ԱՆՈՒՆԴ ՀԱՅԿԱԿԱ՞Ն Է
Երբեւէ խորհա՞ծ էք, թէ ինչ ծագումնաբանութիւն եւ նշանակութիւն ունի ձեր անունը:
Մանուկ հասակիս բնաւ չէի սիրեր իմ անունը: Միջոց մը նոյնիսկ կը նողկայի: Ինքզինքս համոզած էի, թէ երբ մեծնամ, իսկոյն եւեթ պիտի փոխեմ անունս: Կը զմայլէի Գայիանէ եւ Նունէ, Նունիկ անուններուն: Ասոնցմէ մին ալ պէտք է ընտրէի տասնութ տարիքս լրացնելէ վերջ:
Սակայն տասնութս չբոլորած սկսայ սիրել իմ անունը՝ Արեւ, Արեգակ, Արեգ, Արփի, Արփիար, Արեւակն... Չէ որ իմ անունը իր մէջ կը կրէ անսահման ջերմութիւն եւ լոյս: Փոխաբերական իմաստով այն կը նշանակէ՝ կեանք, ուրախութիւն, երջանկութիւն, տենչալի էակ եւ վերջապէս՝ աստուածութիւն:
Ես Արեւ չեմ, ես Արեւիկ եմ՝ փոքրիկ ու փխրուն արեւաշող մը։ Մեր տան արեւն եմ ու ջերմութիւնը: Ի բախտաւորութիւն մեր մեծ ընտանիքի, մեր օճախին մէջ կայ երկու արեգակ՝ Արեգ ու Արեւիկ: Երբ երկուքս կը մէկտեղուինք, միջավայրը կը թէժանայ...
Իմ անուան բուն հայկական ծագումնաբանութիւնը զիս ա՛լ աւելի կը հիացնէ: Ամէն անգամ, նոր ծանօթութիւններու ժամանակ մեծ գորովանքով կը ներկայանամ. հպարտութեամբ կ՚արտասանեմ՝ Արեւիկ:
Իմ ամբողջ կեանքի հոլովոյթին գրեթէ վստահ էի, թէ իմ սիրասուն մեծ հօր, այժմ նաեւ իմ որդիի անունը, զոր կնքած եմ վերջինիս պատուին՝ Զաւէնը բուն հայկական է: Սակայն վերջերս պարզած եմ, թէ Զաւէն անունը ունի պարսկական ծագում եւ կը նշանակէ՝ օգնող, օգնական: Իսկ Արի անունը, որ մեծ տարածում գտած է պոլսահայ շըր-ջանակներէն ներս, բուն հայկական է եւ կը նշանակէ՝ քաջ, աներկիւղ, դիմացկուն: Մինչդեռ սա գեղեցիկ անունը անծանօթ է Հայաստան աշխարհին, քանզի Հայաստանի մէջ «արի» բառը կը գործածուի որպէս յորդորական բառիկ: Զոր օրինակ՝ արի՛ գնանք - եկո՛ւր երթանք: Այդ իսկ պատճառաւ, որպէս անուն զայն հայաստանցիներու մօտ կը յառաջացնէ զարմանք կամ ծիծաղ: Պէտք է խոստովանիմ, որ ես նոյնպէս բացառութիւն մը չէի: Երբ առաջին անգամ իմացայ իմ ապագայ ամուսինի անունը, պարզապէս չկրցայ զսպել իմ ծիծաղը...
Այժմ անդրադառնանք բուն հայկական անուններու ծագումնաբանութեան:
Իւրաքանչիւր անուն բառ մըն է, որ ունի իր նշանակութիւնը: Անոնք կը փոխառնուին ու կ՚ընդհանրանան. զոր օրինակ՝ Զաւէն անունը, որ ժամանակին փոխառուելով, հայկականացուած է: Հայկական անձնանունները հիմնականին փոխառուած են պահլաւերէնէ, ասորերէնէ, յունարէնէ, նոյնիսկ՝ ռուսերէնէ...
Իսկ բուն հայկական անուններու առաջին շրջանը կը համընկնի Արշակունեաց ժամանակաշրջանին, առաւել յստակ նախաքրիստոնէական հայութեան: Զոր օրինակ՝ Արձան, Տիրայր, Այրուկ, Աստղիկ, Գիւտ, Թաթիկ, Թաթուլ, Թոռնիկ, Իշխան, Եղբայր, Բազուկ, Առնակ եւ այլն: Սա անունները հայկական են, քանզի կը մեկնուին հայոց լեզուով:
Մեծ անիշխանութեան կէսէն վերջ՝ արաբական տիրապետութեան ու Բագրատունեաց թագաւորութեան ժամանակ չափազանց սակաւաթիւ կը դառնան, իսկ Ռուբինեաց ժամանակ կ՚անհետանան բոլորովին: 19-րդ դարու կէսէն վերջ, երբ սկսաւ հայկական զարթօնքը, բուն հայկական անունները նորէն կենդանացան: Անոնցմէ լաւագոյնները, այսինքն՝ իմաստով գեղեցիկները, դուրս բերուելով պատմութեան էջերէ սկսան գործածուիլ, ոմանք կրօնական, ոմանք ալ աշխարհական շրջանակներու մէջ:
Բաց աստի, գոյութիւն ունին զուտ հայկական՝ կրօնական, ժողովրդական ու ազգային անուններ, որոնցմէ շատեր մինչեւ օրս գործածական են եւ չեն կորսնցուցած իրենց փայլքը:
Կրօնական անուններու գոհարներէն են՝ Համբարձում, Զատիկ, Գալուստ, Մարգար, Խաչատուր, Կարապետ, Մկրտիչ, Աւետիս, Աւագ, Մաքրուհի, Սրբուհի, Տիրուհի եւ այլն...
Ժողովրդական անձնանուններէն են՝ Թուխծամ, Վարդիթեր, Հերիքնազ, Վարդերես, Քնարիկ եւ այլն...
Հայաստան, Արաքսի, Մասիս, Արարատ, Արմենուհի, Հայկուհի, Մարտիկ, Հայկարամ, Աղաւնի, Յասմիկ, Ազնիւ, Ազատուհի Փայլակ եւ այլ անունները հայկական ազգային անուններ են, որոնք հայկական ազգային ինքնագիտակցութեան զարթնումէ վերջ՝ 1880-ականներէ սկսեալ, սկսան գործածուիլ հայերու մէջ:
Իսկ ի՞նչ ծագումնաբանութիւն ունի քու անունը...
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան