ՓԻԼԻՍՈՓԱՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ

Ի՞նչ է փիլիսոփայութիւնը։ Փիլիսոփայութիւնը, իր ամենակարճ սահմանմամբ, յայտնի է նաեւ որպէս մտքի արուեստ: Ան կարգապահութիւն է, որ կը ներառէ ուսումնասիրութիւններ այնպիսի նիւթերու շուրջ, որոնք խոշորացոյցի տակ կը դնեն գոյութիւնը, գիտելիքը, ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը, գեղեցկութիւնը, միտքը, լեզուն…

Ո՞վ է փիլիսոփան: Կարելի է ըսել, որ փիլիսոփան այն մտածողն է, որ իր կեանքը նուիրած է փիլիսոփայութեան։ Կարճ խօսքով՝ փիլիսոփան կարելի է սահմանել նաեւ որպէս գիտելիքի եւ իմաստութեան հասնելու փորձառութեամբ անձ։

Մարդիկ, որոնք նուիրուած են փիլիսոփայութեան կամ հետաքրքրուած են անոր հետ, վճռական են ճանչնալ իրենց միջավայրը, սորվիլ իրենց կեանքի ամբողջ ընթացքին եւ կիրառել այն, ինչ որ սորված են: Փիլիսոփաները տրամաբանօրէն խնդիրներ կը քննարկեն եւ անզգայ չեն մնար մարդկութիւնը յուզող խնդիրներու նկատմամբ։ Մարդիկ, որոնք հետաքրքրուած են փիլիսոփայութեամբ եւ նուիրուած են անոր, կը դիտարկուին որպէս անհատներ, որոնք կ՚ընտրեն ըլլալ հարցի լուծման մէկ մասը, այլ ոչ թէ հարց: Անոնք կեանքի ընթացքին չեն կորսնցներ իրենց մարդասիրական ​​արժէքներն ու զգայունութիւնը։ Փիլիսոփաները նաեւ կը հասնին նոր եզրայանգումներու եւ կու տան նոր սահմանումներ՝ արտայայտելու համար այդ եզրակացութիւնները: Յայտնի փիլիսոփաները կարեւոր տեղ գրաւած են մարդկութեան պատմութեան մէջ՝ կեանքին նո՛ր իմաստ ու նոր սահմանումներ աւելցնելով։

Իսկ ինչո՞ւ փիլիսոփաները պատմութեան ընթացքին յաճախ ազնուականներ եղած են։ Կարելի է նման ընկալում մը ձեւաւորել, որովհետեւ փիլիսոփաները հիմնականին մէջ վերնախաւի մարդիկ են եւ եկած են հարուստ շրջանակներէն, բայց սա բոլորին չի վերաբերիր: Այնուամենայնիւ, այս ընկալման համար կան որոշ պատճառներ։

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆ

Պատմութեան ընթացքին կրթութեան հասանելիութիւնը հիմնականին մէջ վերապահուած է բարձր դասակարգին։ Քանի որ անոնք կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն ունին, անոնք աւելի շատ կ՚ենթարկուին փիլիսոփայական միտքերուն։ Այսինքն՝ ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ ներկայիս շարքային մարդոց համար դժուար է անվճար կրթութիւն ստանալ, բայց հարուստները ուսում կը ստանան լաւագոյն դպրոցներու մէջ եւ ամենագիտակ ուսուցիչներու մօտ։

ԺԱՄԱՆԱԿ ԵՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Փիլիսոփայութիւնը բաւական ժամանակ կը պահանջէ գաղափարներու մէջ խորանալու եւ անոնց մասին գրելու համար: Հարուստներ ու ազնուականներ առաւելութիւն ունին ժամանակ տրամադրելու նման խոր մտորումներու՝ առանց իրենց հիմնական կարիքները լուծելու: Եթէ ​​սոված էք, կը մտածէք ձեր առօրեային, սիրելիներու, պարտքերու մասին եւ կը վախնաք ապագայէն, հետեւաբար, ժամանակ չէք ունենար մտածելու իտէալիստական ​​կամ վերացական նիւթերու մասին։

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՓՈԽԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Ազնուական մարդիկ յաճախ առիթ կ՚ունենան շփուելու զանազան մշակոյթներու եւ գաղափարներու հետ: Սա կրնայ հիմք հանդիսանալ փիլիսոփայական մտքի զարգացման համար։ Օրինակ՝ ազնուական կամ հարուստ մէկը մանկութենէն սկսեալ կրնայ ճամբորդել այլ քաղաքներ եւ նոյնիսկ այլ երկիրներ։ Բնականաբար, անոր մտահորիզոնը կ՚ընդլայնի: Բայց աղքատ մէկը չի կրնար ստանալ նման ընկերային շփումներ՝ իր կեանքը անցընելով սահմանափակ միջավայրի մը մէջ:

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒՄ ԵՒ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ

Պատմութեան ընթացքին բարձր դասակարգի մարդիկ աւելի մեծ կարողութիւն ունեցած են տարածելու եւ յառաջ մղելու իրենց գաղափարները: Հետեւաբար, անոնց փիլիսոփայական գաղափարները աւելի հաւանական է, որ հասնին լայն լսարանի: Օրինակ՝ համեստ պայմաններով մէկը հիանալի գաղափար կը յղանայ, բայց հնարաւորութիւն չ՚ունենար զայն տարածելու կամ հրատարակելու: Բայց հարուստ մէկը կրնայ գիրք հրատարակել, եթէ անհրաժեշտ է։ Մէկ խօսքով, անոր հնարաւորութիւնները բազում են։

Թէեւ ազնուական կամ հարուստ փիլիսոփաներու թիւը տնտեսական կամ ընկերային պատճառներով կրնայ աւելի մեծ ըլլալ, բայց սա չի նշանակեր, որ անոնք կու գան միայն այս հատուածներէն։ Փիլիսոփայութիւնը կրնայ կատարուիլ իւրաքանչիւր ընկերատնտեսական խաւէ անհատներու կողմէ: Կարեւորը փիլիսոփայական մտքի խորութիւնն է, ինքնատիպութիւնն ու մարդկութեան զարգացման գործին ունեցած ներդրումը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023