Հա­լէ­պի ո­նարհ­նե­րէն. Պա­րոն Ժա­մա­գոր­ծեան, Հայ Թատ­րոն Եւ Ու­րիշ Շատ Բա­ներ

Չեմ փոր­ձեր յու­շագ­րու­թեան մը ճան­կե­րուն մէջ իյ­նալ, ո­րով­հե­տեւ մար­դիկ պի­տի կար­ծեն, որ ես իս­կա­պէս ծե­րա­ցած եմ եւ սկսած եմ մէկ առ մէկ յու­շերս գրի առ­նել: Պէտք է գիտ­նալ, որ ան­ցեա­լը մար­դուն ան­բա­ժան մաս­նիկն է: Ան­ցեալ մը ու­նե­նա­լը կը նշա­նա­կէ, թէ ապ­րուած կեանք մը կայ:

 Բայց ինչ որ ալ ը­սուի, լաւ բան է յի­շե­լը եւ ծե­րու­թեան հետ ոչ մէկ ա­տաղձ կամ կապ ու­նի: Հա­ւա­տա­ցէ՛ք: Եւ ո­րով­հե­տեւ ժա­մա­նա­կի վազ­քը մեզ գրե­թէ  զրկած է ոչ միայն մեր շուր­ջը տի­րող զանա­զան ե­րե­ւոյթ­նե­րէն, այլ նաեւ՝ շրջա­պա­տէն ներս տե­ղի ու­նե­ցող ան­գոյն կամ գու­նա­ւոր ան­ցու­դար­ձե­րէն, ուս­տի ստի­պուած յա­ճախ մեր մտե­րիմ­նե­րուն հետ հե­ռուէն կը խօ­սինք, կը ծա­նօ­թա­նանք, կը բաժ­նենք մեր ու­րա­խու­թիւնն ու տխրու­թիւ­նը, նաեւ կը յի­շենք հի­նը, բա­րին, լաւն ու օ­րի­նա­կե­լին ու վեր­ջին ան­պայ­ման ե­րա­նի մը կու տանք:

Անձ­նա­պէս կը հա­ւա­տամ, որ մարդ իր ա­ռանձ­նու­թեան մէջ մի­նա­կը ա­ւե­լի լաւ կը խոր­հի, կը յու­զուի, կը վեր­լու­ծէ, ինքն ի­րեն կը կի­սէ իր ու­րա­խու­թիւնն ու տխրու­թիւ­նը եւ կամ իր սպա­սում­նե­րը, քան՝ ու­րիշ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան: Ո­րով­հե­տեւ կը կար­ծեմ, որ այդ պա­հուն ան իր ժա­մա­նա­կը ո­րոշ եւ լուրջ չա­փա­նիշ­նե­րով ի­մաս­տա­ւո­րե­լու եւ դրոշ­մուած ապ­րում­նե­րով լեց­նե­լու ա­ռի­թը կ՚ու­նե­նայ: Փոր­ձած եմ:

Իմ կար­գիս, նոյն մթնո­լոր­տէն թե­լադրուած, այս­պէս նստած գրա­սե­ղա­նիս դի­մաց, ապ­րում­ներս ժող­ված մի­ջո­ցիս, կրկին ու կրկին ան­գամ­ներ կը յի­շեմ եւ ա­ռա­ջին հեր­թին իսկ ծննդա­վայրս՝ Հա­լէ­պը: Ու մտո­վի կ՚ը­սեմ՝ ծա­ռը իր ար­մատն է, որ  կը փնտռէ:

Հա­լէպ, կ՚ը­սեմ, դուն տա­կա­ւին կանգ­նած ես ան­յայ­տի ու ա­նո­րո­շու­թեան մէջ, վա­խի ու սար­սա­փի մթնո­լոր­տէն շնչա­հեղձ պա­ռա­ւի մը նման: Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ կի­սա­ւե­րակ դար­ձած ես, բայց լե­ցուն է կրկին ապ­րե­լու կամքդ: Հոն թէեւ դէպ­քե­րը կը վա­զեն ճա­կա­տագ­րիդ ե­տե­ւէն, բայց ինչ որ ըլ­լայ իր վի­ճակդ, ին­ծի հա­մար դուն բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն մըն ես՝ ե­կե­ղե­ցի­նե­րովդ, ա­կում­բովդ, դպրոց­նե­րովդ, Ճե­մա­րա­նովդ ու նաեւ օ­րուան հին ղե­կա­վար­նե­րովդ: Ա­նոր հա­մար միշտ կը փնտռեմ քեզ, դէմ­քերդ ու դէպ­քերդ, որոնք պա­հուե­ցան ճա­կա­տագ­րին տակ, եւ ո­րոնք ին­ծի հա­մար պատ­մու­թեան է­ջե­րուն մէջ չմնա­ցին, ու պատ­մու­թիւն չդար­ձան, այլ պատ­մու­թիւն կեր­տե­ցին, սե­րունդ­ներ ուղ­ղա­կի եւ ա­նուղ­ղա­կի դաս­տիա­րա­կե­ցին, յատ­կա­պէս՝ այդ հին ու պատ­մա­կան ա­կում­բէն ներս, «կա­մա­ւոր բա­նակ»ներ պատ­րաս­տե­ցին այ­սօրուան ա­զատ հայ­րե­նի­քին հա­մար: Օրհ­նուա՛ծ փա­ղանգ:

Այս ե­զա­կի եւ սա­կայն միշտ իբ­րեւ մնա­յուն պեր­ճա­խօս վկա­յու­թիւն ու­նե­ցող փա­ղան­գին նկատ­մամբ ժլատ ե­ղած ենք: Չեմ գի­տեր՝ ին­չո՞ւ: Ի՞նչ բա­նի կը սպա­սէինք: Ու յան­կարծ ա­ռանձ­նու­թեանս մէջ կը յի­շեմ մէ­կը ա­նոնց­մէ, որ այդ փա­ղան­գին մաս կազ­մած էր խո­նար­հա­բար: Այդ «մար­դը» մա­լա­թիա­ցի Պա­րոն Ա­ւե­տիս ժա­մա­գոր­ծեանն էր, մեր ա­կում­բի «մե­ծե­րէն» մէ­կը: Այդ օ­րե­րու իմ շատ վաղ պա­տե­նու­թեանս տա­րի­նե­րուն կը կար­ծէի, որ ինք մեր ա­կում­բին «հայ­րիկն» էր: Ա­մէն ան­գամ զինք հոն կը տես­նէի: Իր աշ­խա­տան­քէն ետք կը վա­զէր այս հա­յա­հոծ կեդ­րո­նը ու իր ժա­մե­րը կը տրա­մադ­րէր ա­նոր կա­րիք­նե­րուն՝ ան­սա­կարկ եւ օ­րի­նա­կե­լի: Կա՛մ ա­թոռ մը կը նո­րո­գէր եւ կա՛մ ա­սոր-ա­նոր թե­լադ­րանք մը կ՚ը­նէր: Մէկ խօս­քով, այդ չոր ու ցա­մաք ա­կում­բին վրայ կը դո­ղար, կը գուր­գու­րար իր հա­րա­զատ տան պէս: Ան­կո՛չ պաշ­տօն: Վստա­հե­լի կա­մա­ւոր մը: Եւ ա­ւե­լի՛ն, տա­կա­ւին մեր քա­ղա­քի «տխուր» եւ կամ «հա­լա­ծան­քի» օ­րե­րուն, երբ ա­մէն մարդ ինք­զինք հե­ռու պա­հած էր մեր ա­կում­բէն, ինք հոն էր, ա­կում­բի «հայ­րի­կին» կող­քին, դրան առ­ջեւ ժպի­տը դէմ­քին, «բան մը չկա­յի» պէս վստա­հու­թիւն ներշն­չե­լով ան­ցորդ­նե­րուն եւ կամ ներ­սը ա­մա­յի ա­կում­բէն ներս նոյն այդ «հայ­րի­կին» հետ նար­տ կը խա­ղար բարձ­րա­ձայն:

Ու ես հի­մա զինք տա­րի­նե­րու հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն լու­սա­ւոր զգա­ցու­մով կը յի­շեմ: Ա­նօ­րի­նակ կա­րօ­տով: Ու այս կա­րօ­տը ու­րիշ է: Ի՛նչ կ՚ու­զէք՝ ը­սէք: Այդ կա­րօ­տը ծննդա­վայ­րէս կու գայ, ան­կէ կը ծնի, ան­կէ է, որ կը հո­սի: Կը զգամ, որ ե­տեւս է ե­րազս, որ իր տէ­րը կը փնտռէ ու կը կար­ծեմ, որ յի­շա­տակ­ներս ե­րա­զի թե­ւեր ա­ռած էին:

Ու այս­պէս բախ­տա­ւոր օր մը, մեր ա­մառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դի օ­րե­րէն մէ­կուն, ա­ւե­լի ճիշդ՝ Հինգ­շաբ­թի ե­րե­կոյ մը, եւ ո­րով­հե­տեւ պէտք էր ա­կում­բի «Քրիս­տա­փոր» գրա­դա­րա­նէն հա­յե­րէն գիրք մը վերց­նէի, դուրս ե­կած պա­հուս «հայ­րիկ» Ժա­մա­գոր­ծեան զիս «բռնեց»: Կար­ծե­ցի սխալ բան մը ը­րած եմ: Յան­ցանք մը գոր­ծած: Թե­թեւ դող մը յան­կարծ ե­րակ­նե­րէս սկսած էր վա­զել:

– Շա­բաթ օր, կէ­սօ­րէ ետք, մա­մա­յիդ կ՛ը­սես, որ ժա­մը ե­րե­քին ա­կումբ պէտք է ըլ­լաս, քե­զի ու ըն­կե­րոջդ պէտք ու­նիմ: Եր­կար պի­տի մնաք, հա՛, չմոռ­նաս,- ը­սաւ մնա­յուն ժպի­տո­վը ու հե­ռա­ցաւ: Ու­րիշ ոչ մէկ բա­ցատ­րու­թիւն: Այս­քա՛ն: Իր ար­տա­սա­նած բա­ռե­րը փա­փուկ կար­պե­տի մը կը նմա­նէին: Դէմ­քին ան­պա­կաս ու պա­ղա­րիւն ժպի­տը մեզ իբ­րեւ քա­ջա­լե­րանք կա­խար­դած ալ էր:

Տե­սա­նե­լի էր, որ ա­կում­բին մէկ բա­ժի­նը բեմ կը շի­նուէր: Լսած էի, որ մեծ տղա­քը «դեր» պի­տի խա­ղա­յին: Պո­լի­սէն Հա­լէպ ե­կած էր նոր դե­րա­սա­նա­պետ մը՝ Ար­փիար Վար­դեան ա­նու­նով որ ոչ միայն ա­կում­բին, այ­լեւ ամ­բողջ գա­ղու­թին մէջ նոր խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծած էր: Այդ օ­րե­րուն էր, որ Հա­լէ­պի մէջ հայ կե­նա­քը պար­տէ­զի վե­րա­ծուած էր: Ծաղ­կուն եւ յու­սա­լի: Խա­ղաղ եւ ար­դիւ­նա­ւէտ: Ա­հա թէ ին­չո՛ւ գի­շե­րուան մին­չեւ ուշ ժա­մե­րուն ա­կում­բը «բաց» էր, իսկ ա­նոր փինկ- փոն­կի սե­նեա­կէն ներս թա­տե­րա­կան փոր­ձեր կը կա­տա­րուէին: Պո­ռալ, բար­կա­նալ եւ այլն:

Ծնող­քէս ա­կումբ գա­լու եւ հոն եր­կար մնա­լու ար­տօ­նու­թիւնս դիւ­րու­թեամբ ստա­ցայ: Տա­րի­ներ վերջ միայն հասկ­ցայ այս ար­տօ­նա­գի­րը ձեռք ձգե­լուս պատ­ճա­ռը:

Ես ու ըն­կերս ո­րո­շուած ժա­մուն հոն էինք: Պա­րոն Ա­ւե­տի­սը՝ այդ «մեծ» մար­դը, տա­փա­տը վեր ծա­լած, ա­կում­բը ջրե­լով, լուա­լով զբա­ղուած էր:

– Հի­մա սկսինք ա­թոռ­ներ շա­րել,- ը­սաւ հան­դի­սա­ւոր ձե­ւով: Հա­լէ­պի մա­նա­ւանդ

յետ­մի­ջօ­րէի տա­քը ար­դէն շու­տով կը չորց­նէր ա­մէն բան: Ճի՛շդ գի­շեր­նե­րուն հա­կա­ռա­կը:

Նաեւ մե­զի թե­լադ­րեց, որ մենք եր­կու­քով ի­րեն օգ­նենք ա­թոռ­նե­րը շա­րե­լու աշ­խա­տան­քին մէջ, ո­րով­հե­տեւ ա­կում­բը «թա­տե­րաս­րա­հի պի­տի վե­րա­ծուէր», վեր­ջա­պէս բա­ցատ­րեց եւ ա­ւել­ցուց, որ ե­թէ մենք կար­գով ու կա­նո­նով եւ հնա­զանդ ի­րեն օգ­նէինք, ինք շա­բա­թը ե­րեք օր մե­զի պի­տի ար­տօ­նէր նստե­լու ճիշդ նոր սար­քուած բե­մի դի­մաց գտնուող «Քրիս­տա­փոր» գրա­դա­րա­նի պա­տու­հա­նին մէջ՝ ձրիօ­րէն դի­տե­լու ներ­կա­յա­ցուած կա­տա­կեր­գու­թիւն­նե­րը:

Շա­րե­ցինք: Մե­զի հա­մար ա­մէն պահ խրախ­ճանք էր: Ծի­ծաղ: Խնդուք: Հա­ճոյք:

Ու այս աշ­խա­տան­քը կրկնե­ցինք ամ­բողջ ամ­րան եր­կայն­քին եւ նոյ­նիսկ յա­ջոր­դող եր­կու տա­րի­նե­րու դպրո­ցա­կան մեր ար­ձա­կուրդ­նե­րուն:

Նուի­րեալ­նե­րուն սե­րուն­դին կը պատ­կա­նէր մա­լա­թիա­ցի Ժա­մա­գոր­ծեա­նը: Ան­կաս­կա՛ծ: Եւ մենք միշտ սի­րե­ցինք զինք եւ տա­րի­ներ վերջ նոյ­նիսկ դար­ձանք ի­րա­րու մտե­րիմ­ներ: Մէկ խօս­քով՝ խօ­սա­կից­ներ: Մեր յար­գան­քին խառ­նե­ցինք պատ­կա­ռանքն ալ: Ա­հա թէ ո՛վ էր ինք: Պար­կեշ­տու­թիւն, զո­հա­բե­րում, նուի­րում, ան­կեղ­ծու­թիւն, հա­մես­տու­թիւն կար իր մէջ եւ իր նման մեր բո­լոր մե­ծե­րուն մէջ: Նման շա­ղախ­նե­րով լե­ցուն մթնո­լոր­տին մէջ հա­սակ ա­ռինք: Այս բո­լո­րը նոր ի­մաստ տուին մեր կեան­քին:

«Ա­թոռ շա­րել»՝ եր­կար կը ծի­ծա­ղէին յա­ճախ թա­ղի ըն­կեր­ներս, ո­րոնց ա­մառ­նա­յին խա­ղա­ցան­կէն ար­դէն սրբուած էի: Մի՛շտ բա­ցա­կա­յած: Բայց յե­տոյ կա­մաց կա­մաց այդ շա­րելն էր, որ զիս դէ­պի թատ­րոն տա­րաւ: Ա­ռաջ­նոր­դեց: Ու ես անզ­գա­լա­բար սի­րե­ցի բե­մը: Հա՛յ բե­մը: Մէջս ծնաւ հե­տաքրք­րու­թիւնն ու սէ­րը ա­նոր հան­դէպ, ու քա­ղա­քի այդ հին ա­կում­բը ինք­նա­բե­րա­բար դար­ձաւ կեան­քիս միւս  դպրո­ցը:

Հա­րա­զատ խոս­տո­վա­նու­թիւն մըն է այս մէ­կը: Ո­րոշ եւ լուրջ չա­փա­նիշ­նե­րով ի­մաս­տա­ւո­րե­լու օ­րի­նա­կե­լի կերպ: Ա­հա թէ ին­չո՛ւ յան­կարծ մեր կեան­քի կարգ մը եւ կամ շարք մը ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կամ հան­դի­պած հե­տաքր­քիր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ա­կա­մայ վե­րար­ժե­ւո­րում կը կա­տա­րենք տա­րի­նե­րու հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն:

Պա­րոն Ա­ւե­տիս Ժա­մա­գոր­ծեան կը պար­տիմ թատ­րո­նի հան­դէպ իմ մեծ սէրս: Ա­նուղ­ղա­կի մղիչ ուժ: Քա­ջա­լե­րա՛նք: Ճա­կա­տագ­րի մէկ դի­պուած: Ի՛նչ կ՛ու­զէք՝ ը­սէք: Պա­տա­հա­կան եւ ե­րախ­տա­պար­տօ­րէն պատ­մա­կան:

Ինքն էր, որ կեան­քիս հա­մար նոր դաշ­տան­կար մը գծած էր՝ անզ­գա­լա­բար:

ԳԷՈՐԳ ՊԵ­ՏԻ­ԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015