ՏԱՏԵՐԱԶՄ

Սահմանէն եկող նորութիւնները մոխրագոյն էին՝ յաղթանակի սպիտակի ու պարտութեան սեւի հետ խառնուած: Կանայք կը շարունակէին թութ թափել, ու հեռուէն լսուող խուլ պայթիւնները այլեւս պատճառ չէին մեծ կերպասի ծայրը ձգելու համար: Քանզի երիտասարդ տղամարդոցմէ ոչ մէկը մնացած էր գիւղին մէջ կանանց գիշերները ջերմացնելու համար, տաք յիշողութիւնները երկիւղի քօղի տակ թաքցնելու կարիք չկար:

Պատատակերու մէջ ոտնաթաթերու վրայ կը դառնային զրոյցներ այն մասին, որ հնարաւոր է՝ թշնամին շուտով Մաղաւուզ ալ մտնէ, կը պատրաստուին: Այս խօսակցութիւնը, կաթի փրփուրի պէս, պատերազմի սկսելու օրերէն ի վեր անդադար կը փռուէր գիւղի՝ դրական ու յաղթական տրամադրուած լանջերուն: Պարզ է, սահմանին մօտ գիւղ մըն է, այդպիսի մտավախութիւն ալ կը պատահի: Զրոյցը բնական է այնքան, որքան եռացող կաթի փրփուրը՝ կաթսայի ծայրերուն: Սակայն վերջին օրերուն տպաւորութիւն կար, թէ ոտնաթաթերու վրայ քալող զրոյցները իրենց ոտքերը կը դմբդմբացնեն գետնին եւ քայլէն անցած են թեթեւ վազքի: Կարծես ինչ-որ մէկը մոռցած է պատերազմի կաթսայի տակ վառուող կրակը աւելի մարմանդ դարձնելու մասին, ու կաթի փրփուրը երթալէն կը բարձրանայ, բռնի կը գրաւէ հանդարտ մակերեսը եւ ուր որ է՝ «կաթը կը կտրի»:

Տագնապի փրփուրները կը բարձրանային, սակայն հաւատը չէր կորսուեր: Եւ որքան ալ սահմանէն ջղագրգիռ նորութիւններ կը խուժէին դռներէն ներս, միեւնոյնն է՝ գիւղի կանայք վստահ էին՝ այդպիսի բան չի կրնար ըլլալ: Ախր, սահմանին կայ մեր Գրիգորը, որու ձեռքին մէջ որեւէ անհարկի իր կը դառնայ պիտանի: Չէք յիշե՞ր՝ Յասմիկենց լուսամփոփը պատրաստեց, Համբիկենց աստիճանը տեղը դրաւ: Մեր գառնարած Սերոբն է՝ գառներուն հայեացքով ճանչցող ու ըստ տուներու բաժնող, մեր Գայիանէի ամուսինը՝ Արմէնը, որու կենացները բոլոր ուրախութիւններու աղն է: Թէեւ կարելի է մոռնալ սեղանին աղ դնել, սակայն կարելի չէ մոռնալ Արմէնի աղ-կենացները: Յատուկ հերթականութեամբ պէտք է խմել, յատուկ արարողակարգով՝ Գրիգորի վերանորոգած լուսամփոփի լոյսին տակ, Սերոբի ընտրած գառնուկի խաշլամայի հետ: Սահմանին մերոնք կան, մեր սահմանն է, ո՞վ թոյլ կու տայ՝ օտարը ոտք դնէ, հասնի իրենց վերանորոգած իրերուն, պահած կենդանիներուն, կառուցած տներուն:

Մթնոլորտը հետզհետէ կը լարուէր: Այս ալ հերիք չէր, առաւօտ մը գիւղի մէջ լուր մը տարածուեցաւ, թէ «Վարսենիկենց Սեւոն Աղունին երեխային ոտքը խածաւ»։ Աղունը երեխայի ձեռքէն բռնած յայտնուեցաւ Վարսենիկի դրան դիմաց: Երեխայի ոտքը ցուցուց, Վարսենիկը նկատեց՝ կծած չէ, քերծած է, թերեւս շունը իր թաթը նետած էր, որպէսզի խաղայ եւ պատահաբար ճանկած: Խելացի շուն մըն է, բոլոր օր իր երեխաներուն հետ թաւալ կու գար, ինչո՞ւ պիտի կծէր: Երբ օդի մէջ պատերազմ կախուած է, ամէն քերծուածք կը թուի կծածի ու վէրքի չափ: Համաձայնութեան չեկան, ի նշան բողոքի՝ յաջորդ առաւօտեան Աղունն անգամ չներկայացաւ կանանց մշտական սրճախմութեան: Վարսենիկը այդ օրը սակաւախօս էր, որպէս ունկնդիր կը հետեւէր կանանց քննարկումներուն: Կ՚ըսէին՝ զոհերը շատ են, մերոնք տակաւին կը դիմանան, սակայն քովի գիւղերու տղամարդոց մէկ մասը զոհուած է, ափսոս որ հերթը հասնի մերո՞նց... Աղունի հետ ընդհարումը Վարսենիկը անհանգստացուց: Քանի մը օր անց, տնային գործերը աւարտելէ վերջ Վարսենիկ խորիզով բլիթներ՝ «վիսալի» թխեց, տաք-տաք վերցուց, ուղեւորուեցաւ դէպի Աղունենց տուն, Սեւոն, պոչը ուրախ թափահարելով՝ ետեւէն. թէեւ ան փորձեց տուն ղրկել շունը, բայց չյաջողեցաւ։ Լաւ, շունն ալ թող գայ հաշտուելու:

Աղունենց դռնակը բացաւ, ներս մտաւ: Աղունի աղջիկը՝ Զարինէն ամէն ինչ մոռցած, վազեց դէպի շունը, շոյեց զայն, սկսաւ ականջները քաշքշել, Վարսենիկը ժպտաց. տղոց վէրքերը ծնողներու համար աւելի ցաւոտ են, ահա՝ տան փոքրը կը խաղայ շան հետ՝ արդէն մոռցած է, որ տակաւին օրեր առաջ կու լար անոր պատճառով: Երեխան մոռցեր է, սակայն մայրը կը յիշէ, ու բնական է՝ կը յիշէ: Որովհետեւ մայր է, որովհետեւ պատերազմ կայ, ամէն քերծուածք մինչեւ ոսկոր հասնող ցաւ ունի:

Հաշտուեցան: Սրճեցին միասին: Գացած ատեն Աղունիկը հոգոց մը հանեց. «Էս շոնը հինչ եկալ ա մեր շէնը, լեոխ ուրիւր ա խառնուալ, գիդում չում՝ հինչ խաբար ա, Աստուծ, մեր մարդուցը պահէ, մեր խուխէքին պահէ, մարդ ընք՝ էսքանը կարում չունք էլ տանինք»:

Սակայն կը տանէին, քանզի չէին կրնար չտանիլ՝ ընտրութիւն չկար: Գիւղը կը շարունակէր ապրիլ՝ թէպէտ առօրեայի շունչը ծանրացած էր: Մաղաւուզը կը հեւար, օրերը կը մթնէին ծանր, ոտքերը քարշ տալով, մէջքը բռնած, տնքտնքոցով: Սրճախմութիւնները քիչցած էին, թութը գետին կը թափէր, երեխաները կը շարունակէին վազվզել բակերով ու փայտէ հրացաններով «կռիւ-կռիւ» խաղալ, Սեւոն ալ քաղաքավարի կերպով յամառ կը հրաժարէր ծիրան ուտելէ:

Օր մը, երեկոյեան Վարսենիկը նշմարեց, որ գիւղի տուներու պատուհանները չեն մթներ: Տղաքը քնացուց, իջաւ Վանուշ աքայենց տան մօտ, Սեւոն՝ հետը: Աքան իր ծունկները կը ծեծէր՝ ուրկէ ուր հասցուցած էին, որ Սերոբը լուր տուաւ՝ երեխաները գիւղէն հանեցէք՝ «թշնամին կու գայ»։ Հաւաքուեցան գիւղի մեծերով, որպէսզի որոշեն, թէ ինչ ընեն: Որոշեցին սպասել՝ որովհետեւ ասոնք լուրեր են, ուղղակի լուրեր, մերոնք այնտեղ են, Սիսակը, Սերոբը, Յակոբը, Արմէնը, Վալոն, Կարօ ու Կամօ եղբայրները, ամէն տունէ գոնէ մէկը կայ՝ չեն ձգեր, չեն հասնիր, չեն կրնար: Բայց կրնա՞յ պատահիլ՝ տղաքը պէտք է հանել… Չէ՛, չէ՛, չէ՛… մնացինք՝ պիտի մնանք՝ Նարա, գնա՛, գաւաթ մը թէյ դիր, Ակուփ տայի, երգ մը ըսէ, մտիկ ընենք։ Քոռանամ ես, երեխան արթնցաւ, Լենա ճան ո՞ւր ես, եկուր երեխադ պահէ։ Քու անտէր տէրդ թաղեմ, այս սեւ շուն, սեւ ցաւը տոլման թափեց։ Այ անասուն ինչո՞ւ տեղդ չես նստիր։

Վարսենիկը անհանգիստ քնացաւ: Առաւօտեան Նարինէի ձայնէն վեր թռաւ՝ ելի՛ր, հաւաքուէ, կ՚երթանք։

-Ո՞ւր կ՚երթանք։

-Գիւղէն դուրս կ՚ելլենք, չես իմանա՞ր կրակոցներու ձայները, մօտէն կը կրակեն, չես իմանա՞ր։

-Չէ՛, բայց ես չեմ կրնար, Նարի՛նէ, իսկ ծառերը…

-Խենդ ես, ինչ ես, վեր գնա՛, հաւաքուէ։

Անհրաժեշտ իրերը հաւաքեց: Իջաւ բակ՝ կանաչեղէնը ջրելու: Սեւոն կը խաղար ճնճղուկի մը հետ: Նայեցաւ շունին... Իսկ եթէ գիւղին մէջ ճիշդ կ՚ըսեն, իսկ եթէ շան պատճառով է, որ պատերազմը կը մօտենայ մեր դռները... Ախր շունն ինչ մեղաւոր է... Բայց կ՚ըսեն՝ սեւ շուն է, սեւ ցաւ բերած է, գուցէ իրօ՞ք... Սակայն չէ՞ որ ինք գտած է շունը: Ուրեմն ի՞նք բերած է պատերազմը Մաղաւուզ: Իսկ եթէ... Շունը չըլլայ... Գուցէ... Մէյ մըն ալ տեսար:

Բահի հարուածէն միայն մէկ կաղկանձ լսուեցաւ: Պահ մը ամէն ինչ լռեց, ու Վարսենիկին թուեցաւ, թէ յաղթեց պատերազմին: Երբ սրտխփոցը իջեցուց իր ձայնը, լսեց կրակոցներու խուլ շարքն ու Նարինէի գոռոցը.

-Թշնամին կու գա՜յ, կու գա՜յ, ինքնաշարժները պատրաստ են ճամբայ ելլելու համար, շտապեցէ՜ք, Վարսի՜կ, Նադի՜կ, Հանո՜ւշ, Ակո՜ւփ, երեխանե՜ր։

... Երկու տարի անց Վարսենիկն ու Սիսակը աղջիկ մը ունեցան՝ Մաղաւուզի մէջ, մէկ հատ ալ՝ սեւ շուն:

ՍԻՒՆԷ ՍԵՒԱՏԱ

Արեւելահայերէնէ վերածեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շար. 3 եւ վերջ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2020