ՆԻԿՈԼԱԿԱՆԸ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ, ԶԱՒԷՆԸ ՅԱՂԹԵՑ - 2

Հայը ելած էր հայու դէմ: Ականատեսը ըլլալով այս ողբերգական պատկերին՝ ակամայ յիշեցի հայ մեծանուն բանաստեղծներէն Աւետիք Իսահակեանի խօսքերը. «Հայաստանում երկու սերունդ է աճում՝ կողք կողքի: Մէկը՝ ազգամերժ, կոսմոպոլիտ, լեւանդին, անիդեալ, ձուլուող, ազգուրաց, մայրենի լեզուն արհամարհող, կարիերիստ: Միւսը սերունդը՝ թանձր, թունդ հայրենասէր, հայրական օջախներին կառչած, գրաբարեան: Մի օր այս սերունդները՝ հայերը եւ այլասերուածները, իրար փոր պիտի թափեն»:

Այդ օրը եկած է: Առաջին այցը չէ: Թերեւս Աւետիք Իսահակեանէն առաջ ու սկսեալ բազմիցս եկած ու անցած: Այսօր կը կրկնուի այդ օրը՝ իմ զոյգ աչքերուն առջեւ՝ առաջին անգամ:

Քանի մը մեթր անդին հայը հայուն կը ծեծէ, կը խեղդէ, իսկ այստեղ՝ դաւաճանի, հայոց նեռի ողորմելի գոյութիւնը պահելու համար բազմաշերտ պատ կազմած հայ ոստիկանները՝ հանգիստ, սառնասրտօրէն կը դիտեն: Իմ աչքերը անկարող եղան երկար դիտելու այդ զարհուրելի տեսարանը: Ուղեղս մթագնեց, անկոչ հիւրի պէս անսպասելի այցի եկած բարկութիւնն ալ իր հետ բերաւ հուժկու գլխացաւ մը: Այլեւս անկարող էի լռել՝ պոռթկացի.

-Դուք ի՞նչ է, չէք տեսներ, որ այնտեղ մարդիկ զիրար կը սպաննեն: Ինչո՞ւ ձեր տեղերէն չէք շարժիր,- դառնալով դէպի կարմիր պարէտաւորները սաստեցի զանոնք:

-Ո՞վ ըսաւ, թէ զիրար կը սպաննեն: Պարզապէս կը խաղան,- սառնասրտութեամբ պատասխանեց կարմիր պարէտաւորներէն մին:

Շուարեցայ վերջինիս պատասխանէն: Իրավիճակը կը շարունակէր լարուիլ: Վայրկեաններ անց լսուեցաւ ուժեղ պայթիւնի մը ձայնը. յատուկ պատրաստութիւն տեսած ոստիկանի մը կողմէ արձակուեցաւ առաջին լուսաձայնային նռնակը, որուն յաջորդեցին երկրորդը, երրորդը... Կը պնդեն, թէ առաջին լուսաձայնային նռնակը ինկաւ կառավարական ամարանոցներու դարպասին դիմաց բազմաշերտ պատ կազմած ոստիկաններու միջեւ: Իսկ յաջորդիւ քանի մը հատը ինկաւ ամարանոցի տարածքին մէջ: Ես նոյնպէս տեսայ: Պահ մը ինծի այնպէս թուացաւ, թէ մերոնք կը կրակեն: Ժամեր անց հասկցայ, որ կրակողը ոստիկաններն էին: Վերնախաւի անօրէն ցուցմամբ՝ ոստիկանները լուսաձայնային նռնակներ կը նետէին խաղաղ ցուցարարներու ուղղութեամբ: Սակայն իրենց իսկ արձակած առաջին նռնակը ինկաւ իրենց՝ ոստիկաններու միջեւ: Բազմաթիւ ոստիկաններ վիրաւորուեցան ստանալով բեկորային վնասուածքներ: Ցուցարարներէն ալ շատեր ստացան բեկորային վնասուածքներ, նոյնիսկ երեխաներ: Իսկ կիզակէտին «հայ» ոստիկանը կը շարունակէր դաժանաբար ծեծել ու բիրտ ուժ գործադրել ցուցարարներու նկատմամբ: Ոչ մէկը վախցաւ անոնց անօրէն ու ապազգային քայլերէն: Նպատակը վախի մթնոլորտ ստեղծելն էր, ցուցարարներու շարքերը նօսրացնելը: Սակայն ամէն անգամ նմանատիպ անմարդկային քայլերու դիմելէ վերջ, իրենք ալ կը նշմարեն, որ մարդոց թիւը պակսելու փոխարէն՝ կը բազմանայ:

Հրթիռի պէս սուլացող առաջին լուսաձայնային նռնակի արձակումէն անմիջապէս վերջ, ես զարհուրած դարձայ դէպի ոստիկանական բազմաշերտ պատը եւ պոռացի.

-Ոստիկանը այլազգի է:

-Ոստիկանը այլազգի չէ,- զարհուրած, զայրոյթէն այլայլած ինձ վրայ փորձեց յարձակիլ կարմիր  պարէտաւորներէն մին: Անոր գործընկերները հազիւ զայն զսպեցին: Եթէ ձգէին, զիս տեղւոյն վրայ պիտի յօշոտէր, ուտէր: Նոյնիսկ այն փաստը, որ իմ գիրկի մէջ կար ամսական երեխայ, ինքզինք կարգի չհրաւիրեց: Զայրոյթէն այնքան շառագունած էր, որ աչքին առջեւը չէր տեսներ: Մէկ ուրիշն ալ զիս նախատեց.

-Գիրկդ երեխայ կայ, խօսքերուդ ուշադրութիւն ըրէ՛:

Այդ օր մեծ հիասթափութիւն ապրեցայ: Իմ զոյգ աչքերով տեսայ մինչ այդ իմ ականջներուն հասած ոստիկանական յատուկ բաժանմունքի՝ կարմիր պարէտաւորներու անմարդկային ու բիրտ վերաբերմունքը: Ոստիկանը, որ ինծի համար միշտ բարի կերպար էր ու մեր պաշտպանը՝ պարզապէս փլաւ իմ մտքին մէջ:

Աւելի քան յիսուն խաղաղ ցուցարարներ փոխադրուեցան հիւանդանոց: Շատեր ստացան տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ: Կը յիշէք, գրեթէ տարի մը առաջ Նիկոլ Փաշինեան մուրճ ի ձեռին կը պոռար. «Բոլորը պիտի փռեմ ասֆալտին»: Այժմ ոստիկանի ձեռամբ կը կատարէ իր խոստումը: Իսկ ոստիկանը իր դաժան վերաբերմունքի դիմաց իշխանութեան կողմէ կ՚արժանանայ խոշոր պարգեւավճարներու:

Քանի մը լուսաձայնային նռնակ արձակուելէ վերջ ես փորձեցի հեռանալ ամբոխէն: Զաւէն շատ վախցած էր՝ կու լար: Բոլոր երեխաները կու լային: Տղամարդ մը մօտեցաւ մեզի եւ յորդորեց շտապ հեռանալ: Այդպէս ալ վարուեցանք:

Այդ ընթացքին իմ հեռաձայնը քանի մը անգամ հնչեր է. Արին էր: Ան ուղիղ եթերով կը հետեւէր, թէ ինչ տեղի կ՚ունենար ու կը փորձէր կապնուիլ ինծի հետ: Սակայն ես այդ խառնաշփոթ իրավիճակի մէջ չիմացայ հեռաձայնի հնչիւնը, որու հետեւանքով ալ Արին շատ մտահոգուած էր։

Մեր պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ միասին գացինք ճաշարան ընթրելու, թէպէտ սուր գլխացաւն ու անկումային տրամադրութիւնը վաղուց գոցեցին իմ ախորժակը: Ճանապարհին ես Արիին կը պատմէի, թէ ինչերու ականատես եղանք:

Դանիէլի մանկասայլակը «Դիմադրութիւն» շարժումի առաջին օրերէն սկսեալ զարդարած եմ Հայաստանի ու Արցախի դրօշակներով: Այս երկու դրօշակներուն՝ մասնաւորապէս Արցախի դրօշին, նիկոլականները կը վերաբերին թշնամաբար. կը պոկեն, կը պատռեն: Այս երկու դրօշակները զանոնք կը խենթացնեն, հունէ դուրս կը բերեն:

Նախապէս ճաշարանը լեցուն էր ռուս յաճախորդներով: Անոնցմէ մին ունէր երկու-երեք տարեկան հրեշտակային կերպարանքով, շատ գեղեցիկ աղջնակ մը, որու հետ Զաւէնը բաւական խաղաց: Ապա մենք անոնց նուիրեցինք Հայաստանի դրօշակներէն մին. թող քովերնին գտնուի, թող ռուսերն ալ ծածանեն մեր դրօշակը:

Սեղանները կը դատարկուէին: Ռուսերը կ՚երթային իրենց սեղանները զիջելով տեղացիներուն: Գինովցած, գինիի բաժակները իրենց ձեռքին, բաւական երջանիկ ու անհոգ, իրենց երեսուներկու ատամները ի ցոյց դրած չորս հոգի եկան՝ երկու կին, երկու տղամարդ: Ներս մտնելուն պէս անոնցմէ մին ըսաւ.

-Այստեղ պէտք չէ նստիլ: Աւելի լաւ է ներսի սրահին մէջ տեղաւորուինք, ու յառաջացան:

Սակայն ներսը ազատ սեղան չգտնելով եկան ու տեղաւորուեցան մեր հանդիպակաց սեղանը.

-Ասոնք հաստատ նիկոլական են,- վստահ յայտարարեցի ես:

-Ի՞նչ գիտես,- հարցուց Արին:

-Որովհետեւ այստեղ չուզեցին նստիլ:

Եկան, նստան եւ սկսան անդադար խնդալ, զուարճանալ, ուրախանալ: Կարծես անհոգ երկրի մը անհոգ ու կենսուրախ քաղաքացիներ ըլլային: Խօսակցութեան ընթացքին սկսան ծաղրել «Դիմադրութիւն» շարժումն ու անոր մասնակիցները: Վերջիններս՝ այսինքն մեզ կ՚անուանէին փիցցայակեր: Կը պնդէին, թէ շարժումի մասնակիցներուն դրամ կու տան: Մէկ խօսքով՝ կը փորձէին սադրել մեզ: Սակայն մենք շատ հանգիստ էինք եւ բնաւ ուշադրութիւն չէինք դարձներ անոնց զառանցանքներուն: Դանիէլի դրօշակներով զարդարուած մանկասայլակն է, որ անհանգստութիւն պատճառեց անոնց գինովցած ու մոլորեալ հոգիներուն: Այլեւս աւելի շատ կը փորձէին իրենց դատարկաբանութիւններով ցաւեցնել մեզ: Որոշեցինք վայրկեան առաջ լքել ճաշարանը: Հաշիւը վճարեցինք ու կը պատրաստուէինք հեռանալ: Կօշիկները կը հագնէր Զաւէնը, որ սովորութեան համաձայն հանած էր:

Գրեթէ հինգամեայ փոքրիկս կօշիկները հագնելու ընթացքին սկսաւ վանկարկելու. «Նի-կոլ, ա-պուշ: Նի-կոլ, ա-պուշ»: Երեխայ Զաւէնին ըսած էի, որ Նիկոլը ապուշ է, Զաւէն այդ օրուընէ ի վեր թէ՛ Նիկոլ դաւաճան կը վանկարկէ, թէ՛ Նիկոլ ապուշ:

Ճաշարանի մէջ տրամադրութիւնները փոխուեցան: Քահ-Քահ ծիծաղները վայրկենապէս ի չիք եղան: Մոլորեալ զանգուածի դէմքը այլայլեցաւ: Սկսան անհանգիստ շարժումներ ընել.

-Տեսէք, տեսէք՝ մի մատ երեխային ինչեր կը սորվեցնեն: Երեխային մեղք է: Ինչո՞ւ կը պղտորէք անոր հոգին: Նիկոլը դաւաճան չէ: Նի-կոլ, վար-չա-պետ,- ըսաւ ու սկսաւ վանկարկել:

-Ինչ որ պէտք է, ան ալ կը սորվեցնենք,- պատասխանեց Արին ու շարունակեց,- թող երեխան ճանչնայ որուն ինչ ըլլալը:

Ասոնք կորսնցուցին իրենց ինքնատիրապետումը եւ սկսան բարբաջել: Մամաս ալ անոնց պատասխանեց: Հաւանաբար հասկցան, որ արցախցի ենք, անոնցմէ մին ըսաւ.

-Գացէ՛ք, ձեր երկրի մէջ պայքար մղեցէք:

-Մենք մեր երկրի մէջ ենք: Հայաստանն ու Արցախը մեր երկիրն է, մեր հողն է: Մենք ալ մեր հողի մէջ կը պայքարինք,- պատասխանեցի ես եւ դուրս ելանք:

Այսպիսով Զաւէնիկը իր մէկ բառով յաղթեց նիկոլականներուն: Ի սպառ փճացնելով անոնց բարձր տրամադրութիւնը: Հնգամեայ երեխայի մը պատասխանը անոնց համար պաղ ցնցուղի պէս էր: Առհասարակ Զաւէնը, երբ ոստիկան մը տեսնէ, միշտ կը պոռայ. «Նի-կոլ, դա-ւա-ճան»: Ոստիկաններու մեծ մասը կը ժպտան: Սակայն այս արտայայտութիւնը նիկոլականի մը համար թոյնէն ալ գէշ է:

Փողոց մը վերեւ իրենց հայրենակիցները կը ծեծէին, կը ջարդէին, անոնք փողոց մը վար կը մասնակցին գինիի փառատօնին ու կը հրճուին: Քիչ մնաց երջանկութենէն խենթանային, Զաւէնի ապտակը սթափեցուց զանոնք:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2022