Երեւանի Մէջ Նոր Գարախանութ Մը Բացուեցաւ
Երեւանի մէջ վերջերս բացուեցաւ նոր գրախանութ մը, որ վերամուտի ներկայ շրջանին փոքրիկ այցելուներու ժամադրավայրը կը հանդիսանայ։ Մայրաքաղաքի Իսահակեան-Նալպանտեան փողոցներու խաչմերուկին գտնուող գետնանցումի 7-րդ տաղաւարէն ներս բացուած է այս նոր գրախանութը, ուր բազմաբնոյթ գիրքեր կը ներկայացուին այցելուներուն։
Գրախանութի տնօրէն Աշոտ Գաբրիէլեան «Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրուցելու ընթացքին յայտնած է, որ ինք վաղուց ունեցած է նոր գրախանութ մը բանալու մտադրութիւնը։ Ան իր ժամանակին զգալի մասը կ՚անցընէ գրախանութներու մէջ, ուր ալ տեղի կ՚ունենան իր կարեւորագոյն հանդիպումներն ու զրոյցները։ Ըստ Գաբրիէլեանի, գրախանութը գրականութեան նկատմամբ ծարաւը յագեցնելու վայր մը ըլլալու առընթեր, վայր մըն է նաեւ, ուր կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ հետաքրքրական, կրթուած մարդոց ու պարզապէս հաճոյք ստանալ անոնց հետ շփումէն։ «Փափաքեցայ ստեղծել իմ սեփական անկիւնը, ուր կրնամ հանդիպիլ հետաքրքրական մարդոց հետ, որոնք կրնան մտածել ամենատարբեր ուղղութիւններով։ Այդ մարդոց հետ հանդիպելու, անոնց հետ աւելի շատ շփուելու համար բացի այս գրախանութը», ըսաւ Աշոտ Գաբրիէլեան։
Զրոյցի տեւողութեան ան յատկանշական նկատեց այն փաստը, թէ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին յատկապէս երիտասարդներու մօտ ընթերցասիրութեան նկատմամբ աճը զգալի է։ Սա նոյնպէս նպաստաւոր հանգամանք մը եղած է՝ գրախանութը բանալու որոշման մէջ։ Գաբրիէլեան շեշտեց, որ իրենք ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի մարդոց մօտ բարձրացնեն հետաքրքրութիւնը գիրքի եւ գրականութեան նկատմամբ։
Նոր գրախանութէն ներս կարելի է գտնել զանազան հրատարակչութիւններու կողմէ լոյս ընծայուած, զանազան ոճի, լեզուներու եւ մարդոց զանազան հետաքրքրութիւնները յագեցնելիք զանազան գիրքեր։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024