ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ «ՎԵՐԹԵՐՆԵՐ»ՈՒ ՏԱՌԱՊԱՆՔՆԵՐԸ

Անհնար եւ անպատասխան սէրէ տառապած երիտասարդ Վերթեր խորհած է, թէ իր ցաւերէն փրկուելու միակ ելքը ինքնասպանութիւն գործելն է։ Տխուր, մելամաղձոտ տողերովը Կէօթէ իր ընթերցողները «ներքաշած» է այդ տանջանքներու մէջ։ Մարդիկ իրենց տառապանքները, նեղութիւնները տեսած են Վերթերի ցաւերուն մէջ եւ հաւատացած՝ որ սիրոյ զգացումը պէտք է ըլլայ այնպէս, ինչպէս Վերթեր զգացած է։

Գիրքի հրատարակութենէն յետոյ մեծ թիւով երիտասարդներ սկսան մի առ մի ինքնասպանութիւն գործել՝ ինչպէս Վերթերը։ Այդ ժամանակ նորաձեւութիւն եղաւ ո՛չ միայն Վերթերի նման հագնիլը, այլեւ՝ ինքնասպան ըլլալու միտումը։ Ըստ կատարուած հետազօտութեան՝ 1974 թուականին Տէյվիտ Ֆիլիփս յառաջ քշեց այն վարկածը, թէ ինքնասպանութիւնը փոխանցիկ է։ Ըստ իրեն, երբ թերթերու մէջ կը հրատարակուի ինքնասպանութեան մասին լուրեր, ինքնասպանութեան դէպքերու մակարդակը աճ կ՚արձանագրեն 12 տոկոսով։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը նպատակադրած էր ինքնասպանութեան թիւերը նուազեցնել՝ պատրաստելով  այդ դէպքերու մասին լուրերու մատուցման վերաբերեալ տեղեկագիր մը, ըստ որու դէպքերը պէտք չէ մանրամասնուին, կարեկցանք, հետաքրքրութիւն կամ յուզմունք յառաջացնեն։ Հետեւաբար, պէտք չէ ընել հրատարակութիւններ, որոնք կը խրախուսեն ինքնասպանութիւնը։ Այնուամենայնիւ, գիտենք նաեւ, որ մարդիկ ինքնասպան չեն ըլլար միայն այն պատճառով, որ անոնք կարդացած են ինքնասպանութեան մասին գիրք կամ որեւէ գրառում։ Ընկերային զանազան պայմաններու բերումով անձկութենէ տառապող մարդիկ եթէ կարդան սոյն նիւթի մասին գրառում մը, կրնայ իրենց համար խրախուսական ըլլալ՝ նման ձեւով վերջ տալու համար իրենց կեանքին։  

Մենք կ՚ապրինք «սպառողական» ժամանակաշրջանին, երբ անհատ մը սկսած է արժեւորուիլ հասարակութեան մէջ իր դիրքի, նիւթական հարստութեան եւ ձեռք բերած համբաւին միջոցաւ։ Ներկայիս շատերու կողմէ կ՚ընկալուի, թէ յաջող անհատն է նիւթապէս հարուստը։ Այնուամենայնիւ, կեանքի իրողութիւններու եւ ընկերային պարտադրանքներուն ու պատասխանատուութիւններու միջեւ «անջրպետ» մը կայ։ 

Այսօր, իւրաքանչիւր չորս երիտասարդէ գրեթէ մէկը գործազուրկ է։ Անոնք, որոնք կ՚աշխատին, ո՛չ բարձր դիրք, ո՛չ ալ նիւթական հարստութիւն ունին՝ «սպառողական հասարակութեան» պահանջները բաւարարելու համար։ Բացի այդ, աշխարհի նոր տնտեսական կարգավիճակին ներքեւ երիտասարդները յուսահատութեան կը մատնուին՝ տեսնելով, որ անոնք չեն կրնար հասնիլ այնպիսի յաջողութիւններու՝ ինչպէս տուն հիմնել, կանոնաւոր աշխատանք ունենալ, որոնց նախորդ սերունդը հասած էր իր 30-ական տարիքին։ Երիտասարդներ, որոնք կը փորձեն օրինականօրէն հասնիլ իրենց նպատակներուն, բայց չեն կրնար յաջողիլ, կը զգան անյագութիւն եւ չեն կրնար քայլ յարմարցնել իրենց ապրած ընկերային միջավայրին։ Անոնք զիրենք առհասարակ կը զգան միայնակ, անյաջող եւ «լքուած»։ Այս պարագան ալ կը յարուցէ ինքնասպանութեան միտում կամ ուղղակի՝ գործողութիւն։ Թէեւ մենք այլեւս չենք կրնար ծրագրել կամ կանխատեսել ապագայի մասին, սակայն հասնիլ այն կէտին, ուր այլեւս չենք կրնար նոյնիսկ երազել, կրնայ յուսահատութեան եւ հիասթափութեան տանիլ բոլորս։ Այս պատճառով պէտք է երազել, անսահման երազել։ Երազել կը նշանակէ «յոյս»։

Եթէ ճիշդ օգտագործենք կրակը, կը տաքցնէ մեզ եւ կը լուսաւորէ մեր ճանապարհը։ Համացանցն ալ կը նմանի կրակի. սխալ օգտագործման պարագային այն կրնայ ամէն ինչ այրել՝ ներառեալ մեզ։ Միլիոնաւոր երիտասարդներ «յառած են» համացանցի։ Անոնք պատրաստ են ընդօրինակել ոեւէ մէկը եւ նմանիլ անոր։ Հետեւաբար, ինքնասպան եղած մարդոց թողած նամակները բաժնել, թէկուզ բարեխղճօրէն, քաջալերական, խրախուսական են։ Յատկապէս ընկերային ցանցերու մէջ երիտասարդներ ականատես կ՚ըլլան, որ իրենց տարեկիցները կամ բարեկամական շրջանակը աներեւակայելիօրէն պայծառ ու երջանիկ կեանք կը վարեն, անդորր են, ունին ուժ եւ լաւ արտաքին տեսք… Սակայն սա պատրանք է։ Երիտասարդ մը, որ չի կրնար զանազանել իրողութիւնն ու պատրանքը, կ՚իյնայ անձկութեան, ընկճումի «ծոց»ին, չի կրնար անդրադառնալ իր սեփական արժանիքին ու կը կորսնցնէ ինքնավստահութիւնը։ 

Երբեմն ծնողներ մեծ ակնկալիքներ ունին՝ իրենց զաւակը լաւագոյն դպրոց մը ուղարկելու կամ շահաբեր գործ մը գտնելու մասին եւ այս բանը սովորաբար կ՚ընեն համեմատելով իրենց դրացիներու կամ դպրոցի ընկերներու հետ։ Սա երեխայի մօտ կը յառաջացնէ վախ՝ չկարենալ բաւարարելու մտահոգութեամբ այս սպասումը։ Ծնողներ անձկութիւնը կրնան շփոթել «պատանեկութեան» կամ դիւրայուզութեան հետ, այս պատճառով ալ չեն կրնար արհեստական օգնութիւն ստանալ իրենց հարցերը լուծելու համար։ 

Ինչ կը վերաբերի ինքնասպան եղած անձերու ետին թողած նամակներուն՝ մարդիկ առաջին հերթին կը նային դէպքի պատճառին։ Այդ գրառումները կը պարունակեն բազմաթիւ «պատճառաբանութիւն»ներ, իբր այդ ալ պէտք չէ կարդալ եւ տարածել զանոնք ձեռքէ ձեռք։ Անոնք կրնան խթանել ծանր հոգեկան անհանգստութիւն ունեցող մարդիկը, որոնք հակուած են ինքնասպանութեան գաղափարին։ Պէտք է առաւել ազդու միջոցներու ձեռնարկուին ամրապնդելու համար ընկերային՝ մանաւանդ ընտանեկան յարաբերութիւնները, կապերը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2020