայ-Պուրնուի առջեւէն ուղղուեցաւ դէպի Մարմարա, ամբողջ պոլսական կեանքս էր, որ կը տողանցէր աչքիս առջեւ, հեռացող երիտասարդական յոյզերս, ապագայի ծրագիրներս եւ ընտանեկան ու բարեկամական յիշատակներս, եւ ակամայ արցունքի կաթիլ մը կ՚իջնէր այտերէս վար՝ շրթունքիս, որուն վրայ մրմունջ մը կը յամենար, անդարձ մեկնումներու տխրութեամբ օծուն. «Ցտեսութի՜ւն, ցտեսութի՜ւն»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2023