ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՓԱՌԱՏՕՆ

Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ եւ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ վաղը կը սկսի Ե­րե­ւա­նի 9-րդ մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նը։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ֆիլ­հար­մո­նիք նուա­գա­խում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 90-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած է այս փա­ռա­տօ­նը, ո­րու ծրագ­րին մէջ նա­խա­տե­սուած է սիմ­ֆո­նիք եւ սե­նե­կա­յին ե­րաժշ­տու­թեան տասնչորս հա­մերգ՝ բազ­մա­թիւ ա­նուա­նի ե­րա­ժիշտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ֆիլ­հար­մո­նիք նուա­գա­խում­բի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար ու խմբա­վար Ե­դուարդ Թոփ­ճեան յայտ­նեց, թէ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը շատ լաւ փա­ռա­տօ­նի մը ա­կա­նա­տե­սը պի­տի ըլ­լան։ Վաղը պի­տի նուա­գէ ռուս ջու­թա­հա­կար Վա­տիմ Ռե­փին։ Մաս­նա­կից­նե­րու ցու­ցա­կին վրայ ընդգր­կուած ա­նուն­նե­րուն իւ­րա­քան­չիւ­րը հե­ղի­նա­կու­թիւն մը, ան-կըրկ­նե­լի հան­ճար մը կը հա­մա­րուի ե­րաժշ­տա­կան կա­լուա­ծէն ներս, իր կտրուած­քով։ Եդուարդ Թոփ­ճեան այս ամ­բող­ջին մէջ ա­ռանձ­նա­ցուց նաեւ աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն դաշնա­կա­հար­նե­րէն Լէյֆ Ու­վէ-Անտս­նե­սի ա­նու­նը։ Նոյն­պէս յայտ­նի դաշ­նակա­հար մը՝ Պա­րի Տուկ­լաս եւս Ե­րե­ւա­նի մէջ այս փա­ռա­տօ­նին շրջագ­ծով պի­տի ներ­կա­յա­նայ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն։ Մե­ծա­նուն ջու­թա­կա­հար Ա­քի­քօ Սու­վան­քայ եւ յայտ­նի թաւ­ջու­թա­կա­հար Զա­վիէ Ֆի­լի­փոս եւս կը գտնուին Ե­րե­ւան ժա­մա­նե­լիք ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու շար­քին։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ֆիլ­հար­մո­նիք նուա­գա­խում­բի 90-րդ յո­բե­լեա­նին՝ Ե­դուարդ Թոփ­ճեան նշեց, թէ նա­խա­տե­սուած են մեծ հա­մերգ­ներ։

Այս փա­ռա­տօ­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար­ներն են Ե­դուարդ Թոփ­ճեան եւ Ա­լեք­սանտր Չաու­շեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015