ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Կա­ղան­դի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը իւ­րա­յա­տուկ վա­յել­չու­թեամբ:

Ա­ռա­ւօ­տուն ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ծնող­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ փու­թա­ցին դպրոց: Օ­րեր տե­ւող տքնա­ջան աշ­խա­տանք­նե­րը տուած էին ի­րենց պտու­ղը եւ ա­հա­ւա­սիկ փոք­րիկ­նե­րը պատ­րաստ էին հան­դէս գա­լու ա­մա­նո­րեան հո­յա­կապ հան­դէ­սով: Վար­ժա­րա­նին սրա­հը, օր մը ա­ռա­ջուը­նէ գե­ղեց­կօ­րէն զար­դա­րուած՝ ճշգրտու­թեամբ կը ցո­լաց­նէր ա­մա­նո­րեան ե­րա­զա­յին ու խորհր­դա­ւոր մթնո­լոր­տը: Անխտիր բո­լոր տղա­քը կը կրէին մեծ յու­զում, քա­նի որ քիչ ետք դէմ յան­դի­ման պի­տի գա­յին Կա­ղանդ պա­պու­կին հետ:

Սրա­հին մէջ ներ­կայ էին վար­ժա­րա­նին զոյգ վար­դա­պետ­նե­րը՝ Մագ. Հ. Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն եւ Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, Մա­տա­կա­րար մարմ­նի ան­դամ­նե­րը, վար­ժա­րա­նին տնօ­րէ­նու­հի­նե­րը, ու­սուց­չաց կազ­մը եւ ծ­­նող­ներ: Հան­դէ­սը սկիզբ ա­ռաւ փոք­րիկ խօս­նակ­նե­րուն ե­ռա­լե­զու՝ հա­յե­րէն, թրքե­րէն եւ անգ­լե­րէն կա­տա­րած ող­ջոյ­նի խօս­քով: Ա­պա տղա­քը սկսան ներ­կա­յաց­նել թա­տե­րա­խաղ մը՝ «Կա­րե­լի է Կա­ղանդ տօ­նել ա­մէն տե­ղ», որ կը շեշ­տէր տօ­նա­կան օ­րե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մեր հո­գե­ւոր ապ­րում­նե­րուն մէջ:

Լի­տա եւ Քրիս եր­կու աստ­ղա­նա­ւորդ­ներ էին ՆԱ­ՍԱ-ի մէջ: Եր­կուքն ալ սեր­տօ­րէն փա­րած էին ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն: Նոյ­նիսկ դէ­պի անջր­պետ ճամ­բոր­դե­լէ ա­ռաջ՝ Լի­տա չէր մոռ­ցած անհ­րա­ժեշտ պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը ը­նել մօ­տա­լուտ տօ­նա­կան օ­րե­րու հա­մար եւ ճամպ­րու­կի մը մէջ իր հետ ա­ռած էր բո­լոր պի­տա­նի բա­նե­րը անջր­պե­տին մէջ կա­տա­րեալ տօ­նախմ­բու­թեան մը հա­մար:

Եւ ա­հա­ւա­սիկ ե­կած հա­սած էր Ա­մա­նո­րը: Լի­տա եւ Քրիս մեծ մտմու­տու­քի մէջ էին. ար­դեօք այս ի­մաս­տա­լից օ­րին ին­չե՞ր կը պա­տա­հէին ի­րենց տան մէջ: Օգտուե­լով փոր­ձա­գի­տու­թեան բա­րիք­նե­րէն՝ ա­նոնք եր­կիր կը կապուէին եւ այս­պէս՝ ա­ռի­թը կ՚ու­նե­նա­յին հե­տե­ւե­լու ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն: Ի­րենք ալ նոյն­պէս՝ երբ ժա­մը ճիշդ կէս գի­շե­րը կը հաս­նէր, անջր­պե­տի մէջ կը տօ­նէին Ս. Ծնուն­դը եւ Նոր տա­րին: Եւ ի­րենք ի­րենց կը խոս­տա­նա­յին ա­մէ­նու­րեք եւ ա­մէն պա­րա­գա­յի տակ ան­պայ­ման տօ­նախմ­բել Ս. Ծնուն­դը եւ Կա­ղան­դը միշտ նոյն խան­դա­վա­ռու­թեամբ:

Ս. Ծննդեան եւ Ա­մա­նո­րի այս հրա­հան­գիչ խա­ղը միաս­նա­բար գրի ա­ռած էին վար­ժա­րա­նին ման­կա­պար­տէ­զի ու­սու­ցիչ­նե­րէն Սի­պիլ Ա­ւա­գօղ­լու, Ար­շա­լոյս Ուն­ճու, Ռե­հան Եա­ղեա­զան եւ տ­­րա­մա­յի ու­սուց­չու­հի Թա­լին Կա­րիպ­կիւն: Իսկ խա­ղի բե­մադ­րու­թեան փու­լին փայլ տուած էին վար­ժա­րա­նի օգ­նա­կան ման­կա­պար­տէզ­պա­նու­հի­նե­րէն Մե­լի­սա Ի­փէք­լի, Մա­րալ Կիւլ­պայ­ծառ եւ Մի­րել­լա Կիւ­լէր: Խա­ղը հա­մե­մուած էր սի­րուն պա­րե­րով եւ եր­գե­րով: Ձիւ­նա­մար­դե­րու, ձիւ­նի փա­թիլ­նե­րու սի­րուն պա­րե­րը հիա­ցում պատ­ճա­ռե­ցին ներ­կա­նե­րուն մօտ: Ռե­հան Եա­ղեա­զանն էր, որ ստանձ­նած էր պա­րու­սոյ­ցի պաշ­տօ­նը: Ս. Ծննդեան եւ ա­մա­նո­րեան հա­յե­րէն եր­գե­րու հա­մար յա­տուկ աշ­խա­տանք տա­րած էր վար­ժա­րա­նի ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Շու­շան Գա­լա­թաշ, իսկ անգ­լե­րէն եր­գե­րու պա­րա­գա­յին տղա­քը մար­զուած էին վար­ժա­րա­նի անգ­լե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­ներ Ի­լո­նա Քիւ­չիւք­րէի­սեա­նի և Բո­լին Մա­վու­նա­ճըի հսկո­ղու­թեամբ: Կա­ղան­դի յա­տուկ բե­մա­յար­դա­րու­մը ար­դիւնքն էր գծագ­րու­թեան ու­սուց­չու­հի Հիւ­մէյ­րա Թու­նա­լըի եւ բո­լոր ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի­նե­րուն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան:

Տղոց ե­լոյթ­նե­րուն յա­ջոր­դեց Կա­ղանդ պա­պու­կին սրահ մուտ­քը նա­խակր­թու­թեան տնօ­րէ­նու­հի Քա­թիա Վար­կըի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ: Բո­լոր ներ­կա­նե­րուն Ս. Ծննդեան եւ Նոր տա­րուան կրկնակ տօ­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­լէ ետք Քա­թիա Վար­կը մաս­նա­ւո­րա­բար շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց ներդ­րու­մը բե­րած էին յայ­տագ­րին ի­րա­կա­նաց­ման: Իսկ սրա­հին մէջ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը հա­սաւ իր գա­գաթ­նա­կէ­տին, երբ Կա­ղանդ հայ­րի­կը իր խո­շոր պար­կէն հա­նած նուէր­նե­րը մէ­կիկ-մէ­կիկ բաժ­նեց ա­շա­կերտ­նե­րուն: Ան­շուշտ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­ներն ալ եր­գե­րով, ո­տա­նա­ւոր­նե­րով եւ ծա­փող­ջոյն­նե­րով է, որ դի­մա­ւո­րե­ցին ծե­րուկ պա­պու­կը: Հուսկ՝ ծնող­նե­րուն, ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն ուղ­ղեալ շնոր­հա­ւո­րա­կան խօսք մը ար­տա­սա­նեց Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, որ անդ­րա­դառ­նա­լով այս ի­մա­սա­լից օ­րե­րու խոր­հուր­դին, ար­տա­յայ­տեց այս առ­թիւ ամ­բողջ Մխի­թա­րեան ըն­տա­նի­քը նոյն եր­դի­քին տակ հա­մախմ­բուած տես­նե­լու իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը:

Վար­ժա­րա­նին միւս դա­սա­րան­ներն ալ ան­շուշտ ան­մասն չմնա­ցին Կա­ղանդ պա­պու­կին բա­րիք­նե­րէն: Ա­նոնք ալ ի­րենց կար­գին ստա­ցան ի­րենց նուէր­նե­րը: Ա­նոնք եր­գե­ցին, պա­րե­ցին, զուար­ճա­ցան լիու­լի վա­յե­լե­լով Կա­ղան­դի բա­ցա­ռիկ խնդու­թիւ­նը:

Այս­պէս՝ Նոր տա­րուան սե­մին Մխի­թա­րեան դար­ժա­րա­նի մէջ Կա­ղան­դի ո­գին ան­գամ մը եւս ե­կաւ փչել փոք­րիկ­նե­րուն սրտիկ­նե­րէն ներս, այդ ան­մեղ փոք­րիկ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ տա­րա­ծուե­լու եւ բա­րիք­ներ տե­ղաց­նե­լու հա­մար ամ­բողջ աշ­խար­հին:

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016