ԹՈՐՈՍ ԱԶԱՏԵԱՆ (1898- 1955)

Անցնող շաբթուան մեր սիւնակով հատուածներ ներկայացուցինք Թորոս Ազատեանի «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր» եւ «Լիբանանեան յուշեր» հատորներէն: Այսօր դարձեալ մեր ընթերցողներուն Ազատեանի այլ աշխատութիւններէն հատուածներ պիտի ներկայացնենք, աւարտին հասցնելով Ազատեանի մասին մեր կատարած այս շարքը:

«Անահիտ» հանդէս մտածման եւ արուեստի, Նոր շրջանի Բ. տարի թիւ 5-6, յունուար-ապրիլ 1931-ի, էջ 77-78-ի վրայ «Հոգիի խոյանքներ (Երաժշտական ունկնդրութիւն)» գրութեան մէջ կը կարդանք.

* Երաժշտական հանճարի մը լոյսը կը թռչտի ստեղներուն վրայ, եւ իմ էութիւնս կ՚ողողէ անդիմադրելի յոյզերով ու քաղցրութիւններով:

* Ստեղնաշարը կը վէտվէտւ մատներու սպիտակ բռնկումին տակ: Համակ գորով, քաղցրութիւն եւ աղապատանք է որ կը հոսին կարծես էութեանս մէջ:

Անտեսանելի լարերու խուրձ մըն են զգացումներս: Դիցանոյշներ կը քակեն զանոնք մեղմիւ ու կ՚երկարեն անհուն նուագարանի մը, ուր գգուական հպումներով կու գայ յամենալ արուեստին ճառագայթացումը, ինչպէս արեւին առաջին համբոյրը՝ որ կը դողայ ջուրերուն վրայ:

* Մեր հոգիները կը խօսին լռութեան բարբառով:

Աչքերս փակ են մշտանորոգ տեսիլներուն դէմ:

Ոչ մէկ լար կը թրվռայ ականջներուս մէջ:

Զգայարանքներէս, մարմինէս կը վանեմ ամէն դող ու սարսուռ, որ կու գան արտաքին աշխարհէն:

Կը պայքարիմ լոյսին դէմ որ կ՚ուզէ էութենէս ներս թափանցել:

Երազը գրկած է զիս իր թեւերուն մէջ ու ես մոռցած եմ ինչ որ իրականութիւնն է, ինչ որ արդէն ստեղծուած:

Տրտմութեան քօղեր կը ծածկեն քայլերս:

Կ՚երգեմ առանց ձայնի: Եւ համբոյր մը կը դողայ իր մատներուն վրայ:

* Սիրտս բաժակ մըն է մեղքերէ մաքրուած:

Անոր մէջ կը հոսի մանրագորով մրմունջը թաքուն սէրերուն:

Երջանկութիւնը կը յամենայ հոն թափել ջերմ մարգարիտը հոգեյոյզ պահերուն:

Հոն կը նետեմ կրակը տառապանքին, հրդեհը ցանկութեան ու քօղերը տրտմութեան:

Իր աչքերուն լոյսը կը շողայ իմ աչքերուս մէջ:

Իր շրթունքներուն բոցը կը բռնկի իմ շրթունքիս վրայ:

Ափերուս մէջ կը հոտոտեմ թարմութեան ծաղիկը:

Ու կը լիանամ, կը լիանամ:

Բաժակին մէջ յորդած է գինին լուռ համբոյրներուն:

* Երբ նուագը կը դադրի, իմ հոգիս դեռ կը սաւառնի հայրենի բնութեան տեսիլներուն վերեւ: Հոն, ուր նշենիները կը ծաղկին գարնան, եւ իրենց շափրակներուն տեղ արիւնի կայլակներ կը նետեն հողին մերկութեան:

Կ. Պոլիս 1929

***

Թորոս Ազատեանի «Քառասնակ» գիրքը, լոյս տեսած է 1930-ին Պոլսոյ մէջ, զայն ձօնած է իր հօր յիշատակին: Այս գիրքը ձեւով մը Թորոս Ազատեանի որպէս ակնցի ճիտի պարտքը եղած է իր ծննդավայրին նկատմամբ: Գիրքը կը բացուի Արշակ Չօպանեանի յառաջաբանով, ուր Չօպանեան բազմաթիւ տեղեկութիւններ կու տայ Ակնի անցեալի ու ներկայի մասին: Ապա, անդրադառնալով Ազատեանի այս գործին, կը գրէ.

* Ակնայ ցեղին ընտիր զաւակներէն մին, Թորոս Ազատեան բանաստեղծը, որ մեր մէջ ծանօթ է արդէն ու սիրուած՝ Բինկեանի սխրալի քնարեգակ Մեծարենցի կեանքին ու գործին նուիրուած իր գեղեցիկ հատորով եւ իր փափկազգաց ու ներդաշնակ տաղերու հաւաքածուներով, ահա կու գայ սիրուն յուշարձան մը կանգնել իր ծննդավայրին ի պատիւ: Տեղագրական, պատմական, ֆոլքլորաբանական աշխատութիւն մը չէ ասիկա, այլ լաւագոյն բան մը, աւելի կենդանի, աւելի թրթռուն, աւելի տեւական: Ակնայ շրջանի ժողովուրդին երէկուան կեանքը, բարքերը, աւանդութիւնները, հաւատալիքները, տօնական օրերու սովորոյթները եւ պանդխտութեան տռամին այս կամ այն դրուագը, բանաստեղծի թարմ, գունագեղ, նուագաւոր արձակով պատմուած, այս հատորին մէջ ամփոփուած են, Ակնայ բնական գեղեցկութեանց ճարտարօրէն ոգուած շրջապատկերով պաշարուած եւ ժողովրդական բանաստեղծութեան գեղեցկագոյն էջերէն ոմանց պատշաճաւոր ընդելուզումով լուսաւոր-ւած: Ազատեան մէկդի դրած է Պոլիս բախտ փնտռելու գացող այրերուն արկածալից պատմութիւնը, զոր օր մը վիպասան մը գեղարուեստօրէն պիտի վերապրեցնէ անշուշտ, անոր մէջ եղած լոյսի ու ստուերի համեմատութիւնները ճշգրտօրէն ի վեր հանելով: Այստեղ արտայայտուած կը գտնենք միայն ինչ որ ծննդավայրը մնացող մարդոց, մանաւանդ կիներուն ու մատաղ սերունդին կեանքին մէջ կար քնքոյշ ու միամիտ, կամ խստօրէն նահապետական, կամ խանդավառօրէն թարմ, կամ ցաւագինօրէն սրտառուչ, ամէնքն ալ՝ խորապէս բանաստեղծական: Ի՞նչքան լաւ գաղափար ունեցած է մանաւանդ Ազատեան՝ լիակատար վիպումի մը մէջ, վերարտադրելով, ամբողջացնելով ու ընդլայնելով Ակնայ աւանդական սիրային վիպերգներէն երկուքը, որոնցմէ Ճանիկեան իր հատորին մէջ քնարերգական քանի մը հատուածներ միայն տուած է. Ջուխտակ ձիաւորը եւ Վերադարձը հայկական պանդխտութեան տռամին ամենէն բնորոշ ու յուզիչ արարներէն են, մին մռայլ ու ցաւագին, միւսը վիպական ու շնորհալի, երկուքն ալ զգայուն արձակով մը պատմուած, որուն մէջէն, ինչպէս ստուերոտ պուրակի մը կամ ծաղկաւէտ պարտէզի մը մէջէն, քաղցրօրէն կը հոսի ժողովրդական բանաստեղծութեան վճիտ ու դաշնակաւոր առուն:

Ահա՛ որդիական երկիւղած մեծարանքի, կարօտատենչ ու սգաւոր գորովի ժեսթ մը՝ հեռաւոր պանդուխտ պուէտի մը հոգիէն ուղղուած դէպի խաւարած ծննդավայրին երէկուան պատկերը կենդանի:

Ահա՛ գիրք մը, հայրենասիրական բարեպաշտութեան ջերմեռանդ զգացումով ու արուեստագէտ բանաստեղծի նուրբ մատներով հիւսուած, զոր, ինչպէս երբեմնի ակնցի տիկիններուն բանած թանկագին ծածկոյթները՝ տաճարներու խորանին իբր զարդ եւ իբր սրտի տուրք ընծայուած, հեղինակը կը նուիրէ հայրենիքի յիշատակներու հոգեկան մշտականգուն սրբազան խորանին:

Եւ ո՞վ աւելի լաւ պիտի կարենար նկարազարդել այս աղուոր ու սրտաշարժ հատորը, եթէ ոչ Ակնէն բխած այն միւս տաղանդաւոր արուեստագէտը, խոր-հըրդանշական ինքնատիպ ու հմայող գծագրիչը, որ Մելքոն Քէպապճեանն է: Պատկերները զոր ան յօրինած է այս գրքին իւրաքանչիւր գլուխը նկարչականօրէն մեկնաբանելու համար, Ակնայ հին, անհետացած կեանքին տեսիլները համադրող, խորազգած, խոհալից ու կատարեալ քերթուածներ են, ուր վաղեմի անտունիներու նուրբ ու տոհմիկ ոգին կը թրթռայ՝ մերօրեայ բարդ ու խորհրդաւոր արուեստի մը մէջ խտացած ու վերանորոգուած:

Փա­րիզ, 1929
(էջ XVIII-XX)

Չօպանեանի յառաջաբանէն ետք, Ազատեան Նախերգանք մը գրած է, ուր ի միջի այլոց՝ կը կարդանք.

* Ո՛վ իմ կեանքս, որ կը փնտռես սկիզբը մոռացումի եւ խորութեան պարտէզներէն հոսող ձայնին, տակաւին աննենգ ու գրեթէ անտարբեր քու նայուածքդ, խաղաղ իրիկուններուն հանդէպ՝ կը գծէ աւազանը շնչող քու հոգիիդ, որուն հայելին պիտի ցոլացնէ ինչ բան որ գոյութիւն չէ ունեցած, եւ ուր պիտի գան հետզհետէ լուծուիլ կամքն ու մտածումը տակաւին արթուն եւ իմաստուն քու ցաւերուդ (էջ XXIII):

* Մատղաշ կեանքեր մեզի՛ կը նային մեր յոյսերուն խորունկէն:

Ջուրերուն վրայ սաւառնեցաւ աղաղակը ատելութեան փրփուրներուն:

Պատեանը եւ պողպատ, խաւար ու նենգութիւն որոնցմով ճակատագիրը զիրենք հագուեցուց, խորասուզուեցան յանկարծ լռին ու եղերական, եւ իրենց ճիգին ու ոգորումներուն երբեք չայցելեցին գութ ու պատրանք հաւատքի կայմին վերեւ… (էջ XXIV):

* Լռութեան մէջ, որ կը վերապրի ոգեւորումը աւերակներու վերջալոյսին, եւ ուր փլուզում մը, իր քանդակներուն տակ կը թաղէ աղօթքը արհամարհուած սրբութեան մը, չի՞ վերծանիր արդեօք հիմա տառապանքը ազնիւ ցանկութիւններու, եւ այլեւս պիտի չայցելե՞ն մեզի յիշատակները մեր սիրելի անցեալին… (էջ XXIV):

Ապա գիրքը կը բացուի «Քառասնակ» գրութեամբ, ուր Ազատեան կը գրէ.

* Աղբիւրներուն ամենէն սիրելին:

Իր քառասուն ակերը՝ մէկ կարգի, կը բխին աւանդութեան ժայռէն, յօրինելու համար անանուն պարը լուսեղէն ձեւերու…:

Ես ունկնդրած եմ անոնց երգին, ինչպէս դիւթական քնարի մը, ու լուռ երազած՝ դիտելով մեղմօրէն ծփալը անոնց լարերու մետաքսին, զոյգ մը քարէ աւազաններու մէջ:

Բոլորակաձեւ այդ աւազաններուն շուրջը, հնօրեայ թթենիի մը ստուերներուն տակ, նոր ճլտորիլ սկսած պատանեակներ, յաճախակի էր մեր ներկայութիւնը ամենէն համով խրախճանութիւններուն:

***

Գիւղին ճիշդ դէմը կ՚իյնան անոնք, Քառասնակի ջուրերը, ու ժայռին վրայէն, նշանատախտակի մը գրերուն պէս, յստակութեամբ կը կարդացուին:

Մանաւանդ այն առտուներուն, որ տաղաւարներ կը լուսցնեն սովորաբար, առինքնող փայլ մը կը ստանան անոնք, երբ հանդիպակաց վրանները, թթենիին ստուերներուն տակ, կուտ ուտող աղուընակներու սպիտակ տեսիլը կը նկարեն տղու մեր չարաճճի աչքերուն:

Տղայ ծնիլ, մեծնալ գեղին մէջ ազատ, ու հանդուրժել լռեցնել իր քայլերը, որպէսզի անոնք հրաժարին, զրկեն քեզ օրուան ուրախութիւններէն: Կարելի չէր հաւատալ այդ բանին (էջ 3-4):

Գեղի Զատիկը գրութեան մէջ կը կարդանք.

* Հին օրերու հէքեաթի մը պէս կը դիմաւորեմ զինքը, մեր գեղին Զատիկը, իր այլազան երեւոյթներովն ու քմայքներովը, ու կը զգամ որ իմ հոգիիս մէջ կը ծաւալի քերթուածը անոր անիմանալի խորհուրդին:

Կը խորհիմ. ինչպէ՞ս հիմա բիւրեղացնել անանուն երգը, որ այդ ահաւոր օրուան լոյսերուն հետ, բարձրօրէն պայծառ ու խորունկ, կը բխի միաժամանակ բոլոր արարածներէն, բնութեան բոլոր բոյրերէն ու բոլոր ձայներէն:

Ինչպէ՞ս կարելի է անցնիլ աղբիւրէ աղբիւր, հնձանէ հնձան, ողջուներու մի առ մի վերկենդանութիւնը դարձող այդ ամէնուն. մանաւանդ ինչպէ՞ս հետեւիլ ուրախութեան կոյսերուն, աւազաններու մենութեան սիրտը, եւ ունկնդրել մտերմութեանը մարդկային հոգիին ու սրբազան ակունքներուն:

Այդ օրուան լոյսը անսահման մեղեդի մըն է, կապոյտին եւ աստեղերուն քաղցր երաժշտութեամբ բաբախուն, որ անվերջանալի բուրվառի մը պէս, մեղմօրէն, կը ծածանի պարտէզէ պարտէզ, գեղէ գեղ ու հորիզոնէ հորիզոն:

Ոչ մէկ տաղաւար թերեւս այնքան մօտ կը խօսի պատանի սրտերուն: Բարեկենդանէն մինչեւ Ծաղկազարդ անհամբերութեան շրջան մըն է: Աւագ օրերու տողանցքին հետ տրամադրութիւնները կը լայննան ու կը դիմեն գերագոյն ցնծութեան մը վայելումին: Կարելի՞ է սահմանել չափը ոգեւորութեան, որ կը սկսի Խթումի իրիկունէն:

Աւելի քաղցր է ունկնդրել մանկական սրտերու բաբախումին ու դիտել անխառն երջանկութիւնը անոնց:

Ներսը՝ մէկ շարքի, հինգ խորան, ծանրօրէն կը պսպղան անխառն ճաճանչներու մէջ, ոսկիի, զմրուխտի եւ ադամանդի: Սրբազան անօթներով, մետաքսով ու սնդուսով տաղաւարուած մայր խորանին ճիշդ մէջտեղէն Յիսուս յարութիւն կ՚առնէ վարդագոյն դրօշակ մը ձեռքին:

Ներսը, տաճարին մէջ, մինչեւ դուռը, լեփ լեցուն հաւատաւորներ գինովութիւնը կ՚ապրին երկնային մեղեդիներու, ծնծղաներու եւ բուրումներու: Յարութեան նկարը կը փողփողի լոյսերուն մէջ, խորանին բարձունքը: Ոսկի աղաւնեալ մը, շքեղ պատուանդանի մը վրայ, կը կրէ իր մէջ սրբազան հեղուկը հաւատքի լոյսին: Վարագոյրները ծալլուած, կը պսպղան իրենց ոսկեճամուկ ու սիւնակերտ հանդերձանքին մէջ: Ուրախութիւնը անսահման է ու փալկտուն՝ նայուածքներուն խորունկը (Էջ 44-46):

* Պատանիներուն, հաւկիթի սիրահարներուն համար Զատիկը կը սկսի Խթումէն յետոյ: Անոնք որ առած են իրենց ոսկի կտիկը, կ՚աճապարեն դուրս ու կը խառնուին աղըլային: Բղբուջ-բաջուկները հալուէի նման փշուր փշուր կը դառնան տղոց բերնին մէջ:

Հաւկիթներու խատուտիկ պա՜րն է հիմա ալ տարածուեր տաճարի պարիսպներէն դուրս ու ներս:

Ամէն գոյն կարելի է նշմարել այդ մանրիկ, սիրուն առարկաներուն վրայ. ոմանք մութ կարմիր վարդի կոկոններու շրջագիծը կը բանան ափերու մէջ, իսկ ոմանք խատուտիկ, նաշխուն թռչնիկներ ըլլայ կարծես, թառ իջած մատուըներու վրայ. ա՛յնքան բնական կը թուի իրենց կտկտոցը, իրենց շվոցը:

Թռչնացե՜ր է ամէն կողմ:

Ես ալ իմ կռուն հաւկիթս ունիմ, ընկուզի եւ սոխի փուրով ներկուած:

Կը մօտենամ խաղերուն:

Կարմրուկ, դեղնաւուն, կապոյտ ու կանաչ պատեանները անակնկալօրէն կը փշրուին: Տղաք տեսակ մը կարօտով կ՚ուտեն, կը ճաշակեն այդ լոբիկ, կակուղ գնդիկները, անոնց դեփ դեղին կոլոփները (էջ 48-49):

***

1939 Իսթանպուլի մէջ լոյս տեսած «Կոմիտաս Վարդապետ. Քնարեգրութիւններ» գրքոյկին ներածականը Ազատեանը գրած է: Կը կարդանք.

* Երգահան ու երգասաց Վարդապետը իր քնարերգական ստեղծագործութիւններով յետ մահու կը յայտնուի միանգամայն խորազգաց քերթող մը: Տարիներ անընդհատ հաւաքած է ան հազարաւոր գեղջկական երգեր, դաշնաւորած է անոնցմէ լաւագոյնները, երկար զբաղած գաւառաբարբառներու ստուգաբանութեամբ, իր հոգին ընդունարանը եղած է հայ ժողովուրդի զանազան հատուածներու տոհմիկ աւանդութեանց, անխառն սիրոյ, կարօտի եւ հաւատքի կայծկլտումներուն, ներշնչուած է անոնցմով եւ միակ իտէալը եղած է ճշդել, մեկնաբանել անոնց բարձրագոյն արժէքը ու գեղարուեստական աշխարհին ընծայաբերել հայ ինքնուրոյն երաժշտութեան գանձերը:

Ահա այս նուիրումին մէջ, մեծատաղանդ արուեստագէտը չէ կրցած անտարբեր մնալ յուզական այն փոթորիկին հանդէպ, որ փրթած է իր ներսէն ու թրթռացուցած իր էութեան բազմալար տաւիղը: Ստեղծած է իրեն յատուկ տաղաչափութիւն մը, քերթողական բարբառ մը եւ արտայայտութեան ինքնատիպ ոճ մը: Իր յօրինած բառերն ու անոնց գործածութեան եղանակը առաջին ակնարկով գուցէ մեղանչում մը նկատուին քերականական օրէնքներու դէմ: Սակայն լուրջ եւ անմեղադիր հայեացք մը՝ եւ արդէն կը փարատի ամէն տարակոյս:

***

Հայ գեղարուեստական գրականութեան ծառայելու իր ձգտումին մէկ նոր ապացոյցը կու տայ «Մշակոյթ» հրատարակչատունը, կորուստէ փրկելով քնարերգութեանց այս թանկագին հաւաքածոն, որուն հրատարակութիւնը կը զուգադիպի Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 70-ամեակին եւ որ մեզ կ՚ընծայէ առիթը խոր յուզումով ոգեկոչելու նուիրական յիշատակը հայ երաժշտութեան մեծագոյն վարպետին (էջ ԺԳ-ԺԴ):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3 եւ վերջ 

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 9, 2024