ՆՈՐ ԷՋ ԲԱՆԱԼԸ ՆԱԽԸՆՏՐԵԼԻ Է, ԲԱՅՑ ԵՐԲԵՄՆ ԳԻՐՔ ՓՈԽԵԼԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ

Հանգրուանէ այլ հանգրուան անցնելու ընթացքին միշտ պարտաւոր ես կա՛մ որոշում կայացնելու, կա՛մ նոր կեանքի մը սկսելու առաջադրանքով՝ տարբեր քայլեր որոնելու ու կեանքդ այլտեղ շարունակելու, եւ կամ «ձեռքերդ լուալ»ով ու հնամաշ զգեստներդ հանելով՝ ձգել միջավայրդ, անշուշտ չմոռնալով նախքան ուղեւորուիլդ «կօշիկիդ փոշին թօթուել», որպէսզի այդ ալ հաշիւ չընեն…։

«Նոր էջ մը բաց», »անցեալդ մոռցիր եւ նոր կեանքի մը սկսէ՛», «մի՛ նեղուիր եւ առջեւդ նայէ» ժողովրդային համանման խրատատուութիւնները վաղ տարիներէն սկսեալ յաճախ կը լսենք մեր պապիկներէն ու մամիկներէն, ինչպէս նաեւ մեր ծնողներէն։ Շարժառիթները, պատուհասները, իրերայաջորդ դէպքերը ընդհանրապէս քեզ կը պարտադրեն ո՛չ միայն վերոբնութագրեալներուն ենթարկուելու, այլեւ անոնց պատճառած հետեւանքները «ճաշակելու» եւ ըստ այդմ կեանքդ դասաւորելու։

«Նոր էջ բանալը նախընտրելի է, բայց երբեմն գիրք փոխելը՝ անհրաժեշտ»։ Գիրքը կեանքի մեծագոյն ուսուցիչդ է, սակայն ի տարբերութիւն այլ ուսուցիչներէ՝ ան «կը գործէ» առանց վարձատրութեան, շնորհակալութեան եւ որեւէ մէկ ակնկալիքի: Ահա այդ ուսուցիչ-գիրքը կաշեպատ «ուղեղ» ունեցող զրուցակից մըն է, որ կեանքի մասին քեզի հարուստ գաղափարներ լեռելեայն կը հաղորդէ։ Երբ այդ ուսուցիչ-գիրքը կը սկսիս թերթատել, ան քեզի հետ իր գաղտնիքները կը կիսուի եւ մարդկային բարդ փոխյարաբերութիւնները ցոյց կու տայ։ Իսկ ընթերցասէրդ վայրկեան մը իսկ չես գգար, թէ ինչպիսի յեղաշրջում մը կը կատարուի քու ներսիդիդ եւ կը սկսիս աշխարհին տարբեր պրիսմակէ նայիլ ու կեանքի երեւոյթները այլ ձեւով դիտարկել։ Կը զգաս, որ ամբողջովին վերափոխուած ու կատարելագործուած ես, այնպէս ինչպէս գիրքը ինք կը պահանջէ՝ իր բարոյական խրատները անուղղակիօրէն քեզի ուղղելով։ Կը թերթես գիրքը եւ քու առջեւդ բազմազան պատմութիւններ կը բացուին։ Գիրքին մէջ խորամուխ ըլլալով՝ անոր ճիշդն ու սխալը կը տեսնես եւ ձեւով մը իր դատաւորը կը դառնաս։ Քեզի կը թուի, որ գիրքի ողջ էութիւնը բացայայտած ես, բայց խորքին մէջ ան թաքնուած բազմաթի՜ւ մտածումներ ունի, որոնք քեզի համար անբացատրելի, անվերծանելի ու անսահման կը մնան: Ֆրանսիս Պէյքըն բնութագրելով գիրքի կարեւորութիւնը՝ կ՚ըսէ. «Գիրքերը մտքերու նաւեր են՝ ժամանակի ալիքներով թափառող եւ իրենց թանկարժէք բեռը սերունդէ սերունդ զգուշութեամբ տեղափոխող»։ Իսկ Թեքերէյ խօսելով գիրքի դերակատարութեան մասին՝ կ՚ըսէ. «Գիրքը հոգին կը լուսաւորէ, մարդը աւելի կ՚ամրապնդէ, անոր մէջ լաւագոյն ձգտումները կ՚արթնցնէ. անոր միտքը կը սրէ եւ սիրտը կը մեղմացնէ»։

«Երբեմն գիրք փոխելը անհրաժեշտ է»։ Այստեղ գիրք փոխելը թեմայի փոփոխութեան եւ կամ այլընտրանքի հետ առընչուած չէ, այլ առակը խորհուրդ կու տայ կեանքի գիրքդ արմատապէս փոխել՝ անոր հեղինակը եւ մակագիրը դուն ինքդ ըլլալով։ Կեանքիդ նոր գիրքը դատարկ եւ սպիտակ կ՚ըլլայ, որուն բովանդակութեան ամէն մէկ տողը կազմուած է սրտիդ տրոփիւնէն, ապրումներէդ, կեանքիդ ելեւէջներէն ու վայրէջքներէն, յաջողութիւններէդ ու ձախորդութիւններէդ, ձեռքբերումներէդ ու կորուստներէդ…։ Կեանքի գիրքդ կրնաս լաւապէս խմբագրել եւ գունազարդել, անշուշտ երբ աւելորդաբանութիւններն ու մանրուքները, մակերեսայնութիւնն ու կեղծիքը կեանքի երկրորդ հանգրուանէդ հեռու կը շպրտես, զորս նախապէս կեանքդ «կրծած էին» եւ ժամանակդ յումպէտս վատնած։ Սակայն գիրք փոխելը այնքան ալ դիւրին չէ, որովհետեւ աննկուն կամք, պայծառատեսութիւն, մաքառում, սրամտութիւն, մտաբացութիւն եւ թափանցիկութիւն կը պահանջէ։

Ընկերային կեանքէն սկսելով, հասնելով մինչեւ մանկապատենական տարիք, դերակատար անձնաւորութիւնը՝ տարեց, չափահաս, պարման-պարմանուհի, պատանեակ անպայմանօրէն իր գանգատները, անախորժ երեւոյթներն ու դէպքերը, թշնամիները կ՚ունենայ, որոնցմէ վայրկեան մը առաջ կ՚ուզէ փախուստ տալ կամ յոռեգոյն պարագային՝ նոյն միջավայրին մէջ չգտնուիլ։ Այսպէս, դպրոցական աշակերտներ կամ համալսարանական երիտասարդ ուսանողներ, երբ իւրաքանչիւրը իր նպատակին հասնելու համար ոգի ի բռին կը տքնի՝ յաճախ իր այդ յաջողակ գնացքին մէջ հակադիր բեւեռի վրայ իր նպատակները խոչընդոտող ու արգելք հանդիսացող «նախանձաբոյն» մրցակից մը կ՚ունենայ։ Մրցակից մը, որ ընդհանրապէս իր ակնապիշ նայուածքով, ծանրաշունչ ներկայութեամբ եւ անհաճոյ խօսակցութեամբ կը ջանայ բովանդակազըր-կել տարուած աշխատանքն ու թերագնահատել անոր իրականացման ի խնդիր դրուած ամբո՛ղջ ջանքերը։ Յաճախ տեսնուած են նոյնիսկ «ուսուցիչներ» ինչպիսի՜ խաւարածին հնարքներով «հարթուած» ճանապարհներէ ուղեւորած են իրենց վստահուած դեռատի պատանիները՝ անոնց ձախողութիւնը եւ անյաջողութիւնը տեսնելու համար, սակայն երբեք չեն յաջողած ու պիտի չյաջողին։ Աչք ունեցողը թող տեսնէ…։

Թէժ մրցակցութեամբ բնորոշուած մերօրեայ հաւաքական կեանքէն ներս կան նաեւ այնպիսի եղկելի մարդիկ, որոնք առհասարակ իրենց չվերաբերող նիւթերով կը հետաքրքրուին ու կը տոչորին, այլոց կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնները մերժելով կը մերժեն՝ անարժէք ու անհիմն նկատելով եւ անկարեւոր դասի մէջ տեղադրելով զանոնք։ Շատ յաճախ խելամիտ մարդոց ճիգերով կենսագործուած հանրօգուտ եւ հեռանկարային նուաճումներն անգամ անհանդուրժելի ու անմարսելի կը նկատուին նմանատիպ յաչաղկոտ անձնաւորութեանց կողմէ։ Երբ չեն կրնար վարագուրել ձեռքբերումներդ, անոնց արձակած թունալից նիզակները երբ կը վրիպին նպատակաուղղուած թիրախէն, ահա ա՛յն ատեն իրենց սադրալի աղեղները կը շրջեն անձնական կեանքիդ ուղղութեամբ՝ խոշորացոյցի ու լուսարձակի տակ առնելով շարժուձեւերդ, փոխյարաբերական կեանքդ…։ Արարք մը, որ չարաստեղծ մտածում մը, բայց միաժամանակ չարավախճան ճանապարհորդութիւն մըն է, որուն մենատէրն ու ուղեկիցը Սատանան ի՛նքն է։ Ո՞ւր մնաց մարդկային արժանապտուութիւնը եւ աստուածաստեղծ մարդուն իսկատիպ կոչումն ու տիպային վարքագիծը։

Ոչ ոք կրնայ իր անցեալին վերադառնալ՝ նոր սկիզբ մը կատարելու համար, բայց կրնաս այսօ՛ր իսկ նոր սկիզբ մը կատարել, որուն առաջնորդը եւ ճարտարապետը դուն ես։ Անցեալդ կարելի չէ ուրանալ, որովհետեւ անցեալին մէջ ապրած, հասակ առած եւ գոյաւորուած ես։ Անցեալդ ներկայիդ մէջն է եւ ապագադ՝ ներկայիդ աղերսուած։ «Անցեալամոռացումը» կեանքդ իմաստազուրկ կը դարձնէ, մինչ «անցեալայուշ» ըլլալդ, այսինքն՝ անցեալի կեանքէդ դաս քաղելդ՝ քեզ զգօն ու խոհուն արարածի կը վերածէ։ Սակայն, օր մը, անցեալին կատարած թէ՛ մեղքերդ, թէ՛ արարքներդ եւ թէ բարեգործութիւններդ ճառագայթարձակ արեւու նման պիտի շողարձակին աչքերուդ առջեւ, որոնց համար կա՛մ պիտի վարձատրուիս եւ կամ ափսոսաս։

Գիրքը կը զանազանուի այլ գիրքերէ՝ նախ իր խորագրով եւ ապա բովանդակութեամբ։ Նոյնպէս ալ իւրաքանչիւր գոյակ որոշ կնիք-«խորագիր» մը կը կրէ իր անձին վրայ եւ այդ կնիք-«խորագիրին» միջոցաւ կը ճանչցուի։ Կեանքիդ գիրքի բովանդակութեան հիման վրայ է, որ Աստուած քեզ պիտի դատէ եւ վարձահատոյց ընէ։ Ահա թէ ինչո՛ւ քրիստոնեայ յորջորջումը սոսկ պարագայական կամ պայմանադրական անուանում մը չէ, այլ ան աստուածատուր, քրիստոսակիր կնիք մըն է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը կրէ եւ ըստ այնմ իր կեանքի գիրքին մէջ իր ապրումները, արարքները կը քանդակէ ու ապա կը կնքէ։ Քրիստոնէական իմաստով քրիստոնեայ մարդուն կնիքը իր ՍԷՐ-ն է։ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ձեր իրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք» (Յհ 3.35)։ Ինչպէս որ պտղաբերութիւնը ապացոյց մըն է ծառին կենսունակութեան, այնպէս ալ սէրը վկայութիւն մըն է Քրիստոսով մեր կենսաւորուած ըլլալուն։

Հայ Եկեղեցւոյ հայրերէն Բարսեղ Մաշկեւորցի կ՚ըսէ. «Ինչպէս որ եթէ մէկը թագ դնէ եւ ծիրանի հագնի, յայտնի կ՚ըլլայ որ ինք թագաւոր է, իսկ առանց անոնց եթէ նոյնիսկ ոսկեայ հագուստ ունենայ, անոր թագաւոր ըլլալը յայտնի չ՚ըլլար, նոյնպէս ալ, եթէ ամէն տեսակի առաքինութիւններ ունենանք եւ նոյնիսկ կարենանք հրաշքներ գործել, սակայն եթէ սէր չունենանք, յայտնի չ՚ըլլար թէ Քրիստոսի կը պատկանինք»։ Նոյնը կը հաստատէ Պօղոս առաքեալ. «Եթէ մարդոց ու հրեշտակներու լեզուները խօսիմ, բայց սէր չունենամ, ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ունենամ պղինձէ շեփորէն որ կը հնչէ, կամ ծնծղաներէն որ կը ղօղանջեն։ Եթէ լեռները տեղափոխելու չափ զօրաւոր հաւատք ունենամ, բայց սէր չունենամ, ոչինչ կ՚արժեմ։ Ի՞նչ օգուտ, եթէ բոլոր ինչքերս աղքատներուն տամ եւ նոյնիսկ մարմինս կրակի մատնեմ, եթէ սէր չունիմ՝ ոչինչով կ՚օգտուիմ» (Ա.Կր 13.1-3)։

«Սէր առ Աստուած եւ սէր առ մարդիկ» նշանաբանը քրիստոնեային պատկանող ու վերաբերող խօսք մըն է։ Երբեմն կը փորձես սիրել, բայց սիրելով ու ներելով հանդերձ՝ չարակնոտներու կողմէ կ՚արհամարհուիս ու կը նախատուիս։ Կը պատուես ու կը յարգես, սակայն այդ վեհանձն վերաբերմունքիդ փոխարէն քամահրանքի կ՚արժանանաս։ Ժպտադէմ կը ներկայանաս, սակայն տխրահռչակ նախանձոտներու մռայլ դէմքը միայն կը տեսնես։ Քրիստոսի զգաստացուցիչ խօսքն է, որ մեզ անգամ մը եւս կը զգուշացնէ՝ ըսելով. «Եթէ տան մը կամ քաղաքի մը բնակիչները ձեզ չընդունին եւ ձեր խօսքը չլսեն, այդտեղէն ելլելու ատեն ձեր ՈՏՔԻ ՓՈՇԻՆ ԹՕԹՈՒԵՑԷՔ» (Մտ 10.14)։ Այն միջավայրը, որ քեզ սիրայօժար կ՚ընդունի, մի՛ տատամսիր եւ ընդառաջէ անոնց առաջարկին։ Իսկ այն վայրը, ուր ամէն իմաստով կ՚անտեսուիս ու կ՚ան-ւանարկուիս, իբրեւ քրիստոնեայ նմանակիցիդ ներէ՛, բայց Պիղատոսի նման ձեռքերդ լուա ու հեռացիր։ «Ձեր մարգարիտները խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք, որպէսզի չըլլայ թէ զանոնք կոխկռտեն եւ դառնան ձեր վրայ յարձակին» (Մտ 7.6)։

Անտառաբնակ օձ մը անընդհատ իր քովը մօտեցողը կը վախցնէր ու կը խայթէր, իսկ զինք սատկեցնել փորձողներուն ձեռքէն մշտապէս կը յաջողէր փախուստ տալ։ Ի վերջոյ, շրջանի բնակիչները այս երեւոյթէն սրտնեղած, գիւղի ամենագիտակից ծերունիին դուռը թակելով՝ օձին ըրածները կը պատմեն եւ անոր անգթութեան մասին կը գանգատին։ Կարճ խօսակցութիւնէ մը ետք, կը համաձայնին ու կը խոստանան զայն չսատկեցնել՝ պայմանաւ որ օձը յետայսու իրենց վնաս չհասցնէ ու չխայթէ։

Ծերունին մարդիկը ճանապարհելէ ետք՝ օձին գտնուած շրջանը կ՚երթայ ու կը սպասէ։ Քիչ ետք, օձը փուշերուն մէջէն կը յայտնուի եւ անոր կը մօտենայ։ Մարդը նախ լուռ կը մնայ՝ օձին վստահութիւնը շահելու համար։ Երբ կը զգայ որ օձը հանդարտած է, անոր վստահութիւն ներշնչելով՝ խօսելու կը սկսի։ Իբրեւ փորձառու մարդ կը խրատէ, թէ ապրելու եւ կշտանալու համար՝ կարելի է առանց վնասելու եւ խայթելու ապրիլ։ Երբ ծերունին քաղցր լեզուով օձին հետ կը խօսէր, ան ուշադրութեամբ իմաստունին խօսքերը կը լսէր։ Օձը անոր խօսքերէն կ՚ազդուի ու կ՚ըսէ. «Մտածումներս փոխուած են։ Կը խոստանամ տարբեր օձ մը դառնալ»։ Ապա դարձեալ փուշերուն մէջ մտնելով՝ կ՚անհետանայ։

Օձը իր խօսքը յարգելով, իր շրջանին մէջ հանդարտօրէն կը պտտի ու անցնող-դարձող ոչ մէկուն վրայ կը յարձակի, բայց այս անգամ մարդիկ կը սկսին փոխուիլ։ Մէկը անցած ժամանակ ոտքով զինք կը հարուածէ, իսկ ուրիշ մը կը քարկոծէ։ Այսպէս երկար ժամանակ օձը կը համբերէ, սակայն իր համբերութեան պատճառով ամբողջ մարմինը կը վիրաւորուի։ Ուստի, կ՚որոշէ գիտակից ալեհեր ծերունիին այցելել եւ բոլոր անցուդարձները պատմել։

-Բոլոր ինծի յանձնարարածներդ կատարեցի։ Մեղք գործելն ու վնաս հասցնելը ձգեցի։ Ուրիշ օձ մը դարձայ, բայց ինձմէ չվախցող մարդիկը զիս անդադար կը ծեծեն ու կը չարչարեն։ Ի՞նչ ընեմ հիմա։

-Ասոր պատասխանը շատ պարզ է,- կ՚ըսէ տարեց գիտակիցը,- «մարդիկը մի՛ խայթեր, մի՛ մեռցներ, անցնող-դարձողին վրայ մի՛ յարձակիր» ըսի, բայց «ակռաներդ ցոյց մի՛ տար» չըսի...։

Սիրելի՛ ընթերցող, «Ինչ որ ցանես, այն կը հնձես» ասոյթը մեր կեանքին մէջ ամենաշատ գործածուող ոսկի խօսքերէն մին է։ Ինչպէս որ կեանքին հետ կը վերաբերիս, նոյնպէս ալ կեանքը նո՛յն վերաբեմունքով հետդ կը վերաբերի։ Չմոռնաս, որ «կեանքը մեր արարքներուն հայելին է»։ Եթէ ներես՝ կը ներուիս։ Եթէ դատես՝ կը դատուիս…։ Երբեք փորձա՞ծ ես սիրալիր վերաբերմունք տածել հարեւանիդ հանդէպ։ Եթէ փոխադարձը չես ստացած՝ նախընտրելի է նոր էջ մը բանալ կեանքիդ մէջ եւ ներողամտութեան ոգիով վերստին հաղորդակցիլ նմանակիցիդ հետ։ Բայց եթէ շարունակաբար նոյն վերաբերմունքը դրսեւորէ, նախընտրելի է ամբողջապէս հին գիրքը՝ այս պարագային կեանքդ փոխել, անշուշտ միշտ աղօթելով անոր համար։

Երբեմն էջ դարձնելը շատ աւելի հեշտ է, քան՝ գիրք փոխելը։ Դժուար թէ զայն մէկ անգամէն նորով մը փոխարինես։ Կեանքի հին գիրքիդ մէջ կան յոյզեր ու ապրումներ, յուշեր եւ երջանիկ օրեր, որոնք կեանքիդ իմաստ տուող անժամանցելի ու անկրկնելի ապրումներ են։ Հին գիրքդ կեանքի ամենամեծ փորձառութիւնդ է, ուստի կարելի չէ զայն կեանքէդ հեռացնել կամ միանգամընդմիշտ վերացնել ու «այրել»։ Հին գիրքդ երբ թերթատես, վստահաբար պիտի հանդիպիս բազում սխալ որոշումներու եւ արարքներու, որոնք երկրորդ գիրքին մէջ չես ուզեր կրկնել եւ ապա զղջալ։ Առ այդ, հին գիրքիդ փորձառութեան վրայ հիմնուելով, նոր գիրք մը բաց եւ նոր թարմութեամբ, մտատեսութեամբ սկսէ անոր մէջ գրիչ շարժել…։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2017