ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Ո՞Վ ՀՐԱՒԻՐԵԼ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 37.14-38:
Պօղոս առաքեալին Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած երկրորդ նամակէն 1.1-12:
Ղուկասի Աւետարանէն 14.12-24:
Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք.
«Ո՞Վ ՀՐԱՒԻՐԵԼ
12Ապա Յիսուս տանտիրոջ ըսաւ.
-Երբ ճաշի կամ ընթրիքի հրաւէր կու տաս, մի՛ կանչեր բարեկամներդ կամ եղբայրներդ, ազգականներդ եւ հարուստ դրացիներդ, որպէսզի չըլլայ որ անոնք ալ քու հրաւէրիդ փոխարէն քեզ հրաւիրեն, եւ այս ձեւով քեզի հատուցում կատարած ըլլան։ 13Ընդհակառակը, երբ ճաշկերոյթ կու տաս, կանչէ աղքատներն ու խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը 14եւ այն ատեն երանելի պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք փոխարէնը քեզի հատուցանելիք ոչինչ ունին։ Եւ գիտցած եղիր, որ քու հատուցումդ պիտի ստանաս արդարներու յարութեան ժամանակ։
ՄԵԾ ԽՆՃՈՅՔԻ ԱՌԱԿԸ
15Երբ սեղանակիցներէն մէկը այս խօսքերը լսեց, ըսաւ Յիսուսի.
-Երանի՜ անոր որ Աստուծոյ արքայութեան մէջ ճաշ պիտի ուտէ։
16Յիսուս անոր հետեւեալ առակը պատմեց.
-Մարդ մը կար, որ մեծ ընթրիք մը սարքեց եւ շատեր հրաւիրեց։ 17Ընթրիքի ժամուն իր ծառան ղրկեց, որպէսզի հրաւիրեալներուն ըսէ. “Եկէք, ամէն ինչ պատրաստ է արդէն”։ 18Հրաւիրեալները սկսան մէկ առ մէկ հրաժարիլ։ Առաջինը ըսաւ. “Արտ մը գնեցի, պէտք է երթամ տեսնեմ զայն, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի”։ 19Միւսը ըսաւ. “Հինգ զոյգ եզ գնեցի, պէտք է երթամ փորձեմ զանոնք, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի”։ 20Ուրիշ մը ըսաւ. “Տակաւին նոր ամուսնացայ, հետեւաբար չեմ կրնար գալ”։ 21Ծառան վերադարձաւ եւ իր Տիրոջ պատմեց անոնց ըսածները։ Այն ատեն տանտէրը վրդոված՝ ըսաւ ծառային. “Անմիջպէս հրապարակ գնա եւ հրապարակներուն ու փողոցներուն մէջ որքան որ աղքատ, խեղանդամ, կաղ եւ կոյր տեսնես՝ բոլորն ալ հոս բեր”։ 22Քիչ ետք ծառան վերադառնալով ըսաւ. “Տէ՛ր, հրամանդ կատարեցի, բայց տակաւին տեղ կայ”։ 23Տէրը ծառային հրամայեց. “Քաղաքէն դուրս գնա եւ ճամբաներուն վրայ ու դաշտերուն մէջ ո՛վ որ գտնես՝ ստիպէ որ գայ, որպէսզի տունս լեցուի”։ 24Կ՚ըսեմ ձեզի, որ առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ»։
Շաբաթ օրով մը, Տէր Յիսուս Փարիսեցիներու իշխանաւորներէն մէկուն տունը մտած էր՝ ճաշելու համար: Նկատելով, թէ ինչպէս ներկաները լաւ տեղ մը նստելու համար իրարանցումի մէջ էին, անոնց հետեւեալ առակը կը պատմէ.
«8Եթէ մէկը քեզ հարսանիքի կամ խնճոյքի հրաւիրէ, սեղանին գլուխը մի՛ նստիր, որովհետեւ կրնայ ըլլալ որ քեզմէ աւելի յարգելի անձ մըն ալ հրաւիրուած ըլլայ։ 9Այն ատեն քեզ եւ զայն հրաւիրողը պիտի գայ եւ քեզի ըսէ՝ «տեղդ իրեն տուր»։ Եւ դուն խայտառակ ըլլալով՝ ամենէն վերջին աթոռին պիտի նստիս։ 10Ընդհակառակը, երբ կը հրաւիրուիս՝ գնա եւ վերջին աթոռին նստէ, որպէսզի երբ քեզ հրաւիրողը գայ, ըսէ քեզի՝ «բարեկա՜մ, վե՛ր հրամմէ»։ Այն ատեն դուն հրաւիրեալներուն մօտ պատուըուած պիտի ըլլաս։ 11Որովհետեւ՝ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, իսկ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Ղկ 14.8-11):
Այս առակէն ետք ներկաներուն կ՚ըսէ, թէ ո՞վ պէտք է հրաւիրել, ինչպէս նաեւ այդ մասին ալ անոնց առակ մը կը խօսի, որ վերը մէջբերեցինք:
Այսօրուան կեանքը գոյութիւն պահպանելու վազքի մը վերածուած է: Այդ վազքին մէջ դժբախտաբար ամէն արժէք ու սրբութիւն կ՚ոտնակոխուի, նկատի չեն առնուիր համոզումներն ու սկզբունքները, առաջնայինը դարձած է մարդուն եսը, մարդուն շահը, նոյնիսկ եթէ այդ շահը պիտի ապահովուի ուրիշի մը կործանումով, կամ ձախողութեամբ, կարեւորը ենթական ինք շահի, ինքզինք ապահովէ, մնացածը զինք ընդհանրապէս չեն հետաքրքրեր, նոյնիսկ եթէ իր ամենէն մտերիմ ընկերները, ծանօթները, անգամ՝ արիւնակից ազգականները ըլլան:
Այս վիճակի գլխաւոր դրդապատճառներէն մէկը այն է, որ այսօրուան մարդը հեռացած է հոգեւորէն, հոգեւոր կեանքէն, Եկեղեցիէն, Աստուածաշունչէն, աղօթական կեանքէն, այլ խօսքով՝ Աստուծմէ: Այս բոլորը այսօրուան մարդուն համար վերածուած են ժամանակավրէպ եւ «փոր չլեցնող», «փոր չկշտացնող» բաներու: Այսօրուան մարդուն համար էականը դրամատնային հաշիւներն են, գործի մէջ ապահոված շահերն ու յառաջընթացն են, արձակուրդը ու հանգիստի օրերը անցընելու վայրերն են, գիշերային ակումբներն ու ճաշարաններն են, հինգաստղանի հիւրանոցներն ու բարձրորակ եւ մաքուր լողաւազաններն են…
Ոմանք պիտի ըսեն, չէ՞ որ Աստուած պատուիրենց մարդուն վեց օր աշխատիլ եւ եօթներորդ օրը հանգստանալ, հետեւաբար ի՞նչ արգելք կամ անպատեհութիւն այս բոլորին մէջ, երբ մարդ իր աշխատանքը կը կատարէ, իր ճակտի քրիտնքով կ՚աշխատի, հետեւաբար իր իրաւունքն է այդ բոլորէն ետք արժանավայել հանգիստ վայելել, իր ճակտի քրտինքին համը առնել… Ո՛չ մէկ արգելք կայ աշխատելէ ետք հանգստանալու, ո՛չ մէկ արգելք ճակտի քրտինքով ապահովածը վայելելու, խնդիրը հանգստանալուն կամ վայելելուն մէջ չէ, այլ՝ երբ այդ հանգիստին ու վայելքին գերին կը դառնայ մարդ, իր վաստակածը անխնայ ծախսելով այնպիսի բաներու վրայ, որ զինք կամաց-կամաց կը դատարկեն մարդկութենէ, վերածելով զինք եսասէր անհատի մը, որ միայն ինքն իր մասին կը մտածէ, որու համար այդ հանգիստն ու վայելքը գերագոյն արժքներ կը դառնան իր կեանքին մէջ:
Աւելին, այս բոլորը արգելք կամ սխալ չեն, սակայն երբ մարդ ասոնց պատճառով կը սկսի հեռանալ Աստուծմէ, հոգեւոր կեանքէն, եկեղեցիէն, այդ ժամանակ է որ խնդիրի կը վերածուի, որովհետեւ մարդ կը սկսի առաջնային ու երկրորդականը չզանազանել, խառնել կարեւորն ու անկարեւորը, կապուիլ անէականին, մէկդի ձգելով էականն ու անհրաժեշտը: Մարդ պէտք է գիտակցի որ ինք հոգի է, իսկ հոգին պէտք չէ՛ կապուի աշխարհիկ երեւոյթներու, գերին պէտք չէ դառնայ այս աշխարհիկ երեւոյթներուն, ընդհակառակը այս աշխարհիկ երեւոյթները ծառայեցնէ իր հոգիի շինութեան ու փրկութեան:
Տէր Յիսուսի պատմած Մեծ խնճոյքի առակը արդարեւ, մեր այսօրուան իրականութեան հայելին է: Անդրադառնանք կէտ առ կէտ.
ա. Մարդ մը կար, որ մեծ ընթրիք մը սարքեց եւ շատեր հրաւիրեց. այստեղ մարդը Աստուած Ի՛նք է, որ մարդոց համար ընթրիք պատրաստած է, յաւտիենական ընթրիք. իսկ շատերը հրաւիրեց ըսելով, նկատի ունի բոլոր մարդիկը հրաւիրեց այդ ընթրիքին՝ Իր Միածին Որդիին միջոցաւ, ով աշխարհ եկաւ մարդիկը այդ յաւիտենական ընթրիքին հրաւիրելու համար, փրկելով զանոնք իրենց մեղքերէն: Տէր Յիսուս Իր աշակերտները աշխարհին ղրկեց, ըսելով՝ գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները Ինծի աշակերտ դարձուցէք (Մտ 28.19). հրաւէրը բոլոր ժողովուրդներուն ուղղուած է հետեւաբար, մարդոց կը մնայ սակայն հրաւէրը ընդունիլ կամ մերժել:
Այսօր այդ խնճոյքին նախատիպարը ունինք՝ Սուրբ Պատարագը, որ միշտ մեր եկեղեցիներու խորաններուն վրայ կը մատուցուի: Երբ մասնակցինք Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ Ս. Հաղորդութիւն ստանանք, այդպիսով մենք մեզ աստիճանաբար յաւիտենական մասնակիցը կը դարձնենք յաւիտենական Խնճոյքին:
Խնճոյքի առակին մէջ արդարեւ, կը տեսնենք, թէ ինչպէս շատեր կը մերժեն ներկայանալ այս ընթրիքին:
բ. Արտ մը գնեցի, պէտք է երթամ եւ տեսնեմ զայն, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի:
Այսօրուան մեր վազքին մէջ յաճախ եւ ամէն կիրակի օր անպայման կը լսենք եկեղեցիներու զանգերուն ղօղանջիւնը, սակայն մեր զբաղումները, մեր արտերը՝ իմա՛ խանութները, ճաշարանները, ակումբները, հանգստեան գօտիները ակամայ եւ շատ յաճախ կամաւորաբար «կը խլացնեն» մեր ականջները… Շաբաթ երեկոյեան կ՚որոշենք յաջորդ առաւօտ եկեղեցի երթալ, մասնակցիլ Պատարագի, սակայն, երբ առաւօտը բացուի, չես գիտեր ինչու երեկոյեան մեր որոշումը ջուրը ինկած կ՚ըլլայ կամ մոռացութեան տրուած: Արդարացումը/ները բնականաբար շատ են, յանկարծ յիշեցի որ կարեւոր աշխատանքային հանդիպում մը պէտք է ունենամ, կամ կարեւոր փաստաթուղթ մը պէտք է պատրաստեմ, որպէսզի երկուշաբթի առաւօտեան պատրաստ ըլլայ, անհրաժեշտ գնումներ պէտք է կատարեմ, որպէսզի վաղուան համար պատրաստ ըլլամ, եւ նման հազար ու մէկ արդարացում… Չես գիտեր ինչու, այդ բոլոր զբաղումները յանկարծ կիրակի առաւօտեան յարութիւն կ՚առնեն եւ մենք կ՚ենթարկուինք այդ «պարագա»ներուն… Մէկ բան յստակ պէտք է ըլլան մեզի, սակայն, որ այդ բոլորը իրենց անունը իրենց վրայ կը կրեն՝ արդարացում, պատճառաբանութիւն, իսկ արդարացումն ու պատճառաբանութիւնը երբեք ալ արդարացի չեն կրնար ըլլալ, յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի Աստուծոյ Տուն՝ Եկեղեցի երթալու եւ մասնակից դառնալու Տիրոջ Սեղանին՝ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ:
գ. Հինգ զոյգ եզ գնեցի, պէտք է երթամ փորձեմ զանոնք, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի. աշխարհիկ մտահոգութիւններն ու զբաղումները այսօր առաւել քան երբեւէ սկսած են ծանրաբեռնել մարդուն միտքն ու հոգին: Մեր գրութիւններուն մէջ յաճախ գրած ենք, թէ դարը որ կ՚ապրինք՝ նիւթապաշտութեան դարն է, ուր նիւթն ու նիւթականը իրենց բացարձակ տիրապետութիւնը հաստատած են ամէնուր, եւ այսօրուան մարդը դիւրութեամբ ենթակայ կը դառնայ այդ տիրապետութեան, որովհետեւ ինքզինք պարպած է հոգեւոր արժէնքերէ, ինքզինք հեռացուցած է եկեղեցիէն՝ որով Աստուծմէ, եւ իր կեանքը կ՚ապրի առանց Աստուծոյ, մոռնալով կամ չգիտակցելով որ առանց Աստուծոյ կեանքը ենթակայ է կործանումի, կորուստի, քանի որ առանց Աստուծոյ կարելի չէ ճշմարիտ կեանք ունենալ: Կը կարծենք, որ կեանք ունինք, բայց մեր ունեցածը կեանք չէ, այլ՝ կեանքի խաբկանք:
Պէտք է գիտակցինք, որ մեզի տրուած միջոցները, հնարաւորութիւնները ո՛չ թէ մտահոգուելու եւ ծանրաբեռնուելու համար են, այլ՝ զանոնք օգտագործելու հասնելու համար յաւիտենական Բարիին, այլ խօսքով այդ ժամանակաւոր հնարաւորութիւնները պէտք է ծառայեցնենք յաւիտենականութիւն հասնելու համար: Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը գրէ. «Եթէ երբեք մենք գիտնանք վստահիլ ո՛չ թէ մեր ստացած կամ մեր ունեցած միջոցներուն, այլ՝ Աստուծոյ, Աստուած Ինք անհնարը կը դարձնէ հնարաւոր, Աստուած Ինք բոլոր փակուած դռները կը բանայ մեր դիմաց: Եւ այնպէ՛ս լայն կը բանայ կարելիութիւններու դուռը մեր դիմաց, որ մեր ճղճիմ ու մենաւոր ձայնը կը վերածուի հսկայ ու զօրեղ համանուագի, եւ այդ համանուագը կը նուաճէ բոլոր ունկնդիր սիրտերը, մանաւանդ եթէ այդ սիրտը Նարեկացիի բացատրութեամբ ըլլայ կամքի բուրվառ մը, որուն մէջ Աստուծոյ խունկը գայ ճենճերելու Աստուծոյ կարօտի կրակին վրայ»: Հետեւաբար, մենք պէտք է մեր սիրտերը բուրվառի վերածենք, որպէսզի Աստուծոյ կամքը ճենճերի այնտեղ՝ մեզ յաւիտենականութեան ճամբորդներ դարձնելով:
Աշխահիկ մտահոգութիւններն ու զբաղումները մեզ պէտք չէ հեռացնեն Աստուծմէ, մեզ պէտք է պարպեն մեր մարդկութենէն: Այդ մտահոգութիւններն ու զբաղումները մեր այս աշխարհէն ելլելով պիտի դադրին մեզի համար, սակայն Աստուած միշտ կայ: Այս աշխարհի մտահոգութիւններն ու զբաղումները այս աշխարհին մէջ պիտի մնան, մեր հետ պիտի չգան մեր մեկնումի ժամանակ, սակայն Աստուած միշտ կայ ու միշտ մեզի հետ է՝ եթէ մենք Անոր կառչինք ու չլքենք զԻնք:
Յիշենք Սաղմոսասաց Դաւիթ թագաւորին ըսածը, թէ՝ «նոյնիսկ եթէ մահուան ստուերներու մէջէն անցնիմ, չարէն չեմ վախնար, որովհետեւ Դո՛ւն, Տէ՜ր, ինծի հետ ես» (Սղ 22.4): Հետեւաբար, աշխարհիկ մտահոգութիւններն ու զբաղումները պատճառ չդառնան մարդուն տրուած այս վստահութիւնը կորսնցնելու, ընդհակառակը, Աստուծոյ կառչինք, Աստուծմէ չհեռանանք, վստահ ըլլալով, որ Ան կ՚ուղղէ մեր քայլերը, մեզի պէտք եղած իմաստութիւնը կու տայ զանազանելու ճիշդը սխալէն, ինչպէս նաեւ ուղղութիւն կու տայ Մեծ Խնճոյքի տանող ճանապարհէն քայլելու:
դ. Տակաւին նոր ամուսնացայ, հետեւաբար չեմ կրնար գալ. մեզմէ քանիներ այսօր հիւանդագին կերպով կապուած են իրենց ընտանիքներուն եւ իրենց ընտանեկան կեանքը ամէն ինչէ վեր կը դասեն, նոյնիսկ Աստուծմէ, մոռնալով Տէր Յիսուսի խօսքերը, թէ՝ «37ով որ իր հայրն ու մայրը աւելի կը սիրէ քան զիս՝ արժանի չէ Ինծի: Եւ ով որ իր տղան կամ աղջիկը աւելի կը սիրէ քան զիս՝ արժանի չէ Ինծի: 38Ան որ իր խաչը չ՚առներ եւ Ինծի չի հետեւիր, արժանի չէ Ինծի: 39Ով որ իր կեանքը իրեն կը պահէ՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ իր կեանքը կը կորսնցնէ Ինծի համար, պիտի գտնէ զայն» (Մտ 10.37-39). եւ՝ «26Ով որ Ինծի կու գայ եւ զիս աւելի չի սիրեր քան իր հայրն ու մայրը, կինն ու զաւակները, եղբայրներն ու քոյրերը, ինչպէս նաեւ իր իսկ անձը, չի կրնար Ինծի աշակերտ ըլլալ: 27Որովհետեւ ով որ իր խաչը չ՚առներ եւ Ինծի չի հետեւիր, Ինծի աշակերտ չի կրնար ըլլալ» (Ղկ 14.26-27):
Ոմանք այս հատուածները կարդալով կրնան ըսել, թէ Տէրը կը սորվեցնէ մեզի մեր ընտանիքները չսիրել: Ո՛չ, Տէր Յիսուսի այս թելադրութիւններուն մէջ այսպիսի բան չկայ, ընդհակառակը: Կարելի չէ նման կերպով մտածել, որովհետեւ այն Տէրը որ հայրն ու մայրը յարգել կը պատուիրէ չի՛ կրնար հակառակը պատուիրել, այն Տէրը որ նոյնիսկ խաչին վրայ՝ նեղութեան ու ցաւի մէջ չմոռցաւ Իր մայրը, այլ զայն Իր սիրելի աշակերտի խնամքին յանձնեց, չի՛ կրնար Իր հետեւորդներէն, Իր հաւատացեալներէն ուրիշ բան պահանջել: Ըսուածը պէտք է ճիշդ հասկնանք, Տէրը կ՚ուզէ որ մեր որոշումներուն եւ ընտրութիւններուն մէջ յստակ ըլլանք: Ան որ չի՛ սիրեր ու չի՛ յարգեր իր երկրաւոր ծնողները, այդպիսին երբեք չի՛ կրնար սիրել ու յարգել իր երկնաւոր ծնողը՝ Աստուած, որովհետեւ մեր երկրաւոր ծնողները մեր երկնաւոր ծնողին ներկայացուցիչներն են, եւ մեր երկնաւոր ծնողին սէրը անոնցմէ կ՚անցնի նախ եւ առաջ:
Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը այսպէս կը բացատրէ այս հատուածը. «Ուրիշներու հանդէպ մեր սէրը յաճախ պայմանաւոր է. որոշ բաներէ կախում ունի։ Սակայն մեր ընտանիքի անդամներուն հանդէպ սէրը՝ որեւէ պայման չունի։ Ինչ ալ ըլլան պայմանները մենք կոչուած ենք մեր ընտանեկան պարագաները սիրելու։ Ասիկա բնական տրամաբանութեան կը հետեւի։ Եթէ Յիսուս ըսած ըլլար. «Ով որ իր բարեկամը Ինձմէ աւելի սիրէ, Ինծի արժանի չէ», չէինք գայթակղիր, բայց երբ կ՚ըսէ. «Ով որ իր հայրն ու մայրը աւելի կը սիրէ քան զիս...», անմիջապէս կը գայթակղինք եւ մեր մտքին մէջ հսկայ հարցական մը կը ծագի։ Արդեօ՞ք Յիսուս կ՚ուզէ, որ մենք մեր հարազատները չսիրենք։ Ո՛չ։ Այն Աստուածը որ կ՚ուսուցանէ պատուել հայրն ու մայրը (Ելք 20.12, նաեւ Բ. Օր 5.16), եւ օրէնք կը դնէ, թէ իր հայրն ու մայրը անպատուողը մահուան արժանի է (տե՛ս Ելք 21.15), երբեք հարազատները չսիրելու պատուէր չի տար։ Ան որ պարտականութիւնը ունի խնամելու իր հայրն ու մայրը եւ իր այդ պարտականութենէն խոյս կու տայ, այնպիսին Աստուծոյ օրէնքին դէմ գործած կ՚ըլլայ։ Հետեւաբար, Յիսուս չ՚ուսուցաներ, թէ մենք որեւէ ձեւով մեր հարազատներուն հանդէպ պարտաւորութիւններ չունինք եւ զանոնք պէտք չէ սիրենք։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «...մէկը որ իրեններուն եւ մանաւանդ իր ընտանիքի անդամներուն հոգ չի տանիր, այնպիսին իր հաւատքը ուրացած մըն է, շատ աւելի գէշ՝ քան անհաւատ մը» (Ա. Տմ 5.8):
Ի՞նչ է Յիսուսի պահանջածը:
Յիսուս ընտրութեան հարց մը կը դնէ: Եւ այս ընտրութիւնը կեանքի բոլոր պարագաներուն չի վերաբերիր: Եթէ վերջ ի վերջոյ անհրաժեշտ ըլլայ մէկ ընտրութիւն կատարել, ապա ստիպուած ենք մէ՛կ ընտրութիւն կատարել եւ ո՛չ թէ երկու:
Օրինակ մը տամ:
Յիշենք Սանատրուկի եւ Սանդուխտ Կոյսի պատմութիւնը: Սանդուխտ իր հայրը կը սիրէ՞ր թէ չէր սիրեր: Անկասկած ան իր հօր հանդէպ սէր ունէր: Սակայն տեղ եկաւ, որ իր հայրը իրմէ պահանջեց ընտրութիւն մը ընել. կա՛մ ինձմէ կը հրաժարիս, ըսաւ, կամ քու Աստուծմէդ: Ու այնտեղ Սանդուխտ ընտրութիւն մը պէտք է ընէր, եւ ընտրեց Քրիստոսը: Քրիստոսի հաւատացողը չի՛ կրնար հրաժարիլ իրեն համար ամենէն նուիրական բանէն, եւ ան դժուար, բայց գերագոյն ընտրութիւնը կը կատարէ:
Սէրը կը մղէ մարդը, որ ան ընտրութիւն ընէ կամ դիրք ճշդէ իր սիրելիին եւ իր ծնողներուն միջեւ: Քրիստոսի հաւատացողին սէրն ալ ընտրութիւն կը պահանջէ կամ դիրք ճշդել կը պահանջէ, ուստի ան իր Տէրը կ՚ընտրէ, որովհետեւ անոր հանդէպ սէրը աւելի հզօր է»։
ե. Անմիջպէս հրապարակ գնա եւ հրապարակներուն ու փողոցներուն մէջ որքան որ աղքատ, խեղանդամ, կաղ եւ կոյր տեսնես՝ բոլորն ալ հոս բեր։ …Քաղաքէն դուրս գնա՛ եւ ճամբաներուն վրայ ու դաշտերուն մէջ ո՛վ որ գտնես՝ ստիպէ որ գայ, որպէսզի տունս լեցուի։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ. Հին կտակարանը երբ կարդանք, այնտեղ յստակ կերպով կը տեսնենք, թէ անցեալին, Տէր Աստուած Իրեն համար ժողովուրդ ընտրած էր հրեաները եւ Իր խօսքը անոնց կը փոխանցէր Իր ընտրած մարդոց միջոցով: Տէր Յիսուսի աշխարհ գալով, սակայն, այդ խօսքը աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն՝ բոլոր մարդոց ուղղուեցաւ, եւ բոլորն ալ հրաւէր ստացան մասնակից դառնալու Աստուծոյ պատրաստած Մեծ Խնճոյքին: Նոյն հրաւէրն է, որ Քրիստոսի Խաչելութեամբ պէտք է աւելի դիւրաւ ընկալելի եւ ընդունելի դառնար մարդոց համար, սակայն տեսանք, թէ ինչպէս մարդոց տարբեր խմբաւորումներ հազար ու մէկ պատճառաբանութիւն ու արդարացում յառաջ բերելով կը մերժեն ընդունիլ այդ հրաւէրը եւ մասնակից դառնալ Տիրոջ պատրաստած խնճոյքին: Յստակ պէտք է դառնայ բոլորիս, եթէ մեզմէ ոեւէ մէկը մերժէ ընդունիլ այդ հրաւէրը, ապա մեզի ուղղուած հրաւէրը պիտի ուղղուի ուրիշի մը, ով գիտակցութիւնը պիտի ունենայ ընդունիլ այդ հրաւէրը՝ արժեւորելով այդ հրաւէրին յաւիտենականութիւնը:
Հետեւաբար, Տիրոջ հրաւէրը մերժողներ չըլլանք, ընդհակառակը՝ Տիրոջ հրաւէրը ընդունողներ ըլլանք, եւ ո՛չ միայն ընդունողներ, այլ՝ մեր օրինակով ուրիշներու ալ առիթ ու պատճառ հանդիսանանք այդ հրաւէրը ստանալու եւ ուժ գտնելու իրենց մէջ այդ հրաւէրը ընդունելու, որպէսզի Հանդերձեալին մէջ արժանի ըլլանք սեղանակից դառնալու Մեծ Խնճոյքին յաւիտեանս յաւիտենից փառաբանելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը: Ամէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
5 դեկտեմբեր 2023, Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024