ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը նախընթաց օր հիւրընկալեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր գործակից ընկերները, որոնք փութացած էին Ամանորը շնորհաւորելու։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Եշիլգիւղցիները Նորին Ամենապատուութեան յաջողութիւն մաղթեցին եւ հաւաստիացուցին, որ միշտ նեցուկ կը կանգնին Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան։

Ընտրեալ-պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան առթիւ։ Ան մաղթեց, որ պատրիարքական ընտրութիւնը օրհնաբեր ըլլայ մեր բոլոր հաստատութիւններուն եւ մերազն ժողովուրդին համար, նաեւ համայնքէն ներս տիրէ խաղաղութիւն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 1, 2020