ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԻԱ
Հայալեզու կրթական ծրագիր մը վերջերս դասուեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Անգլիոյ յառաջատար ծրագրերու շարքին։ Այսպէս, «Այբ» հիմնադրամի կողմէ մշակուած ու Հայաստանի Կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագրի (ԿԳԱԾ) շրջանակներէն ներս լրամշակուած «Արարատեան պաքալորիա» (ԱՊ) հայալեզու կրթական ծրագիրը հասաւարազօր ճանչցուեցաւ միջազգային յառաջատար կրթական ծրագրերու. ինչպէս՝ անգլիական Քէյմպրիճի խորացուած մակարդակներուն եւ ամերիկեան Advanced Placement-ի։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ Երեւանի «Այբ» դպրոցին մէջ սարքուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ատենախօսներն էին Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, ԿԳԱԾ-ի տնօրէն Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Արամեան եւ «Այբ» դպրոցի տնօրէն Արամ Փախչանեան։ Ատենախօսները ամփոփեցին «Արարատեան պաքալորիա»ի կարեւորագոյն ձեռքբերումները։ Այսպէս, Հայաստանէ ներս ԱՊ ճանաչում գտած է որպէս այլընտրանքային ծրագիր։ Բաց աստի, ԱՊ-ի առաջին՝ միջազգայնօրէն վաւերական քննութիւններու հաւասարագրերը արդէն յանձնուած են։ Սա կը նշանակէ, որ այսուհետեւ Հայաստան պիտի ունենայ իր ուրոյն տեղը համաշխարհային կրթական քարտէսին վրայ եւ հայ երախաները հնարաւորութիւն պիտի ունենան իրենց հարազատ դպրոցին մէջ մայրենի լեզուով ստանալու մրցունակ կրթութիւն, որու որակը ճանչցուած է աշխարհի լաւագոյն համալսարաններուն կողմէ։
Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Արամեան նշեց, որ յետ այսու հայ աշակերտները պիտի կարենան հայերէնով յանձնել միջազգային քննութիւններ եւ այդ քննութիւններու արդիւնքներու հիման վրայ ընդունուիլ աշխարհի լաւագոյն համալսարանները։