«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԲԱՑԱՒ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԸ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը շաբաթավերջին բացաւ նոր եղանակը։ «Մարալ»ի մեծ ընտանիքը աշխատանքի ձեռնարկեց նոր եղանկին ընդառաջ՝ նոր եռանդով ու թարմ ուժերով։ Խումբի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան սիրով ողջունեց համոյթի բոլոր անդամները, որոնց թիւը կը հասնի 200-ի։ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ «Մարալ»ի փոքրերու կազմը ամէն Շաբաթ, իսկ մեծերու կազմը ամէն Կիրակի կանոնաւոր փորձեր պիտի իրականացնեն։
Կարպիս Չափքան եղանակի բացման առթիւ յայտնեց, որ Էսաեան սանուց միութիւնը կը գտնուի իր հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական շրջանին մէջ։ Հետեւաբար, «Մարալ»ի գործունէութիւնն ալ պիտի ունենայ համապատասխան ուղղութիւն։ Համոյթի պատասխանատուները յառաջիկայ շրջանին յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցեն՝ երբ մշակուած ծրագիրը հասնի հասունութեան որոշ մակարդակի մը։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024