ՆՈՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆ
ԻԱ. դարուն՝ մարդկութիւնը կ՚անցնի այնպիսի ալիքներէ, որ նոյնիսկ ան չի գիտեր ալիքներուն մեծամասնութեան ծագումը: Այս ալիքներուն է ենթակայ նաեւ հայ ազգը. պէտք է ըսել, որ անոր հաւատարիմ զաւակները, որոնք չափազանց սակաւ են եւ բնականաբար գիտութեան լոյսը կը վայելեն, ճիգ չեն խնայեր հայոց առագաստը հաւասարակշիռ պահելու՝ ահեղ ալեաց դիմաց, սակայն անոր զաւակներուն մեծակշիռ մասը, որոնք բնականաբար անգիտութեան խաւարին մէջ ինքզինքնին կորստեան կը վարեն, ոչ մէկ հոգ ունին անոր ընկղման առաջքը առնելու եւ նոյնիսկ ձեւով մը՝ գոյատեւման նպաստելու։ Ահ, այդ պատճառով՝ ցաւօք, բայց իրաւ, հայ առագաստը արդէն, մե՛րթ ընկղման եզրին հասած է եւ մերթ ալ կարծես՝ ընկղմած :
Հետեւաբար, ազգը կը գտնուի շատ վտանգաւոր եւ գիշատիչ երեւոյթներու ներսիդին: Արեգականման ժողովուրդին մէջ բնական դարձած են՝ զանազան գարշանման մոլութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ մարդկային ամօթխածութեան եւ ազգային-կրօնական պատուիրապահութեան խիստ դրժումն ու գործադրութեան հանդէպ անտարբերութիւնը, հայ արիւնին ու շահին համար՝ ոչ հարազատ լոզունգներու որդեգրութիւնը, դէպի գիտութեան լոյս տանող ճամբաներու մերժումը՝ եւ յաճախ ազգակիցներուն ալ մերժելուն պատճառ դառնալը, անգիտութեան խաւարին մէջ կորսուիլը եւ ազգային ինքնագիտակցութեան բացարձակ բացակայութիւնը: Եթէ այս բոլորը վերին հայեցողութեամբ դիտենք, պիտի խորհինք, թէ մեր թշնամիներուն կողմէ ծրագրուած հայոց կործանումը, ահա հայ ժողովուրդը ինք իր ձեռքերով կը գործադրէ. թէեւ այս միտքը կրնայ շատ հեշտութեամբ իրականանալ, եթէ տրամաբանօրէն մտածուի, սակայն վերջնական վճիռներ տալէ առաջ պէտք է ակնարկ մը նետել թէ՛ մեր պատմութեան եւ թէ մեր գրականութեան, ուր պահուած են մեր անլուծելի հարցերուն բոլոր պատասխանները:
Երկար ուսումնասիրելէ եւ վերլուծելէ ետք հայ գրականութիւնն ու պատմութիւնը՝ եկած ենք հետեւեալ մեկնաբանութեան. մեկնաբանութիւնը կը հաստատէ, թէ հայութիւնը օրն ի բուն բնազդով այնպիսին է, որ տասնամեակներ, եւ ինչու չէ հարիւրամեակներ, մտօք կը քնանայ եւ կը մտնէ անգիտութեան ժամանակաշրջան մը (անշուշտ խօսքը ամբողջ ածուին չի վերաբերիր. բացառութիւնները ընդմիշտ առկայ են) եւ ապա անմիջապէս կը զարթնի. անոր զարթօնքը, այնուամենայնիւ, բաւականաչափ ուժեղ կ՚ըլլայ, եւ այն զօրութեամբ, որ ամբողջ ազգին մշակոյթն ու անգամ մտայնութիւնը կրնայ շրջադարձօրէն փոխել: Պատմութեան ընթացքին հայերուն հիմնական «նինջ»երը եղած են՝ Երուանդունի եւ Արտաշէսեան շրջաններուն Աթէնական եւ Աքեմանեան մշակոյթներուն հետ խառնուիլը, Քրիստոնէութենէն մինչեւ Ոսկեդար ինկող ժամանակաշրջանը եւ Բագրատունեաց եւ Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն ետք մինչեւ ԺԹ. դարակիսուն փառահեղ մտաւոր զարթօնքը: Կարելի է այս դրոյթները նմանեցնել հրաբուխի մը, որ արդէն վաղուց իր վախճանը գտած է, կամ հանգիստի մէջ է, եւ յանկարծ կը վերաշխատաւորուի ու կը ժայթքի, պատճառ դառնալով տարածաշրջանին թէ՛ բուսական եւ թէ կլիմայական ամբողջական վերափոխման: Վերոյիշեալ մտաւոր նինջերուն պատճառները ընդհանրապէս եղած են՝ հայոց օտար տիրապետութիւններու տակ գտնուիլը, տեղի ղեկավարներուն աշխատանքի թերացումը եւ մասնակիօրէն կրօնական իշխանութեան անտարբեր եւ եսակեդրոն վերաբերմունքը:
Այսօր, հայ իրականութիւնը կը բաժնուի երկու մասի. սփիւռք եւ Հայաստան-Լեռնային Ղարաբաղ: Սփիւռքահայութիւնը, հետեւապէս, արդիւնք է մեծ եղեռնի: Ան իր ձեւաւորման սկզբնական շրջանին շարունակեց ազգային կեանքն ու ապրելակերպը, սակայն տարիներու ընթացքին անոր պատկերը ամբողջովին փոխուեցաւ: Սփիւռքահայքը ինքնին արդէն ըլլալով գաղութային կառոյց մը, ունի իր բազում ենթաբաժինները, որ կը նշանակէ տարբեր խնդիրներ երեւոյթներու այլազանութիւններու հետ միախուռն. այս բոլոր խնդիրներով հանդերձ ան մեծ մասամբ խաղաղ վիճակի մէջ է մտաւոր զարգացում ստեղծելու համար, սակայն օտար ափերու մէջ գտնուիլն ու առօրեայ ձուլման վտանգին դէմ պայքարիլը արգելք կը հանդիսանան, որեւէ մտաւոր վերելքի մը կայացման: Հարկ է յիշել, թէ շատ մը սփիւռքեան գաղութներ, պարզապէս կ՚ապրին միմիայն «հայ» մակդիրին տակ եւ ոչ մէկ կերպով հայկական չափանիշներ կը ներկայացնեն, բացի Հայ Եկեղեցւոյ անդամ դառնալէն. հետեւաբար անոնք ոչ մէկ ներդրում կրնան ունենալ հայոց մտաւոր զարգացման մէջ, բացի եթէ իւրայատուկ ջանքեր թափուին անոնց վրայ հոգեւոր ասպարէզին կողմէ, սակայն այսօրուայ պայմաններուն համեմատ այդ բանը իրականացնելը անկարելիութեանց եզրէն անդին է:
Գալով Հայաստան-Լեռնային Ղարաբաղ հատուածին՝ անոնց ընդհանրապէս վիճակն ու զարգացման ձեւը տարբեր է: Առանձնացնելով Հայաստանը, ան վերջին հարիւրամեակին շնորհիւ իր խորհրդային վիճակին, կը գտնուէր մտաւոր բացառիկ զարգացման մէջ, որ ցաւօք, այս օրերուս իր ընթացքը ամբողջականապէս դադրած է (ծանօթ՝ գրուածը պարզապէս իրականութիւնն է, ոչ մէկ ուրիշ քաղաքական կեցուածք): Մէկ կողմ դնելով բոլոր այլազան աղաւաղուած տեղեկութիւնները խորհրդային Հայաստանին մասին, կու գանք յայտարարել ամենայն համարձակութեամբ, թէ Խորհրդային Հայաստանի ստեղծած հայ միտքն ու մշակոյթը կ՚արձանագրէ գագաթնակէտը՝ ընդհանուր հայ իրականութեան վերջին վեցհարիւր տարուան մտաւոր ու մշակութային զարգացման վերելքին, հակառակ այն փաստին, որ ան երեւութապէս զերծ էր որեւէ տեսակի հոգեւոր ազդեցութիւններէ: (Յաւելուած՝ Հայ ոգին կամօք, թէ անկամ միշտ կապուած է հոգեւորին հետ եւ անոնց զանազնումը անկարելի է): Դժբախտաբար, Հայաստանը իր անկախացումէն վերջ չկրցաւ պահել իր ստեղծած «նոր գոյն»ի ընտիր մշակոյթը, եւ փոփոխութիւն եւ անկախացում յանցեալէ» վերնագրին տակ ենթարկուեցաւ օտար թէ՛ մտաւոր, թէ՛ մշակութային ազդցութիւններու, որոնք երիտասարդ, նորանկախ երկրին լուսաւորականութիւնը, ուսումն ու մտաւոր մակարդակը հասցուցին ամենահամեստ ու սովորական մակարդակներուն, որոնք անխտիր՝ անվայել է հայ ժողովուրդին: Հետեւաբար, դասաւանդութեան լրջութիւնը ակնյայտօրէն բացակայ է ուսուցչաց կողմէ, իսկ աշակերտները իրենց հերթին ոչ մէկ յանձնարարութիւն պատասխանատուօրէն կը գործադրեն: Այս բոլորին կը զուգորդէ դպրոցներու մեծամասնութեան տնօրինութեանց կամայ անհոգոգութիւնը եւ պետական մարմիններուն այս գործին հանդէպ յետնահերթութեան կեցուածքը: Եւ առաւել, դպրոցներուն մէջ անուղղակի ատելութիւն կայ եկեղեցական եւ քրիստոնէական առարկաներու հանդէպ, որ միշտ իշխանութեան կողմէ ստացած է իր հաւանութիւնը, բայց չյիշելով, թէ սա անկախ Հայաստանն է՝ հայոց երազը, Հայ Եկեղեցւոյ ճիգը... սակայն գոչիւնը ոչ մէկ տեղ կը հասնի: Գալով բարձրագոյն ուսման, այսինքն համալսարաններուն՝ անոնք կը փորձեն պահապանել իրենց անցեալի վաստակն ու մակարդակը, սակայն օրուայ եւ դրութեանց ալիքները, ընդմիշտ կը խախտեն անոնց առաքելութիւնը, զանոնք ներդաշնակեցնելով ընդհանուր անառողջ կարծիքներուն հետ: Նայելով Լեռնային Ղարաբաղին՝ ան խորհրդային շրջանին գարաւեալ էր եւ չկրցաւ մաս դառնալ Հայաստանի զարգացման, եւ իր անկախացումէն ետք հետեւեցաւ Հայաստանին, մէկ խօսքով անոնց ներկայ վիճակները, բացառութեամբ կարգ մը քաղաքական պայմանաց, կրնանք նոյնացնել:
Այս է եզրայանգումը: Մտաւոր զարգացումէ մը ետք, հայ ազգը, կամաց- կամաց, կը հռչակէ իր մտաւոր նինջը ներկայ վիճակին վկայմամաբ, որ պիտի տեւէ մինչեւ անծանօթ հեռաւոր զարթօնքը: Իսկ հետեւանքները՝ վտանգաւոր են եւ ազդեցիկ՝ առ յաւիտեանս...
Արդեօք այս նինջին ժամանակը արդա՞ր է: Արդեօք ազգը կարողութիւնն ունի՞ երկրորդ երկար նինջ մ՚առնելու, անոր սպառնացող ահաւոր վտանգներուն հակառակ:
Ո՛չ... Կտրականապէս՝ ո՛չ... ժամանակը երբեք արդար չէ: Նաեւ նշելի է, որ ազգը թէպէտեւ այս անգամ չի կրնար երկար արթուն մնալ, սակայն պէտք է տոկայ ու պայքարի մինչեւ վերջին շունչ: Այս անգամ, եթէ ան սխալի ու ննջէ՝ մահը զինք անակնկալօրէն պիտի գտնէ, եւ ան սպաննուած պիտի ըլլայ իր քունին մէջ. այդպէսով վերջ պիտի գտնէ ամէն ինչ, նոյնիսկ իր պատմութիւնն եւ անունը... Արդ, պէտք է տոկալ, պայքարիլ եւ կռուիլ: Եթէ քաջալերուած չենք՝ քաջալերուինք ու զիրար ալ խրախուսենք, քաջ իմանալով, թէ եթէ արթուն մնանք ու հսկենք մենք մեր վրայ, ու ահազանգի պահին մենք մեր ուժերով մահին ետ դնենք՝ մօտեցող խաւարին, ոչ միայն ողջ կը մնանք, այլեւ կը դառնանք տէրը մեր դարւոր իրաւունքներուն, որոնց միշտ սպասեցինք, ինչպէս նաեւ կը դառնանք կրողը մեծ երախտիքի ու հեղինակութեան՝ ազգերու համաշխարհային ընտանիքին մէջ:
Հետեւաբար քաջալերուինք, ինչ որ ալ ըլլայ մեր վիճակը: Ետ գանք մեր ակունքներուն՝ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ մտաւոր: Իրարու սորվեցնենք, իրարու պատմենք, իրարու օգնենք: Գիտունը թող սորվեցնէ տգէտին, իսկ տգէտը թող ընդունի գիտունի լաւութիւնը եւ ընկալէ գիտութեան լոյսը: Մեր ազգին միակ զէնքը մնացած է կարդալու աչքը եւ գրելու գրիչը՝ օգտագործենք զանոնք, եւ վստահ ենք եւ յոյսով, որ ինչպէս Խրիմեան Հայրիկը իր «Վան գոյժ»ին մէջ նոյնպէս կը յիշատակէ՝ Մովսէսի քոյր՝ Մարիամին պէս թմփուկներ պիտի առնենք եւ պիտի երգենք «Օրհնեսցուք զՏէր, զի փառօք է փառաւորեալ»:
ԿՈՉՆԱԿ ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ