Կիւմրիի Մէջ Փառատօն
Կիւմրիի «Հոկտեմբեր» շարժանկար-թատերասրահին մէջ Յուլիսի 7-ին սկսաւ «Մենք ենք, մեր ֆիլմերը» փառատօնը: Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, «The Name Production»ի կողմէ արդէն երկրորդ տարին իրականացուող փառատօնը նպատակ ունի հանրութեան ներկայացնելու վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ ստեղծուած ժապաւէնները:
Բոլոր ցուցադրութիւններուն մուտքը ազատ է: Փառատօնի մեկնարկը ազդարարուած է Լուսինէ Սար-գըսեանի «Շքամուտք» ֆիլմով:
Փառատօնը պիտի տեւէ չորս օր: «Հոկտեմբեր» շարժանկար-թատերասրահին զուգահեռ, փառատօնի ծիրէն ներս, դիտումներ ու քննարկումներ պիտի կազմակերպուին նաեւ Nancy սրճարանին մէջ: Փառատօնի կազմակերիչներէն Նռանէ Գրիգորեանի տեղեկութիւններով՝ ֆիլմերը հայկական արտադրութիւն ունին՝ նկարահանուած վերջին երեք-չորս տարիներուն ընթացքին: Ի տարբերութիւն շատ փառատօններու, այս փառատօնը նպատակ ունի աշխուժացնելու մշակութային կեանքը մարզերու մէջ, այդ է պատճառը, որ անիկա դեռ Երեւանի մէջ չէ իրականացած, այլ՝ մարզերու։ Անցեալ տարի փառատօնը իրականացած էր Ստեփանաւանի մէջ: