ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ

Ռու­սա­հայ յայտ­նի դե­րա­սան ու բե­մադ­րիչ Ար­մէն Ճի­կար­խա­նեա­նի ղե­կա­վա­րած Մոս­կուա­յի տրա­մա­թի­քա­կան թատ­րո­նը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ներ­կա­յա­ցու­մով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ «Սրճա­րան «Կեան­քը վար­դա­գոյն լոյ­սին ներ­քեւ»» խա­ղը ներ­կա­յա­ցու­ցին թա­տե­րա­խում­բի դե­րա­սան­նե­րէն Սթա­նիս­լաւ Է­վեն­թոն եւ Ա­նա­թո­լի Քոթ։ Հարկ է նշել, որ թատ­րեր­գու­թեան հե­ղի­նակն է Լիո­նէլ Կոլտշ­թայն։

Հարկ է նշել, որ այս ներ­կա­յա­ցու­մը եր­կու տա­րի ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած էր Կիւմ­րիի մէջ։ Իսկ ե­րէկ այդ մէ­կը կրկնուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ զու­գա­դի­պե­լով Ար­մէն Ճի­կար­խա­նեա­նի ղե­կա­վա­րած թատ­րո­նի հիմ­նադ­րու­թեան 20-ա­մեայ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին։ Դե­րա­սան­նե­րը յայտ­նե­ցին, թէ աշ­խա­տան­քա­յին մթնո­լոր­տի մը մէջ դի­մա­ւո­րած են յո­բե­լեա­նը եւ ի­րենք հա­մա­միտ են Ար­մէն Ճի­կար­խա­նեա­նի մօ­տեց­ման, թէ կա­րե­ւո­րը աշ­խա­տան­քով ցոյց տալն է։ Ա­նոնք ա­ւել­ցու­ցին, թէ ի­րենք ներ­կա­յիս ու­նին բազ­մա­թիւ ներ­կա­յա­ցում­ներ, զու­գա­հե­ռա­բար փոր­ձեր կը կա­տա­րեն ու կ՚աշ­խա­տին աշ­խու­ժու­թեամբ։

Թէ ինչ­պէ՞ս տօ­նած են թատ­րո­նի ստեղծ­ման 20-ա­մեա­կը. ի պա­տաս­խան Սթա­նիս­լաւ Է­վեն­թոն եւ Ա­նա­թո­լի Քոթ կա­տա­կով պա­տաս­խա­նե­ցին, որ խմած են հայ­կա­կան քո­նիաք։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015