ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան Կաղանդի խանդավառ խրախճանքներ, որոնց ընթացքին ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Ֆէրիգիւղի վարժարանի ընտանիքին տեսակէտէ այս հաւաքոյթները պատեհ առիթներ հանդիսացան միասնաբար ողջունելու համար Նոր տարին։
Առաջին հանդէսը կազմակերպուած էր մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար, որոնք ներկայացուցին ճոխ յայտագիր մը։ «Թափթփած Կաղանդ պապուկը» խորագրեալ թատերակը ներկայացնելու առընթեր տղաքը հանդէս եկան արտասանութիւններով, պարերով եւ խմբերգներով։ Ամանորի բնորոշ երգերու մթնոլորտին մէջ Կաղանդ պապուկն ալ փութաց մանկապարտէզի փոքրիկներու այցելութեան եւ բաժնեց անոնց նուէրները։
Երկորդ հանդէսը նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն համար էր։ Այս փուլին եւս գործադրուած յայտագիրը կը բաղկանար զաւեշտներէ, պարերէ եւ խմբերգներէ, զորս տղաքը փայլուն յաջողութեամբ ներկայացուցին։ Ձեռնարկին հետեւեցան Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր, որոնք Նոր տարուան առթիւ փոխանակեցին անկեղծ բարեմաղթութիւններ։