ՀԱՅԱԳԷՏ ՖՐԵՏԵՐԻՔ ՄԱՔԼԷՐԻՆ ԱՅՑԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՊՈԼԻՍ

Եւրոպացի հայագէտներուն մէջ իր ուրոյն տեղը ունի ֆրանսացի գիտնական եւ հայագէտ Ֆրետերիք Մաքլէր, որ հայ ժողովուրդին նուիրուած իր յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով անգնահատելի ծառայութիւն մատուցած է հայագիտութեան: Անոր աշխատութիւնները վերաբերած են կրօնքին, հայ ժողովուրդի պատմութեան, աշխարհագրութեան, բանահիւսութեան, գրականութեան, մշակոյթի զանազան բնագաւառներուն եւ հրատարակուած են եւրոպական հրատարակութիւններու կողմէ:

Մաքլէր աշակերտած է ֆրանսացի ծանօթ պատմաբան եւ հայագէտ Օկիւստ Քարիէրին, որմէ սորված է հայերէն, ասորերէն եւ եբրայերէն: 1888 թուականին լոյս ընծայած է «Դանիէլ մարգարէի անվաւեր հայերէն յայտնութիւններ» աշխատութիւնը, որով սկսած է անոր հայագիտական գործունէութիւնը:

1911-1937 թուականներուն Մաքլէր հայոց լեզու դասաւանդած է Փարիզի Ապրող լեզուներու արեւելեան բարձրագոյն դպրոցին մէջ: Ուրիշ նշանաւոր ֆրանսացի հայագէտի՝ Անթուան Մէյէի հետ, Մաքլէր հրատարակած է «Revue des études arméniennes» ամսագիրը, միասին հիմնած են հայագիտական ընկերութիւն մը, իսկ Անթուան Մէյէի մահէն ետք՝ 1905-1938 թուականներուն, Փարիզի Արեւելեան լեզուներու դպրոցին մէջ դասաւանդելով հայոց լեզու (գրաբար եւ աշխարհաբար), հայոց պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, Մաքլէր պատրաստած է բազմաթիւ հայագէտներ:

Ֆրանսայի եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի մէջ հայագիտութեան յետագայ զարգացման համար եւ հայութեան խնդիրները անկողմնակալ ձեւով աշխարհին ներկայացնելու գործին մէջ անպայման կը նշուի անոր ունեցած անուրանալի դերը: Ի դէպ, Փարիզի Ազգային գրադարանին մէջ պահուող հայ ձեռագրերուն ցուցակը առաջիններէն մէկը ան կազմած եւ հրատարակած է, որուն լուսանկարը նիւթին կը կցենք:

ԺԱՄԱՆՈՒՄ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Մաքլէր ծնած է 1869 թուականին: 1909 թուականին՝ յուլիս-հոկտեմբեր ամիսներուն, իր քառասուն տարեկանին, ան ուղեւորութիւն մը կատարած է դէպի Հայաստան՝ դէպի Էջմիածնայ վանք. այդ ուղեւորութեան նպատակը գիտական ուսումնասիրութիւնն էր: Հայագիտութեամբ հետաքրքրուած ֆրանսացին ծրագրած էր ուսումնասիրել հայերէն ձեռագիր Աւետարաններ եւ յետագային, այդ ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք, հրատարակած է «Աւետարանի հայերէն բնագիրը»:

Ըստ հայրենի «Լրաբեր» հանդէսի մէկ հրապարակման (տպագրուած 1969-ին), կը տեղեկանանք, որ մինչեւ Հայաստան երթալը, Մաքլէր կ՚այցելէ Վիեննա, ուր Մխիթարեան միաբանութեան թանգարանին մէջ կ՚ուսումնասիրէ հոն պահուող յունարէն տապանագիր մը եւ մատենադարանի նոր ստացած հայերէն ձեռագրերը։

1909 թուականի յուլիս ամսուն Էջմիածնի մէջ Մաքլէրը կ՚ընդունին կաթողիկոսական տեղապահ Սուրէնեանցը, մատենադարանապետ Մեսրոպ Տէր-Մովսէսեանը եւ հայագէտ Գալուստ Տէր-Մկրտչեանը։

Յատկանշական է, որ Էջմիածնի մէջ Ֆրետերիք Մաքլէր հանդիպած է նաեւ Կոմիտասին, որուն հետ, ի դէպ հասակակիցներ են, նոյն թուականին ծնած են երկուքն ալ: Կոմիտասի ուղեկցութեամբ Մաքլէր կ՚այցելէ Էջմիածնի Գայիանէ, Հռիփսիմէ եւ Շողակաթ վանքերը, միասին կ՚ուղեւորուին Օշական, Աշտարակ, Մուղնի, Կարպի, Ուշի, Սաղմոսավանք, Օհանավանք, Գեղարդ, բոլոր այս վայրերուն մէջ ան կը ծանօթանայ հին յուշարձաններուն, կը լուսանկարէ եւ զանոնք կը հրատարակէ իր աշխատութիւններուն մէջ՝ ծանօթագրելով ամէն մէկ կոթող եւ բոլոր նկարագրութիւններուն մէջ ցոյց տալով հայ ժողովուրդի հոգեւոր ժառանգութեան համամարդկային արժէքը:

Հայկական բնակավայրերու մէջ Մաքլէր նաեւ հետաքրքրուած է հայկական աւանդական ծէսերով, շրջաններու բնորոշ տօներով, աւանդութիւններով եւ մանաւանդ վանքերուն մէջ կատարուող ուխտագնացութիւններով: Ան նկարագրած է որոշ գիւղերու մէջ պահպանուած այնպիսի պաշտամունքներ, որոնք հեթանոսութենէն եկած էին. օրինակ՝ օձերու պաշտամունքը, բան մը, որ այսօր անշուշտ վերացած է:

Իր աշխատութեան մէջ Մաքլէր զատ բաժին մը միայն Զուարթնոցի տաճարին յատկացուցած է, անդրադառնալով անոր կառուցման պատմութեան եւ աւերման, պեղումներուն եւ ճարտարապետ Թորոս Թորամանեանի վերականգնած յատակագիծին: Բնականաբար, աւելի մանրամասնօրէն նկարագրած է Էջմիածնի յուշարձանները, զորս ուսումնասիրելու աւելի երկար առիթ ունեցած է:

Նոյն «Լրաբեր» հանդէսը, յենելով Մաքլէրի՝ Հայաստանէն վերադառնալէ ետք 1911 թուականին Փարիզի մէջ ներկայացուցած զեկուցումին վրայ, կը գրէ, որ Ֆրետերիք Մաքլէրի ուշադրութենէն չեն վրիպած իր այցելած գիւղերու բնակչութեան վիճակը եւ անոնց զբաղմունքը: Օրինակ՝ ան կը նշէ, թէ Աշտարակի շրջանի որոշ գիւղերուն մէջ բնակութիւն հաստատած թաթար եւ քիւրտ հովիւները համերաշխ կ՚ապրին հայերուն հետ եւ մահմետականները, մզկիթ չունենալու պատճառով, հայոց եկեղեցին կը յաճախեն:

1909 թուականի սեպտեմբերին Էջմիածինէն վերադառնալու ճամբուն վրայ, գիտնականը որոշ ժամանակով կանգ առած է Թիֆլիզ քաղաքը: Հոս նոյնպէս ուսումնասիրած է մանաւանդ հայկական հետքը, քաղաքի հայ բնակչութեան, հայկական միութիւններու, մամուլի, հայկական թատրոնի, հայ գրողներու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդելով եւ արձանագրելով, որ հայերը գրաւած են Թիֆլիզի գրեթէ բոլոր բնագաւառները:

Թիֆլիզի մէջ հանդիպած է այդ ժամանակ արդէն 84 տարեկան Գաբրիէլ Սունդուկեանին, զայն նկատելով «հայ թատրոնի հայր», եւ Եւրոպայի մէջ յետագային, իր դասախօսութիւններուն ընթացքին, ներկայացուցած է Սունդուկեանը, անոր գործերը, ինչպէս նաեւ ուրիշ հայ թատերագիրներ: Սունդուկեանի հետ, ի դէպ, ֆրանսերէն զրուցած են, քանի, որ, ինչպէս յայտնի է՝ թիֆլիզահայ մեծ թատերագէտը բազմալեզուակիր էր՝ կը տիրապետէր ոչ միայն ֆրանսերէնին, այլեւ գրաբարին, լատիներէնին, իտալերէնին, ռուսերէնին եւ այլ լեզուներու:

ԴԷՊԻ ՊՈԼԻՍ

Նոյն թուականի հոկտեմբերի երկրորդ կիսուն Մաքլէր ծովային ճամբով կ՚ուղեւորուի Պոլիս, ճանապարհին հարուստ տեղեկութիւններ կը հաւաքէ իր հանդիպած ծովափնեայ քաղաքներու՝ Պաթումի, Տրապիզոնի, Օրտուի, Սամսունի, Պաֆրայի, Ինեպոլուի հայութեան մասին։ Այնպիսի մանրամասն տեղեկութիւններ գրի առած է, ինչպիսիք են հայերուն թիւը, դպրոցները եւ միւս հայկական կառոյցները, այդ քաղաքներուն մէջ հայերուն ունեցած հասարակական եւ տնտեսական դիրքը եւ այլն:

Ան աւելի մանրամասն նկարագրած է պոլսահայութեան կեանքը, նկատելով, որ քաղաքին վարչական կառոյցներուն եւ առեւտուրի ցանցին մէջ հայերը լաւ դիրք գրաւած են, ունին մամուլ, կազմակերպութիւններ, թատրոն եւ այլն: Հոս յատկապէս նշենք, որ ֆրանսացի հայագէտը իր յետճամբորդական զեկուցումին մէջ գովասանքով խօսած է պոլսահայ մամուլի բազմազանութեան եւ արժանիքներուն մասին եւ այդ մէկը մեծապէս գնահատած է, քանի որ նոյնը չէ տեսած պետական աջակցութիւն վայելող թրքական եւ յունական մամուլին մէջ: Գրած է հետեւեալը. «Նոյնիսկ հալածանքի ամենամռայլ օրերուն, հայերը Պոլսոյ մէջ ունեցած են հինգ կամ վեց օրաթերթ եւ նոյնքան ալ շաբթական հանդէսներ, մեծ մասամբ գրական, մինչդեռ թրքերէն եւ յունարէն լեզուներով հազիւ կը հրատարակուէր նոյնքան օրաթերթ եւ երկու կամ երեք պարբերական» («Լրաբեր» հանդէս, 1969 թուական, ըստ Մաքլէրի հաշուետուութեան ներկայացուած ֆրանսական պետութեան):

«Լրաբեր» հանդէսին մէջ յօդուածագիր Մ. Մինասեան կը գրէ, թէ պոլսահայ թատրոնի մասին խօսելով՝ Մաքլէր մեծ գովեստով կը յիշատակէ «Աբէլեան-Արմէնեան» թատերախումբին ճաշակաւոր խաղացանկը եւ անոր արդիականութիւնը:

Օրթագիւղի Անտոնեան հայրերու վանքին մէջ Մաքլէր ուսումնասիրած եւ նկարագրած է «Թարգմանչաց» կոչուող հռչակաւոր Աւետարանը, որ ըստ աւանդութեան, ընդօրինակուած է մեր առաջին թարգմանիչներու ձեռագրէն:

Վիեննա-Հայաստան-Թիֆլիզ-Պոլիս գիտական ուղեւորութեան մանրամասնութիւնները անոր՝ Ֆրանսայի պետութեան ներկայացուցած զեկոյցին եւ յետագային հրատարակուած գիրքերուն մէջ են: Իսկ ինչո՞ւ ան Ֆրանսայի պետութեան ներկայացուցած է այդ զեկոյց-հաշուետուութիւնը, քանի որ նոյնինքն ֆրանսական պետական աջակցութեամբ կարելի դարձած է այդ չորս ամսուան գիտական ուղեւորութիւնը:

Այդ գրութիւնները մինչեւ այսօր ալ կը ծառայեն իբրեւ կարեւոր աղբիւր հետազօտողներուն համար, մանաւանդ՝ եւրոպացի հայագէտներուն, որոնք հայկական աղբիւներուն զուգահեռ, միշտ կարեւոր կը նկատեն օտարազգի դասական հայագէտներու գործերուն ուսումնասիրութիւնը:

ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ինչպէս իր մէկ յօդուածին մէջ կը տեղեկացնէ հետազօտող, գիտնական Վարդան Մատթէոսեան, հայագիտական ու հայասիրական իր գործունէութեան ընթացքին Մաքլէր բազմաթիւ հայ մտաւորականներու հետ կապեր պահած է, այդ կարգին՝ թղթակցութիւն ունենալով նաեւ Կոստան Զարեանի հետ՝ ղրկելով անոր նամակներ եւ բացիկներ: Զանազան առիթներով զարեանական իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ Վարդան Մատթէոսեան անդրադարձած է այդ նամակներուն, որոնք Զարեան ստացած է 1912 թուականին՝ Վենետիկ ապրած շրջանին: Մատթէոսեան կարեւոր կը նկատէ այդ նամակները զարեանագիտութեան մէջ, այն առումով, որ Զարեանի վենետիկեան առաջին շրջանին՝ 1911-1912-ի վերաբերեալ փաստական տեղեկութիւնները շատ քիչ են:

Նամակներու ընթերցումէն Մատէթոսեան պարզած է նաեւ, որ Մաքլէր նախօրօք գտնուած է Վենետիկ, ուր ծանօթացած է Զարեանին, որուն հետ միասնաբար որոնումներ կատարած է «Ակադեմիա» պատկերասրահին մէջ:

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՄԱՍԻՆ

1917 թուականին Փարիզի մէջ լոյս կը տեսնէ Մաքլէրի «Երաժշտութիւնը Հայաստանի մէջ» գրքոյկը, որուն լուսանկարը նոյնպէս կը կցենք: Գիրքին մէջ Մաքլէրի մէկ ելոյթն է, որ ան ունեցած է նոյն թուականին, Փարիզ: Ըստ տեղեկութիւններուն, Մաքլէրի այդ ելոյթը ընթացած է երաժշտական կատարումներով, որ աւելի կենդանի դարձուցած է հայկական երաժշտութեան մասին անոր խօսքը: Գրքոյկին մէջ հայագէտը ֆրանսացի հասարակութեան կը պատմէ հայկական երաժշտութեան սկզբնաւորման պատմութիւնը՝ հեթանոսական ժամանակներէն մինչեւ իր ապրած օրերը:

Թէ՛ ելոյթին եւ թէ գրքոյկին մէջ մեծ տեղ յատկացուցած է Կոմիտասին, անոր անուան հետ կապելով հայ մաքրամաքուր երաժշտութիւնը օտար հնչիւններէ ազատելու եւ տարածելու գործը: Գիրքը ստեղծելու մէջ դեր ունեցած են Կոմիտասի ունեցած ելոյթները Փարիզի մէջ՝ 1906-1907-ին նաեւ՝ 1914-ին, երբ Կոմիտաս Փարիզի մէջ կը մասնակցի Միջազգային երաժշտական ընկերութեան հինգերորդ համաժողովին՝ ներկայացնելով երեք զեկուցում հայ հոգեւոր երաժշտութեան, ժողովրդական երաժշտութեան եւ խազագրութեան մասին։

Մաքլէր, անշուշտ, երաժշտագէտ չէր, եւ հայագէտները այն կարծիքը ունին, որ այս գրքոյկը հրատարակելու գործին մէջ մեծ եղած է անոր անձնական ծանօթութիւնը Կոմիտասին հետ եւ անոր անցուցած յիշարժան օրերը՝ Մայր Աթոռէն ներս եւ հայոց դաշտ ու սարերուն մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021