Կիրակի 2, Փետրուար 2025
ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՆԴԷՍ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խանդավառ հանդէս մը, որու ընթացքին աշակերտները յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Տնօրէն Շահին Չընար հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Կաղանդ պապուկն ալ սրահ ժամանելով նուէրներ բաժնեց տղոց՝ մեծ ուրախութիւն պատճառելով։ Հանդէսի աւարտին ծնողաց միութեան կողմէ սարքուեցաւ պատուասիրութիւն մը։
Երեքշաբթի, Յունուար 1, 2019