ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԱՆՈՒԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ

Ման­կա­պա­տա­նե­կան երգ­չա­խում­բե­րու «Եր­գող Հա­յաս­տան» մրցոյ­թի դափ­նե­կիր­նե­րու ե­լոյթ­նե­րով եզ­րա­փա­կուե­ցաւ «Կո­մի­տաս» փա­ռա­տօ­նը։ Այս­պէս, ե­րէկ Վար­դա­պե­տի ա­նու­նը կրող թան­գա­րան-հիմ­նար­կին մէջ կա­յա­ցաւ ման­կա­կան խմբեր­գա­յին ա­րուես­տի ե­րե­կոյթ։

«Փա­ռա­տօ­նի ձեռք­բե­րու­մը լաւ հա­մերգ­ներն էին, Հա­յաս­տա­նի լա­ւա­գոյն ե­րա­ժիշտ­նե­րէն շա­տե­րուն ե­լոյթ­նե­րը։ Ձեռք­բե­րում մըն էր Կո­մի­տա­սի եւ հայ յօ­րի­նող­նե­րու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս բարձր մա­կար­դա­կով հնչեց­նե­լը։ Փա­ռա­տօ­նի նպա­տակն է ա­պա­գա­յին ու­նե­նալ «Կո­մի­տաս» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօն մը, որ պէտք է ու­նե­նայ նաեւ իր գի­տա­կան բա­ղադ­րի­չը։ Կո­մի­տա­սի եւ հայ յօ­րի­նո­ղա­կան դպրո­ցի հան­րահռչակ­ման հար­թակ մը եւս ստեղ­ծե­լու նպա­տակ ու­նինք», «Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ նշեց Հա­յաս­տա­նի ա­րուես­տի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ, «Կո­մի­տաս» փա­ռա­տօ­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Մհեր Նա­ւո­յեան։

Ան յի­շե­ցուց, որ այս տա­րի ընդ­լայ­նած է փա­ռա­տօ­նի ձե­ւա­չա­փը եւ բա­ցի Կո­մի­տա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն, հա­մեր­գա­յին ե­րե­կոյթ­նե­րու ժա­մա­նակ հնչած են նաեւ այլ հայ յօ­րի­նող­նե­րու գոր­ծե­րը։

Իսկ Հա­յաս­տա­նի ե­րաժշ­տա­կան ըն­կե­րու­թեան նա­խա­գահ Դա­ւիթ Ղա­զա­րեան նկա­տեց, որ փա­ռա­տօ­նի մէջ կայ մեծ խոր­հուրդ մը։

«Կա­րե­ւոր է, որ մենք այս փա­ռա­տօ­նը կը նուի­րեք հայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տա­րուես­տի գլուխ գոր­ծոց Կո­մի­տա­սին ու զու­գա­հե­ռա­բար այն մար­դոց, ո­րոնք կը կեր­տեն հայ յօ­րի­նո­ղա­կան դպրո­ցը։ Մենք գի­տենք, որ Կո­մի­տաս փայ­լուն բա­նա­հա­ւաք մըն էր, յօ­րի­նող, հիա­նա­լի խմբա­վար, ա­ռանձ­նա­յա­տուկ եր­գիչ մը։ Եւ ան կրցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դէն հա­ւա­քագ­րել եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին վե­րա­դարձ­նել մեր հո­ղի եւ ջու­րի նման մա­քուր ազ­գա­յին եր­գը», ընդգ­ծեց ան։

Դա­ւիթ Ղա­զա­րեան տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, որ ման­կա­պա­տա­նե­կան երգ­չա­խում­բե­րը նախ­քան հա­մեր­գը ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղած են Կո­մի­տա­սի շիր­մին մօտ եւ շրջած՝ Վար­դա­պե­տի ա­նու­նը կրող թան­գա­րան-հիմ­նար­կի տա­րած­քը։

Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի խմբեր­գա­յին, ման­կա­կան, վո­քալ եւ դաշ­նա­մու­րա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը քա­նի մը օր շա­րու­նակ ներ­կա­յա­ցուե­ցան ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու դա­տին։ Սեպ­տեմ­բե­րի 26-ին՝ Կո­մի­տա­սի՝ ծննդեան օ­րը, «Ա­լեք­սանտր Սպեն­դիա­րեան» օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նին մէջ կա­յա­ցած հա­մեր­գով սկսած էր «Կո­մի­տաս» փա­ռա­տօ­նը։ Երկ­րորդ ան­գամն է, որ կը կա­յա­նայ այս փա­ռա­տօ­նը, ո­րու բաց­ման ե­լոյ­թով հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան երգ­չա­խում­բը՝ խմբա­վար Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ներ­կա­յա­ցուե­լով Կո­մի­տա­սի պա­տա­րա­գը։

Փա­ռա­տօ­նի նա­խա­ձեռ­նող­ներն էին Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ Կո­մի­տա­սի թան­գա­րան-հիմ­նար­կը։ Մի­ջո­ցառ­ման մաս­նակ­ցե­ցան Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան (գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար՝ Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեան), «Հո­վեր» (գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար՝ Սօ­նա Յով­հան­նէ­սեան), Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին (գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար՝ Յա­րու­թիւն Թո­փի­կեան) երգ­չա­խում­բե­րը, «Գե­ղարդ» եր­գե­ցիկ խում­բը (գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար՝ Մհեր Նա­ւո­յեան), ինչ­պէս նաեւ մե­ներ­գիչ­ներ՝ սոփ­րա­նօ Ի­րի­նա Զա­քեան, պա­րի­թոն Սար­գիս Բաժ­պէ­յուք-Մե­լի­քեան, դաշ­նա­կա­հար­ներ՝ Սվետ­լա­նա Նա­ւա­սար­դեան, Հայկ Մե­լի­քեան, Ար­մէն Ա­ղա­ճա­նեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015