ՀԱՅՈՑ ԱԲԳԱՐ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՆԱՄԱԿԸ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ

Թերեւս շատերը ինծի պէս յուզած է կամ կը յուզէ այն հարցը, թէ ինչպէս Հայկ Նահապետի սերունդին յաջողեցաւ մինչեւ օրս գոյատեւել: Չէ՞ որ մենք փոքր ածու մըն ենք, թիւով սահմանափակ: Ունինք հազարամեակներու պատմութիւն, եւ այդ հոլովոյթին տոկացած ենք բազում ոսոխներու հարուածներուն: Շատ անգամ հպատակած, երբեմն ալ հպատակեցուցած ենք:

Այն պահին, երբ ժամանակի աշխարհակալ կայսրութիւնները պարզապէս ի չիք եղան երկրի երեսէն, հայը շարունակեց իր գոյը: Ժամանակի թելադրանքին համաձայն բազմաչարչար ազգս հայոց, հարկ եղած ատեն գլուխ խոնարհեցաւ, ծունկի եկաւ:

Պատմութեան թոհուբոհի ընթացքին բազմիցս փոխուած են հայոց սահմաններու աշխարհագրութիւնը, սակայն՝ հաւատքը, լեզուն ու մշակոյթը մնացած են անսասան:

Զիս միշտ յուզած է այն հարցը, թէ ինչպէս մեզի յաջողեցաւ գոյատեւել, մեր իսկ պատմական հողերու վրայ վերակերտել Հայաստան, երբ բազում գերտէրութիւններ կուլ գացին, պարզապէս փոշիացան... Իմ ներքին ձայնը ինծի կը յուշէր, թէ պատճառը մեր հաւատքի զօրութիւնն է: Աստուծոյ աջը միշտ ազգիս գլխավերեւն էր ու է: Ես ալ կը հաւատայի իմ այդ ներքին ձայնին, ըսել է, թէ իմ մէջ ապրող Աստուծոյ: Սակայն սա լոկ զգացում մըն էր՝ առանց փաստերու:

Վերջերս կը թերթէի դիմատետրը ու պատահաբար գտայ տարիներ շարունակ զիս յուզած հարցի պատասխանը, որուն ես ներքուստ հաւաստիացած էի: Կը պարզուի, թէ ժամանակին հայոց թագաւորներէն՝ Աբգարի հաւատքի զօրութիւնն էր, որ յետագային պատճառ դարձաւ հայու եւ Հայաստանի յարատեւման:

Եւ այսպէս՝

Արշակունիներու տոհմէն սերող հայոց Աբգար թագաւորը, Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի հոլովոյթին առաջին թագաւորն էր, որ հաւատաց Քրիստոսին ու ընդունեց զԱյն որպէս Աստուծոյ Որդի: Վերջինիս թագաւորութեան երկրորդ տարին ծնած է Յիսուս: Յետագային Աբգար թագաւոր Քրիստոսին գրեց հետեւեալ նամակը.

«Աբգարիուս Արշամի որդի եւ իշխան աշխարհի՝ բժիշկ ու բարերար Յիսուսիդ, որ երեւցար երուսաղիմցիներու աշխարհին մէջ՝ ողջո՛յն: Տեղեկացայ Քու եւ Քու կատարած բժշկութիւններու մասին, որոնք կը կատարուին Քու ձեռքով, առանց դեղի ու արմատներու: Ինչպէս կը խօսուի՝ Դուն կոյրերուն կու տաս աչք, կը քալեցնես կաղերը, կը սրբես բորոտները, կը հանես պիղծ դեւերը ու կը բժշկես հիւանդութիւններով երկար տանջուողները: Ինչպէս նաեւ յարութիւն կու տաս մեռելներու: Երբ ես ասոնք լսեցի, երկու բան խորհեցայ՝ կամ Դուն Աստուած ես, որ երկինքէն իջնելով կ՚ընես այս գործերը եւ կամ Աստուծոյ որդի: Ահաւասիկ սա գրեցի աղաչելու համար, որ նեղութիւն կրես եւ գաս ինձ մօտ, եւ բժշկես իմ ունեցած հիւանդութիւնը: Նաեւ լսած եմ, թէ հրեաները տրտունջք մը ունին Քու դէմ եւ կ՚ուզեն չարչարել Քեզ: Ես ունիմ փոքրիկ ու գեղեցիկ քաղաք մը, որ կը բաւէ մեր երկուքին»:

Աբգար թագաւորի պատգամաբերը հրեաներու Զատիկէն հինգ օր առաջ այս նամակը կը տանի Յիսուսին, այն պահին, երբ Ան տաճարէն դուրս կու գար: Հեթանոսները Փիլիպպոսի ու Անդրէասի միջնորդութեամբ կը մօտենան Յիսուսին ու կը ներկայացնեն Աբգարի նամակը:

Տէրը կ՚ուրախանայ հոգւով, որ ահաւասիկ Անոր նկատմամբ հաւատքը կը տարածուի նաեւ հեթանոսներու մէջ եւ գրել կու տայ հետեւեալ պատասխանը.

«Երանի՜ անոր, որ առանց տեսնելու կը հաւատայ Ինծի, որովհետեւ այդպէս է գրուած Ինծի համար. «Զիս տեսնողները պիտի չհաւատան եւ չտեսնողները պիտի հաւատան ու ապրին»: Իսկ ինչ կը վերաբերի քու գրածին, որ քու մօտ գամ, պէտք է որ ես այստեղ աւարտեմ այն, ինչ բանի համար որ ուղարկուեցայ: Երբ կատարեմ եւ զիս ղրկողի մօտ համբառնամ, անկէ ետք աշակերտներէս պիտի ղրկեմ, որ քու ցաւը բժշկէ եւ քեզի հետեւողներուն կեանք պարգեւէ»:

Աբգար թագաւոր ստանալով սա միակ նամակը, որ երբեւէ Յիսուս յղած էր մահկանացուի մը, կարդալով մեծապէս մխիթարուեցաւ տառապող ախտէն, զգաց թեթեւութիւն մը: Եւ նորէն իր դեսպանները կը ղրկէ Հրէաստան, այս անգամ իւր արքունական գծագրողին հետ, որպէսզի ան գծագրէ Քրիստոսի պատկերը եւ բերէ իրեն: Միխայիլ ասորի պատրիարքը այս մասին կը գրէ, թէ հայ գծագրիչը չէր կրնար պատկերել Տրիոջ որդիի վայելչագոյն գեղեցկութիւնը, որ անդադար կը փոփոխուէր փառքէ փառք, որով ալ կը զմայլէր ու կ՚ապշէր նկարիչը:

Սա տեսնելով ողորմութեան ու գթութեան աղբիւր մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս անոր ձեռքէն կը խնդրէ դաստառակը, կը դնէ Իւր աստուածային օրհնեալ դէմքին եւ հրաշքով մը Անոր լոյս երեսը կը պատկերուի կտաւի վրայ: Սա պատահեցաւ Տիրոջ խաչելութենէն 24 օր առաջ: Նկարիչն ալ մեծ հրճուանքով ու սրտի երկիւղով դաստառակը, որու վրայ սքանչելապէս պատկերուած էր Քրիստոսի պատկերը՝ կ՚երկրպագէ ու առաւել կը հաստատուի ճշմարիտ հաւատքի մէջ: Այդ դաստառակով կը կատարուէին մեծամեծ հրաշքներ, մինչեւ որ Թադէոս առաքեալ կենդանի Աւետարանը քարոզեց Հայաստանի մէջ:

Հրաշագործ դաստառակը դարեր շարունակ մնացած էր Եդեսիոյ մէջ: Միշտ քաղաքի օրհասներու ժամանակ օգտագործուած էր որպէս Վերին զօրութիւն:

Իսկ երբ Տիրոջ խոստացած առաքեալը եկաւ Հայաստան, ըստ Մովսէս Խորենացիի այսպէս եղաւ անոր հանդիպումը թագաւորի հետ.

«Երբ Թադէոս ներս մտաւ, անոր երեսի վրայ սքանչելի տեսիլք մը երեւցաւ Աբգարին: Ան վեր կեցաւ իր գահէն ու երեսի վրայ իյնալով երկրպագեց վերջինիս. իր շուրջը գտնուող բոլոր իշխանները զարմացան, որովհետեւ տեսիլքը չիմացան: Աբգար հարցուց անոր.

«Իրաւէ՞ն դուն օրհնեալ Քրիստոսի աշակերտն ես, զոր խոստացած էր ղրկել այստեղ, եւ կրնա՞ս բժշկել իմ ցաւերը»:

Թադէոս պատասխանեց անոր.

«Եթէ հաւատաս Յիսուս Քրիստոսին՝ Աստուծոյ Որդիին, կը ստանաս քու սրտի բոլոր ցանկութիւնները»:

Աբգար պատասխանեց.

«Ես հաւատացի Անոր եւ Անոր Հօրը, ուստի կը կամենայի զօրքեր առնել եւ գալ կոտորել զԱյն խաչող հրեաները, եթէ ինքզինքս չզսպէի հռոմէացիներու թագաւորութեան պատճառաւ»:

Սկսելով այս խօսքերով՝ Թադէոսը քարոզեց Աւետարանը անոր ու ամբողջ քաղաքին, այնուհետեւ ձեռքը վրան դնելով բժշկեց Աբգար թագաւորը, ինչպէս եւ քաղաքի Աբդիու իշխանը, որ հիւանդ էր յօդատապով ու մեծ պատիւ ունէր թագաւորի արքունիքին մէջ: Առհասարակ բժշկեց քաղաքի մէջ եղած բոլոր հիւանդներն ու ախտաւորները: Եւ բոլորը հաւատացին ու մկրտուեցան: Փակուեցան կուռքերու մեհեաններու դռները եւ բագիններու սիւներու վրայ եղած պատկերները պատեցին եղեգով:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2020