ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ
Եշիլգիւղի հայոց վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ամանորի մասնաւոր հանդէս մը, որու ընթացքին ապրուեցաւ մեծ հրճուանք։ Տղաքը բազմակողմանի յայտագիր մը գործադրեցին այս առթիւ՝ զանազան լեզուներով երգերով, արտասանութիւններով եւ թատերակներով։ Եշիլգիւղի ընտանիքի պատասխանատուներն ալ ներկայութիւն բերին այս հանդէսին, որու մասնակիցներու շարքին էին նաեւ ծնողներ։ Մինչ տղաքը իրենց ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու, Կաղանդ պապուկն ալ բաժնեց անոնց նուէրները։ Փոքրիկ աշակերտներուն ապրած ուրախութիւնը արդէն համակած էր բոլորին էութիւնը եւ այս մթնոլորտին մէջ հանդէսը աւարտին հասաւ ամանորեան ջերմ բարեմաղթանքներու փոխանակումով։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024