ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԸ

Երէկ, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւնները, որոնց նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Եդուարդ Սրկ. Դաւիթեան, Տիգրան Սրկ. Պեսքիսիզեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի եւ երգեհոնահարութեամբ Հերման Փորթագալեանի։ Տեղապահ սրբազան հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ան խօսեցաւ կարճ քարոզ մը, որուն ի շարունակութիւն խրատական մըն ալ խօսեցաւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ու տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանով մը պատուեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը։ Ամանորի օրուան զուգադիպած աշխարհիկ հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան հոգեւոր հայրերը, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, համայնքէն յայտնի դէմքեր եւ Կէտիկփաշայի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հաւաքոյթի բոլոր մասնակիցները։

Սիրոյ սեղանի ընթացքին ատենապետ Յարութիւն Շանլը հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ «Փալաքաշեան» կտակի միջոցներով կրթաթոշակ ստացած երիտասարդներուն համար ի գործ դրուած միջոցները միշտ աւելցնելու հետամուտ են սկզբունքօրէն։ Ան ներկաներուն ծանօթացուց նոյն կրթաթոշակի նպաստընկալներէն Գարին Փաքէրը, որ միեւնոյն ժամանակ լողորդ մըն է եւ Պուլկարիոյ մէջ վերջերս կազմակերպուած միջազգային մրցաշարքի մը ընթացքին Թուրքիան ներկայացնելով նուաճած է մետայլներ։

Հանդիսութեան ընթացքին արտասանեցին Պէզճեան Մայր վարժարանէն Ալեքս Աճէմեան եւ Եշիլգիւղի վարժարանէն Արսէն Զէյֆիեան։

Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ տեղապահ սրբազան հօր աղօթքով։

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2018