Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ԱՆԻԻ ՄՕՏ ԺԱՅՌԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐ
Կարսի Մշակոյթի եւ արուեստի միութեան նախագահ Վետաթ Աքչայէօզ յայտնեց, որ Անիի աւերակներուն մօտակայ Ալէմ գիւղի շրջակայքին յայտնաբերուած են ժայռապատկերներ, որոնց հաստատման համար դիմած են՝ տեղւոյն թանգարանի տնօրէնութեան։
«Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի այսօրուան հաղորդումներով, Աքչայէօզ նշեց, որ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի Անիի աւերակներէն 11 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Ալէմ գիւղը, ուր յայտնաբերուած տասնչորս ժայռապատկերներուն վրայ փորելու թեքնիկով պատկերուած են որսի դրուագներ, ուր կ՚երեւին ձիու, շան, լեռնաայծի, եղնիկի եւ մարդու կերպարներ։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015