ՔԱՍԱՓՕՂԼՈՒ ԹԱՔՍԻՄ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՄԷՋ

Երիտասարդութեան ու մարմնամարզի նախարար Մեհմէտ Մուհարրէմ Քասափօղլու Ամանորի ընդառաջ այցելեց Թաքսիմ մարզակումբը։ Վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեանի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ նախարարը, որ շրջայց մը կատարեց ակումբէն ներս։ Քասափօղլու դրուատիքով արտայայտուեցաւ Թաքսիմի պատմութեան մասին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց խրախուսելու համար ակումբի գործունէութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 1, 2020