ԿՈՎԿԱՍԻ ՍԵՒ ԱՅԳԻՆ. «ՍԻ. ԷՆ. ԷՆ.»Ը՝ ԱՐՑԱԽԷՆ

Յոյն յայտնի մրցանակակիր լրագրող, CNN Greece-ի թղթակից Մարիա Կարչիլաքի վերջին տարիներուն մասնագիտացած է ռազմական նիւթեր պատրաստելու մէջ եւ տարածքաշրջանայի թէժ կէտերէն տեղեկատուութիւն կը հաղորդէ՝ անձամբ այցելելով բախումնային հարցեր ունեցող զանազան երկիրներ եւ հանդիպելով քաղաքական, ռազմական ղեկավարութեան եւ պարզ բնակիչներու հետ: Ան հարցազրոյցներ վարած է Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, արաբական աշխարհի ղեկավարներու, կարեւոր դէմքերու հետ… Կարչիլաքի նաեւ մշակութային եւ մարդասիրական նիւթեր կը պատրաստէ եւ այդ ծիրէն ներս ան հարցազրոյցներ կատարած է բրիտանացի նշանաւոր երգիչ Տէյվիտ Պոուիի, դերասան Ճերըմի Այրընսի, երաժիշտ Եան Անտըրսընի եւ այլ աստղերու հետ:

Անցեալ ամիս, նշանաւոր լրագրողը «Սի.Էն.Էն.»ի նկարահանող խումբին հետ այցելած է Հայաստան եւ Արցախ ու տեսանիւթ մը պատրաստած է Արցախի մասին՝ «Կովկասի սեւ այգին» խորագրով, որ այս օրերուն հեռարձակուեցաւ «Սի.Էն.Էն. Յունաստան»ի եթերով: Լրագրող Մարիա Կարչիլաքի Հայաստան եւ Արցախ այցելած է «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» միջազգային հասարակական կազմակերպութեան աջակցութեամբ, եւ անոր պատրաստած ժապաւէնը առաջին փաստավաւերագրական նիւթը դարձած է Արցախի եւ անոր խնդրին վերաբերեալ, որ ցուցադրուած է յունական լրատուական լայն դաշտին մէջ:

Տեսանիւթը կը սկսի ստեփանակերտցի երիտասարդուհի Արեգա Յովսէփեանի խօսքով: Ան կ՚ըսէ, որ իր ծնունդը նման չէ եղած սովորական երեխաներու, որոնք հիւանդանոցի մէջ կը ծնին, իսկ ինք նկուղի մը մէջ ծնած է, որովհետեւ այդպէս էին այդ տարիներուն պայմանները՝ երեխաներու լոյս աշխարհ գալուն համար պայմաններ չեն եղած, քանի որ Ստեփանակերտը կը պատերազմէր:

«Ես արեւի լոյսի կարիք ունէի, բայց չէի կրնար դուրս ելլել, որովհետեւ ատիկա վտանգաւոր էր կեանքի համար: Կարծեմ, այս պատմութիւնը ընդհանուր է բոլոր այն ընտանիքներուն համար, որոնք չլքեցին Ստեփանակերտը ու մնացին այնտեղ ամբողջ պատերազմին ընթացքին: Այն ժամանակ ողջ բնակչութիւնը կ՚ապրէր նկուղներու մէջ», տեսանիւթին մէջ կը պատմէ արցախեան պատերազմի տարիներուն Ստեփանակերտ ծնած Արեգա Յովսէփեան:

«Սի.Էն.Էն»ի պատրաստած վաւերագրութեան մէջ Արցախը կը ներկայանայ իր պատմութեամբ, աշխարհագրութեամբ ու բնակչութեամբ, հեղինակը կը պատմէ, թէ փոքրիկ այդ հողակտորը ինչպէ՛ս յայտնուած է Ատրպէյճանի կազմին մէջ եւ ի՛նչ պայմաններու տակ ան բռնած է ինքնորոշման ուղին: Մարիա Կարչիլաքիի տեսանիւթին մէջ կը խօսին զանազան խաւերէ մարդիկ՝ բանակի ղեկավարութենէն, շարքային զինուորներէն, մինչեւ Ստեփանակերտի բնակիչները, եւ ան իր նիւթը սովորաբար կը կառուցէ պատմութիւններու հիման վրայ: Տեսանիւթին մէջ բացայայտում մըն է Արցախի յունական համայնքը, որ թերեւս հետաքրքրական է նաեւ յունալեզու հեռատեսիլի հետեւողներուն: Անոնք թերեւս չէին ալ պատկերացներ, որ հեռաւոր Արցախի մէջ գոյութիւն ունի յունական հնագոյն համայնք մը, որ կը պահէ աւանդոյթները եւ արցախեան բարբառին հետ նաեւ կը խօսի մայրենի լեզուն:

Լրագրողը, ստեփանակերտցի Արեգայի խօսքէն ետք իր խօսքին մէջ կը նշէ.

«1991 թուականին, այն տարին, երբ ծնաւ Արեգա, Լեռնային Ղարաբաղը զատուեցաւ Ատրպէյճանէն, որուն կազմին մէջ ան յայտնուած էր քաղաքական կամայականութեամբ մը՝ Սթալինի կողմէ 1923 թուականին՝ իբրեւ ինքնավար մարզ: Արեգայի ծնողքը, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի բնակչութեան հիմնական մասը կազմող հայերու մեծամասնութիւնը անկախութեան հանրաքուէի ժամանակ քուէարկած է Ղարաբաղի անկախութեան օգտին»:

Լրագրողը կը յիշեցնէ, որ նախկինին մարզ կոչուած այս տարածութեան մէջ նաեւ բնակած են ատրպէյճանցիներ, որոնք չեն ընդունած հանրաքուէի արդիւնքները: Մինչ այդ, 1988 թուականին սկսած էին ռազմական գործողութիւնները, որոնք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմի վերածուած են: Այդ պատերազմը, ինչպէս կը նկատէ լրագրողը, տակաւին չէ աւարտած: Այդ մէկը կը փաստէ տեսանիւթին մէջ խօսող Լեւոն Մնացականեանը՝ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ղեկավարը. «Քանի դեռ տարածքաշրջանին մէջ կան զինեալ ուժեր, որոնց միջեւ առկայ է հակամարտութիւնը, ուրեմն այդ հակամարտութիւնը փոքրիկ միջադէպէ մը կրնայ վերածուիլ լայնածաւալ մարտական գործողութեան, ինչպէս եղած է անցեալին: Մենք ատիկա կը գիտակցինք ու կը նախապատրաստուինք անոր հետեւանքներուն», կ՚ըսէ Լեւոն Մնացականեան:

«Պատերազմը խլած է հազարաւոր մարդոց կեանքեր, զոհուած են անմեղ մարդիկ, հազարաւորներ տեղահան եղած են: Այստեղ ամէն քայլափոխին կարելի է հանդիպիլ ցաւի ու տառապանքի մասին պատմութիւններու», իր խօսքին մէջ կը պատմէ լրագրողը: Ան կը խօսի 1994 թուականին կնքուած զինադադարին մասին, որուն հետեւանքով հայկական ուժերը վերահսկողութիւն սահմանեցին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին եւ անոր յարակից կարգ մը շրջաններուն նկատմամբ: Այսօր հակամարտութիւնը մտած է անորոշ շրջափուլի մը մէջ, սակայն լրագրողը կը յիշեցնէ 2016 թուականի Ապրիլի քառօրեայ պատերազմին մասին, որ ցոյց տուաւ, թէ հակամարտութիւնը կրկին բորբոքած է եւ այդ մէկը իրական սպառնալիք է ոչ միայն հակամարտութեան մասնակից երկիրներուն համար, այլեւ՝ Հարաւային Կովկասի կայունութեան համար:

Մարիա Կարչիլաքի մեկնած է նաեւ առաջնագիծ, ուր ծանօթացած է սահմանային աչալուրջ ծառայութիւն իրականացնող զինուորներուն հետ, որոնք կը խոստովանին, թէ լաւ գիտեն վտանգին ամէն վայրկեան ներկայ ըլլալը:

Մեկնելով առաջնագիծ եւ ծանօթանալով մարտական հերթապահութեան կեցած զինուորներուն հետ, լրագրողը կը նշէ. «Զինուորները շատ երիտասարդ են՝ ծնած 90-ականներու պատերազմէն յետոյ այն երկրին մէջ, որ Արցախ կը կոչուի, իսկ իբրեւ հին անուանում ունի Ղարաբաղը, որ «Լեռնային սեւ այգի» կը նշանակէ՝ թրքերէն կամ պարսկերէն: Անոնք կը բնակին պատերազմով, բայց կը յառաջանան խաղաղութեամբ»:

«Սի.Էն.Էն.»ի նկարահանող խումբը եղած է նաեւ Թալիշի եւ Մարտակերտի մէջ, ուր նկատելի են ապրիլեան պատերազմի հետքերը, իսկ պատերազմի մասին հեղինակին խօսքը կը շարունակէ կրկին տեսանիւթի հերոսուհին՝ Արեգա Յովսէփեան, որ ծնած է պատերազմի տարին, եւ այսօր, հակառակ անոր որ հասուն մարդ է այլեւս, սակայն դարձեալ կը բնակի պատերազմի մէջ։

«2016-ին մենք պատերազմը կրկին տեսանք։ Սահմանին արդէն իմ հասակակակիցները, եղբայրները կեցած էին եւ մենք շօշափելի կերպով ընկալեցինք արցախեան հարցը», կ՚ըսէ Արեգա Յովսէփեան։

Տեսաժապաւէնին մէջ անդրադարձ կը կատարուի զինեալ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին ու հանգամանքին մասին, թէ Արցախը չի մասնակցիր խնդրին շուրջ ընթացող ուղղակի բանակցութիւններուն, իսկ բանակցային գործընթացը վերապահուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահող երկիրներուն: Այս առթիւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հետեւեալը կը մեկնաբանէ. «Այդ մասին բազմիցս պաշտօնական յայտարարութիւներով հանդէս եկած են Հայաստանի Հանրապետութեան պատասխանատուները, ողջունելի է նաեւ, որ Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ իրենց մէջ այդ կարծիքը կը կրեն, որովհետեւ այս տարիներուն ընթացքին հնարաւորութիւն ունեցած են այս հակամարտութեան խորքերը թափանցելու ու եկած են այն տրամաբանական եզրակացութեան, թէ իրականութեան մէջ առանց Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութեան այս խնդիրը չի կրնար լուծուիլ»:

Տեսանիւթին մէջ արցախեան հարցին վերաբերեալ կը հնչէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի տեսակէտը։ Վիգէն Սարգսեանին Մարիա Կարչիլաքի հանդիպած է Երեւանի անոր աշխատավայրին մէջ։

«Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերուն բովանդակութիւնը կարելի չէ մեկնաբանել անոնց ընդունման բովանդակութենէն: Բանաձեւը ընդունուած է իրավիճակի մը մէջ, երբ Ատրպէյճանը շարունակաբար ուժ կը գործադրէր Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ: Ատոր առաջին պահանջքն է՝ բոլոր ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադարեցում, որ երբեք տեղի չունեցաւ: Ատրպէյճանը շարունակեց գրոհել՝ ամէն ինչ ընելով, որ տեղւոյն հայ բնակչութիւնը լքէ այն հողերը, ուր հազարամեակներ ապրած է: Արցախցիները, բնականաբար, ատիկա չըրին: Բանաձեւին երկրորդ պահանջքը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնապաշտպանական ուժերը ցրելուն, բայց այդ ալ հնարաւոր չէր իրագործել, քանի որ Ատրպէյճանը կը շարունակէր ուժ գործադրել: Ուստի այս բանաձեւերը աւարտեցան հրադադարի մասին համաձայնութեամբ, որ ստորագրուեցաւ երեք կողմերուն՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ: Սա է իրականութիւնը»:

Վիգէն Սարգսեան նաեւ կը խօսի այն հետեւանքներուն մասին, որոնք ըրած է հայկական կողմը 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմէն ետք. «Շատ կարեւոր է յիշել, որ ռազմական գործին մէջ որեւէ վարժութիւն ունի ուսուցողական բաղադրիչ եւ եզրակացութիւն ընելու հիմքեր: Ակնյայտօրէն 2016 թուականի Ապրիլին տեղի ունեցած մարտական գործողութիւնը բազմաթիւ խնդիրներ վեր հանեց թէ՛ հակառակորդի սպառազինութեան, թէ՛ զանոնք դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ միջոցներուն եւ թէ սահմանի պաշտպանութեան արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու ուղղութեամբ»:

Վիգէն Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ Եւրոմիութեան դերակատարութեան՝ նշելով. «Մենք աշխուժօրէն ներգրաւուած ենք Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցային բազմաթիւ ծրագիրներու մէջ՝ Արեւելեան գործընկերութիւն եւ այլն: Զարգացած են բազմակողմանի յարաբերութիւններ Եւրոպական Միութեան անդամ բազմաթիւ երկիրներու հետ: Կը կարծեմ շատ կարեւոր է, որ Եւրոպական Միութիւնը ամբողջական պատկերացում ունենայ իրավիճակին մասին ու լիովին հասկնայ իրավիճակին նրբութիւնները: Ուստի շատ կարեւոր է, որ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը ժամանէ Արցախ ու հանգամանօրէն ներկայացնէ անդամ պետութիւններուն, թէ ինչպէս կը զարգանան իրադարձութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Եւրոպական Միութիւնը ունի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրացման դրական օրինակներ եւ այդ փորձին նկատմամբ դրական վերաբերմունք տարածելու մեծ ներուժ»:

Այս տեսանիւթին մէջ կը պատմուի նաեւ Արցախի տարածքին ականազերծման աշխատանքներ իրականացնող Halo Trust առաքելութեան մասնակիցներուն մասին, որոնք նոյնպէս կը գործեն ոչ պակաս վտանգաւոր պայմաններու ներքեւ: Շատերը զոհ գացած են ոչ թէ զուտ կրակոցի կամ պայթումի, այլ՝ ականապատուած տարածք անզգուշութեամբ եւ անգիտութեամբ մուտք գործելուն պատճառով:

«Շատեր կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ մենք ուղղակի չենք նշեր վտանգաւոր ականապատ տարածքները, եւ տեղւոյն բնակիչները ինչո՞ւ ուղղակի չեն խուսափիր այդ տեղերէն: Նման պարագաներու ես կ՚ըսեմ, որ շատ արցախցիներ ուղղակի ստիպուած կ՚ըլլան մուտք գործել այդ վտանգաւոր տարածքները, որովհետեւ այլ ելք չունին: Մարդիկ ունին աշխատանքի խնդիր, եւ կը ջանան գործածել հողին ամէն մէկ քառակուսի մեթրը, որ շատ անհրաժեշտ է մարդոց», կը նշէ Halo Trust առաքելութեան անդամ, Լոս Անճելըսէն Արցախ ժամանած՝ ազգութեամբ հայ Ամասիա Զաքարեան: Ականազերծման աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին եւ այնքան ատեն, մինչեւ Արցախի հողէն չէ հանուած հակառակորդի դրած վերջին ականը, պատերազմը կը շարունակուի...

Հետաքրքրական դրուագ մը կայ «Սի.Էն.Էն.»ի պատրաստած այս նիւթին մէջ. հեղինակը կը զրուցէ Դաւիթի՝ հայկական արմատներով յոյն երիտասարդին հետ, որ ծնած ու մեծցած է Յունաստան, սակայն Յունաստանի դիմագրաւած տնտեսական ճգնաժամի պատճառով որոշած է ընտանեօք տեղափոխուիլ Հայաստան: Ան կը պատմէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին մասին, թէ ինչպէս մարդիկ կ՚աջակցէին ու օգնութիւն կ՚ուղարկէին Ղարաբաղի մէջ գտնուող զինուորներուն ու մարդոց: Անոր հետ այս հարցերուն մասին կը խօսի նաեւ իր ընկերը…

ԱՐՑԱԽԻ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԸ

Հայաստանի մէջ յայտնի է աւանդական յունական համայնք մը, որուն անդամները երկար տարիներ առանց խնդիրներու կը բնակին Հայաստանի մէջ, թերթ կը հրատարակեն, հաւաքներ ու ձեռնարկներ կը կազմակերպեն՝ պահպանելով աւանդոյթները: Իսկ ահաւասիկ, Արցախի յունական համայնքը կրնայ շատերուն համար բացայայտում ըլլալ: Ժամանակին խօսուած է Արցախի Մեհմանա գիւղին մասին, որ կը գտնուի Մարտակերտի շրջանը: Այսօր այդ գիւղին մէջ քիչ թիւով յոյներ մնացած են:

«Սի.Էն.Էն»ի այս տեսանիւթին մէջ հեղինակները Շուշիէ ներս հանդիպած են յոյներու, որոնք ալ կը կազմեն Արցախի սակաւաթիւ յունական համայնքը։ Անոնք թէ՛ հայախօս են, թէ՛ կը խօսին արցախեան բարբառով, թէ պահած են յունարէնը: Շուշիի բնակիչ, արմատներով յոյն Նինա Աւանէսեան կը պատմէ, որ ինք հայերն ու յոյները հաւասար չափով կը սիրէ ու կը գնահատէ, առանց տարբերութիւն դնելու անոնց միջեւ: Տիկին Նինա Արցախի մէջ ծնած ու երկար տարիներ բնակած ըլլալով կ՚ընդունի իր յոյն ըլլալը, բայց միեւնոյն ատեն, նաեւ ինքզինք արցախցի կը համարէ: Ան իւրացուցած է արցախեան բոլոր սովորութիւնները, յունական տօներն ալ կը նշէ աւանդաբար մեծ մօրմէն ու մեծ հօրմէն ժառանգած: Պատերազմը ապրած է լիովին: Եղբայրը կռուած է պատերազմի ժամանակ, քանի որ պատերազմի դաշտը կռուող ունէին՝ ընտանիքը չէ հեռացած Արցախէն, մնացած է ամենէն վատ օրերուն։

«Այն ժամանակ պատերազմ կար, եղբայրս ալ պատերազմի դաշտն էր, մայրս չէր կրնար երեխաները բաժնել՝ մէկը տանիլ, միւսը՝ ձգել», կ՚ըսէ Նինա Աւանէսեան եւ կը նշէ, որ այդպէս շատեր մնացած են Արցախի մէջ: Արցախի յունական համայնքը երկար տարիներ ղեկավարած է Սոֆիա Եանիտիսի հայրը, իսկ վերջին տարիներուն ա՛ն՝ Սոֆիա սկսած է կազմակերպել արցախայոյն համայնքին կեանքը: Արցախի յունական համայնքի ղեկավար Սոֆիա Եանիտիս կը նշէ, որ այսօր ցաւօք քիչ մարդ մնացած է համայնքին մէջ: Իբրեւ զտարիւն յոյն, որ այսօր տակաւին կ՚ապրի Արցախի մէջ, Սոֆիայի մեծ հայրն է, իսկ ընդհանրապէս, ան կը տեղեկացնէ, որ ներկայիս մօտ քսան ընտանիք արձանագրուած է, որոնց մէջ նաեւ խառն ամուսնութիւններ կան. «Ոչ միայն ես, այլեւ բոլոր արցախցիները եթէ բարձրաձայնենք, ապա պիտի ըսենք, որ մեր արդար պահանջքը լսեն ու ականջ դնեն։ Պատմական փաստերը կարելի չէ խեղաթիւրել: Մենք եղած ենք Հայաստանի մասնիկը, մենք հայ ենք, մեր քարերն ալ հայ են, մեր լռակեաց քարերն ալ հայերէն կը խօսին, պարզապէս թող աշխարհը ճանչնայ մեր անկախութիւնը ու ձգէ, որ հանգիստ արարենք»։

Հետաքրքրական է, որ Արցախի յոյները տեսանիւթին մէջ նաեւ յունարէն կը խօսին, ինչպէս նաեւ ազգային երգեր կ՚երգեն՝ հաճելիօրէն զարմացնելով յոյն լրագրողը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017