«ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ ԵՒ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ»
Հպարտութեամբ կարելի է խոստովանիլ, թէ խստապահանջ նիւեորքահայ հանդիսատեսին կարելի եղաւ հրամցնել հայկական դասական մեր իրա՛ւ երաժշտութիւնը: Յայտագիրը նուիրուած էր Հայոց մեծ եղեռնի 100-րդ տարեդարձին: Դասական երաժշտութեան կարեւոր անուններ այդ երեկոյ՝ Շաբաթ, Նոյեմբերի 21-ին,
«Մըրգին» համերգային սրահին մէջ Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ) Մեծագոյն Նիւ Եորքի մասնաճիւղը յանդգնութիւնը ունեցած էր բեմ բարձրացնել այս միջոցառումը, հրաւիրելով դասական երաժշտութեան յայտնի ու մեծ անուններ, որոնք ծանօթ անուններ են միջազգային մեծ բեմերու՝ եկած էին բերելու իրենց մասնակցութիւնը համազգային ոգեկոչման այս հանդիսութիւններուն:
Թէեւ բաւականին ծանր նիւթական պարտաւորութիւններու տակ գտնուելով հանդերց, հաճելի նախաձեռնութիւն մըն էր, զոր ստանձնած էր ԹՄՄ, որ իր որակաւոր յայտագիրներով, անցնող վեց տասնամեակներուն, ան այս մեծ ոստանէն ներս կը ներկայանայ օտար թէ հայ հասարակութեան: Ան դարձած է արդէն հոմանիշ գեղարուեստական ամէն մակարդակի ու օրինակելի՝ այլ ազգային կազմակերպութիւններուն:
Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին ծանօթ աստղեր, որոնք եկած էին զանազան քաղաքներէ: Առաջին հերթին սոփրանօ Յասմիկ Պապեանը՝ Վիեննայէն. չկայ օփերայի սրահ մը, ուր ան երգած չըլլայ... Պերլինէն՝ Փալերմօ, Նիւ Եորքէն՝ Մոսկուա, Հռոմէն՝ Սէուլ ու դեռ Սան Փաուլօ, Գահիրէ, Մոնթէ Գարլօ... : Յասմիկին Նորման (Պելլինի) կը մնայ գերազանցիկ, ինչպէս միւս գլխաւոր դերերը՝ Թրավիաթայի եւ այլ օփերաներու մէջ: Երգած է Նիքոլայ Չիորովի, Շերըլ Մայլնզի, Ճորճ Փրէթրի, Լէօ Նիւչչիի եւ այլ ծանօթ աստղերու հետ եւ խմբավարներ՝ Ռիքարտօ Մութիի, Փլասիտօ Տոմինկոյի, Լէոնար Սլաթքինի եւ այլոց հետ:
Այս երեկոյ ան հարազատութեամբ մեկնաբանեց Կոմիտասի «Գարուն ա» եւ «Քելէ քելէ»ն, ինչպէս նաեւ՝ Բաբաջանեանի «Սոփրանոյի եւ լարային խումբի» բաժինը, խլելով ներկաներուն բարձր գնահատանքը: Առնօ Բաբաջանեան (1921-1983) սովետահայ երաժշտութեան գագաթներէն է ու ծանօթ որպէս՝ «Հայութեան Ռախմանինովը»։ Ինչպէս ռուս մեծ երաժիշտը Բաբաջանեան եւս virtuoso դաշնակահար է եղած ու ապա անցած ստեղծագործութեան: Համաշխարհային անուն մը դարձած է ան անկասկած: Ծնած Երեւան ու իր երաժշտական ուսումը առած Երեւանի մէջ:
Յայտագրին առաջին բաժինին մէջ, Յասմիկին հետ բեմ բարձրացաւ նիւեորքահայ երիտասարդ տաղանդաւոր յօրինող ու դաշնակահար Կարէն Յակոբեան նուագելով Պախի «Դաշնակի քոնչերթօ»ն D-minor, BVW 1052: Երեւան ծնած, սակայն իր երաժշտական բարձրագոյն կրթութիւնը Միացեալ Նահանգներու զանազան համալսարաններու եւ երաժշտանոցներու մէջ իւրացուցած, ունի երաժշտական ստեղծագործութիւններ: Արժանացած է զանազան բարձր մրցանակներու ու նուագած ծանօթ համերգասրահներու մէջ, յաճախ ներկայացնելով դասական հայ երաժիշտներու գործերը: Համեմատաբար իր երիտասարդ տարիքին ան կը ձգտի լաւագոյնին, լաւ գիտնալով՝ երաժշտական աշխարհի մրցակցութեան պայմանները: Միայն այս տարեշրջանի համար իր յայտագիրներուն մաս կը կազմէ բարձրանալով Թոքիոյի «Մահեր» ֆեստիվալին, Լիբանանի ֆիլհարմոնիք խումբին, Երեւանի պետական ֆիլհարմոնիքին, ու դեռ՝ մենահամերգներով՝ Ճաբոն, Արժանթին, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, Գանատա ու Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներ:
Յայտագրին առաջին բաժինով Յակոբեան նուագեց իր իսկ ստեղծագործութիւնը Fantasia for Piano, Strings and Timpani, Op. 16:
Յայտագրին առաջին բաժնին մաս կազմեց նաեւ, դարձեալ Կարէն Յակոբեանի ստեղծագործութեամբ ու առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուած բեմի վրայ ու մանաւա՛նդ այս առթիւ գրուած, Rebirth-Adagio for Strings and Timpani OP.18, մասնակցութեամբ՝ Սենեկային երաժշտութեամբ բաղկացած 22 լարային գործիքներու նուագողներէ եւ խմբավարութեամբ՝ Արքատի Լէյթուշի: Դիմփանի վրայ նուագեց Տէյվիտ Ռոզընպալթ: Լէյթուշ ծանօթ խմբավար մը իր հետ բերած է «Ռուսական Դպրոցի» աւանդոյթներով: Անոր անունը ծանօթ է եղած Խորհրդային Միութեան տարածքին մինչեւ 1994 թուականը, որմէ ետք ան եկած ու հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ փոխարինելով խմբավար Եուրի Թեմիրքանովը Տիթրոյթ Սիմֆընի խումբին: Այնուհետեւ ան որպէս խմբավար եղած է աշխարհահռչակ համերգասրահներուն մէջ՝ Նիւ Եորքէն Պուէնոս Այրէս, Սէն Փեթերսպուրկէն Մոսկուա, Փլովտիվ...:
Երկրորդ բաժինը ամբողջութեամբ ժամանակակից հայ հեղինակներու գործեր ներկայացուեցան: Յայտագիրը սկսաւ Վաչէ Շարաֆեանի ստեղծագործութեամբ Waltz from Suite Cello and String Orchestra, որ առաջին անգամ կը ներկայացուի Նիւ Եորքի մէջ: Անոր ստեղծագործութիւնները նուագած են Եօ-Եօ Ման եւ Գարնըկի համերգասրահի «Սիլք Րոտ» անսամպլը, ինչպէս նաեւ եւրոպական Գոլոյնի, Պրիւքսէլի, Ամսթերտամի, Միլանի եւ այլ սրահներու մէջ:
Ալեքսանդր Յարութիւնեանի Impromptu for Cello and Orchestra, որ դարձեալ առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուի: Ալեքսանդր Չաուշեան թաւջութակով կ՚ընկերակցի: Յարութիւնեան (1920-2012) խորհրդահայ երաժշտութեան առաջատար երաժիշտներէն է անկասկած: Այդ երեկոյ ներկայացուեցաւ խմբավարին՝ Արքատի Լէյթուշի մեկնաբանութիւնը, երբ դաշնակի ու թաւջութակի համար գրուած այս գործը կը ներկայացուի երաժշտախումբով, ունկնդրելով զայն իրապէս մեծագոյն հաճոյքով: 1941-ին գրուած այս ծանօթ գործը իր այս մեկնաբանութեամբ նոր էջ մը կը բանայ Յարութիւնեանի այլապէս հարուստ իր հունձքին: 91 տարեկանին մահացած՝ ան կը միանայ իր ընկերներուն Երեւանի «Կոմիտաս»ի անուան պանթէոնին մէջ:
Իսկ թաւջութակահար Ալեքսանդր Չավուշեան ծանօթ երաժիշտ ընտանիքի մը զաւակը, արդէն Մեծն Բրիտանիոյ մէջ քաջածանօթ անուն մը, նուագած է Արքայական Ֆիլհարմոնիք խումբին մէջ, ինչպէս նաեւ St Martin-in-the-Field , Վիեննայի սենեկային նուագախումբին, Orchestre de la Suisse Romandeի եւ Պոստոնի «Փափս»էն: Ու դեռ՝ Ճաբոն, Նիւ Եորք, Երեւան բազմիցս: Երաժշտական առաջին շրջանի ուսումը առած Երեւան ու ապա՝ մասնագիտացած է ան Անգլիոյ մէջ: Տուած է բազմաթիւ մենահամերգներ աշխարհի չորս կողմը:
Եւ վերջապէս երեկոյեան այս հարուստ յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Միրզոյեանի Symphony for Timpani and Strings գործով, որ առաջին անգամ ըլլալով Նիւ Եորքի մէջ կը ներկայացուի: Նուագախումբը ամբողջութեամբ բաժին բերաւ յայտագրի աւարտին: Էտուըրտ Միրզոյեան (1921-2012), դարձեալ ծնունդը խորհրդահայ բարձրորակ երաժշտական դպրոցին դարձաւ բովանդակ Սովետական Միութեան ամենէն ծանօթ երաժշտական դէմքերէն: Ան եղաւ Հայաստանի Երաժշտական միութեան յարգուած նախագահը: Հասցուց երիտասարդ երաժիշտներու մեծ սերունդ մը, ինչպէս այդ երեկոյ յայտագրին մաս եւ բաժին վերցուցած տաղանդաւոր Կարէն Յակոբեանը: Ան եւս, յառաջացած տարիքին կը միանայ իր ընկերներուն Երեւանի «Կոմիտաս»ի անուան պանթէոնը:
Կոմիտասի (1869-1935) ու Պախի (1685-1750) մասին պէտք չունինք գրելու։ Եթէ Պախը հաւաքեց իր ժողովուրդի տոհմիկ երաժշտութիւնը, ապա աւելի ուշ նոյն այդ շնորհալի աշխատանքը տարաւ մեր ժողովուրդին Կոմիտասը:
Նուագահանդէսին ներկայ էին սրբազան ու հոգեւոր հայրեր, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի ներկայացչութեան պաշտօնատարներ՝ գլխաւորութեամբ դեսպան Զօհրապ Մնացականեանի, ազգային ծանօթ բարերարներ, շրջանի երաժիշտներ, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ դասական երաժշտութեամբ խանդավառ երաժշտասէրներ:
Սրտանց կը շնորհաւորենք այս նախաձեռնութիւնը կազմակերպող Թէքէեան մշակութային միութեան Մեծագոյն Նիւ Եորքի վարչականները, երեկոյեան այս ձեռնարկը կազմակերպող համաատենապետուհիներ՝ Տիանա Մխիթարեանն ու Հելէն Միսքը, ինչպէս նաեւ՝ Յարութ Չաթմաճեանը: Պատրաստուած բովանդակալից յայտագիր-գրքոյկը խմբագրուած էր Ֆէյրլի Տիքինսըն համալսարանէն Փրոֆ. Էլի Ամտուրի կողմէ:
Երեկոյեան, յետ նուագահանդէսի տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն համերգասրահի ընդունելութեան սրահին մէջ, ուր բարերարներ, կարգ մը ազգայիններ եւ օտար ու հայ երաժշտասէրներ մօտէն ծանօթացան յայտագրին մէջ բաժին վերցուցած արուեստագէտներուն:
Այս համերգով, պաշտօնապէս իր աւարտին հասցուց Մեծագոյն Նիւ Եորքը, 2015-ի ոգեկոչումներու իր յագեցած յայտագիրները, անոնք եղան ցոյցեր, քայլարշաւներ, եկեղեցական արարողութիւններ, հայ գրողներու յիշատակին նուիրուած գրական երեկոներ, ցուցահանդէսներ, շարժապատկերի ներկայացումներ, երգչախմբային ու պարային ելոյթներ, սեմինարներ, հայ, օտար եւ թուրք մտաւորականներու հետ հանդիպումներ, ու թատերական ներկայացումներ: Բոլո՛րն ալ արժանի մեր սիրոյն ու երախտագիտութեան:
Այս համերգը կու գայ նոր փառապսակ մը եւս աւելցնելոււ Թէքէեանի այլապէս հարուստ յայտագիրներու շարքին: Ներկաները բաժնուեցան սրահէն հոգեւին հարստացած հայ դասական երաժշտութեամբ:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ