ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ՝ «ԱՐՋԸ»

Ազատ ժամանակս կը սիրեմ արժեւորել մերթ գիրք կարդալով, մերթ շարժանկար կամ հեռուստաշար դիտելով եւ այլն։ Երկար ժամանակէ ի վեր չէի կրնար ժամանակ յատկացնել այդ բոլորին, սակայն վերջերս ուշադրութիւնս գրաւեց կարգ մը ընկերային ցանցերու վրայ «Արջը» խորագրեալ հեռուստաշարի կապակցութեամբ կատարուած գնահատագրերը եւ ուզեցի աչք մը նետել անոր, որպէսզի պատկերացում մը ունենամ այդ գրառումներու մասին։

  Եկէ՛ք մանրամասն շօշափենք «Արջը», որ վերջերս ամենաշատ դիտուածներէն մէկը դարձած է եւ լայն տարածում գտած՝ կարճ ժամանակի ընթացքին։ Նշեալ հեռուստաշարը իսկապէս արժանի է դիտելու. մենք այս նախադասութիւնը աւելի առաջ արտասանած կամ լսած ենք այլ հեռուստաշարերու մասին, սակայն «Արջը» զանազան տեսանկիւնէ կը տարբերի այդ բոլորէն եւ գրեթէ կատարեալ է։

«Արջը» իր թատերական մթնոլորտով, որուն կ՚ուղեկցին հիանալի դերակատարներ, իր անսովոր երգիծանքով, իրավիճակներն ու զգացումները ընդգծող հեզասահութեամբ, անկախ եւ ուժեղ պատմուածքով, երկխօսութեամբ եւ դէմքի դիպուկ արտայայտութիւններով՝ իսկապէս անզուգական շոու մըն է: Ի հարկէ, կան քանի մը հեռուստաշարեր, որոնք կարելի է համարել նոյն ոճի նախորդները։ Այնուամենայնիւ, «Արջը» ունի բոլորովին բարձրաստիճան որակ, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ մարդկային իրավիճակներ. ինչպէս՝ մարդկային զանազան ապրումներ. սուգ, հիասթափութին, կարօտ, անհանգստութիւն, մոլուցք։ «Արջը» այս բոլորը կ՚ընէ՝ առանց խախտելու ուժականութիւնը:

«Արջը»ի առաջին շրջանը բաղկացած է շուրջ կէս ժամնոց ութ դրուագէ։ Թէեւ ժանրը կը կոչուի «կատակերգութիւն-տրամա», բայց, կարելի է ըսել, որ հեռուստաշարի տրամաթիք կողմը կը գերակշռէ։ Անոնք, որոնք սովոր են այն փաստին, թէ տրամաթիք հեռուստաշարերը կը բաղկանան առնուազն 45 վայրկեաննոց դրուագներէ, «Արջը»ի կրճատուած ժամանակահատուածը կը յառաջացնէ թեթեւութեան եւ իրականութեան զգացումը։

Կարելի է ըսել, որ այս հեռուստաշարը «վերադարձի պատմութիւն» մըն է։ Քարմէն «Քարմի» Պերզաթոն, այսինքն՝ «Արջը», որ Նիւ Եորքի ամենաշքեղ ճաշարաններէն մէկուն մէջ խոհարարի պաշտօնէն կը հրաժարի եւ իր եղբօր՝ Մայքիի ինքնասպանութենէն յետոյ կը վերադառնայ իր ծննդավայր Շիքակօ, կը սկսի վարել եղբօր սանտուիչի խանութը։ Հեռուստաշարի մեծ մասը կ՚ընթանայ խանութի խոհանոցին մէջ։ Բացի քանի մը յետադարձ տեսարաններէն, Մայքին շատ չենք տեսներ, բայց անընդհատ կը լսենք անոր մասին։ Ան շատ կարեւոր ազդեցութիւն ունի հեռուստատեսիլի բոլոր հերոսներուն վրայ։ Մենք կը տեսնենք, թէ այսքան հրապուրիչ տեսքով եւ ոգեշնչող հմայքով անձի մը ինքնասպանութիւնը կասկածի տակ կը դրուի բոլոր հերոսներու կողմէ մինչեւ վերջին դրուագը։

Թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ կը նշանակէ սնունդը եւ անոր պատրաստումը, ի՞նչ կը նշանակէ աշխատիլ խոհանոցի մէջ եւ ինչպիսի՞ նուիրում կը պահանջէ այդ մէկը։ Այս բոլոր հարցումները լաւագոյն ձեւով կը պատասխանէ «Արջը», որու ընթացքին միշտ լարուած կը պահէ դիտողներու ուշադրութիւնը: «Արջը» միայն որպէս խոհանոցի տրամա անուանելով պէտք չէ սահմանափակել։ Ինչպէս նախապէս նշեցի, «Արջը»ի նիւթը կը վերաբերի մեծ կորուստները յաղթահարելու, կեանքը վերակառուցելու եւ փոփոխութեան։

Երբեմն մարդոց հետ մեր յարաբերութիւններուն կարեւորութեան չենք անդրադառնար, սակայն երբ կորսնցնենք զանոնք, առանձին կը մնանք անպատասխան բազում հարցերու հետ։ Այդ կորուստին դիմակայելու համար Քարմին ինքզինք կը նուիրէ եղբօր սանտուիչի խանութը կարգի բերելու գործին, բայց սա այդքան ալ հեշտ չէ, քանի խոհանոցի գրեթէ ամբողջ անձնակազմը կը բաղկանայ «վիրաւոր» մարդոցմէ։

Կ՚արժէ մատնանշել նաեւ, թէ վատ դերակատարներով հնարաւոր չէր ըլլար հեռուստաշարի նման տպաւորութիւն թողելը։ Առանց բացառութեան, բոլոր դերասանները մեծ աշխատանք կատարած են եւ իւրաքանչիւր կերպար իր հետքը կը թողէ դիտողներու մտքին մէջ:

«Արջը» արժանի է դիտման իր իւրայատուկ թատերական ոճով, հիանալի դերակատարներով եւ երաժշտական ​​բծախնդիր ընտրութեամբ: Ներգաղթի, քաղաքային փոխակերպման, յանցագործութեան նման բազմաթիւ ընթացիկ խնդրայարոյց հարցերու վերաբերեալ ընդգծումները կը փաստեն հեռուստաշարի բազմաշերտութիւնը։ Իբր այդ, հեռուստաշարը կ՚արժանանայ աւելի լայն զանգուածներու ուշադրութեան:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2022