ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ հիմ­նա­նո­րո­գու­թեան եր­կա­րա­տեւ աշ­խա­տանք­նե­րէ վերջ վե­րա­բա­ցուե­ցաւ Մար­տի­րոս Սա­րեա­նի տուն-թան­գա­րա­նը։ Ձեռ­նար­կը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մե­ծա­նուն նկա­րի­չի հեր­թա­կան ան­գամ խոր ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ վեր­յիշ­ման։ Այս տուն-թան­գա­րա­նը հռչա­կա­ւոր վար­պե­տի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն եւ անձ­նա­կան ի­րե­րուն ա­ռըն­թեր կ՚ընդգր­կէ նաեւ պա­տա­նի­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տա­նոց մը, ինչ­պէս նաեւ ե­րաժշ­տա­կան ունկնդ­րու­թիւն­նե­րու հա­մար կո­կիկ սրահ մը։

Թան­գա­րա­նի վե­րա­բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։ Վե­րա­նո­րո­գեալ թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ այս առ­թիւ գոր­ծադ­րուե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր մը։ Ներ­կայ էին նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Թան­գա­րան­նե­րու եւ ար­խի­ւի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Ա­սո­ղիկ Քհնյ. Կա­րա­պե­տեան, աշ­խար­հահռ­չակ ե­րա­ժիշտ Տիգ­րան Ման­սու­րեան, գրա­կա­նա­գէտ Ա­ւիկ Ի­սա­հա­կեան եւ այլ բազ­մա­թիւ պաշ­տօ­նա­տար­ներ եւ հիւ­րեր։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016