ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԲԱՐՁՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը 2024 թուականը կը դիմաւորէ բարձր տրամադրութեամբ՝ մանաւանդ, որ բոլոր ճիւղերու մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները ապագայ ձեռքբերումներու համար յոյս կը ներշնչեն բոլորին։ Շիշլիի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները Նոր տարուան առթիւ ճաշասեղան մը սարքեցին՝ ակումբի վոլէյպոլի իգական սեռի կազմի սաներուն համար։ Բաց աստի, վարչայինները Ամանորի առթիւ մասնակցեցան մարմնամարզի մարզիկներու պարապմունքին՝ յղելով շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ։

Վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք յայտնեց, որ բոլորին Նոր տարին կը շնորհաւորեն ու կը մաղթեն, որ ընտանիքներուն մէջ առողջութիւն եւ խաղաղութիւն տիրէ։ Ան մարզիկներուն յորդորեց սիրել զիրար եւ Շիշլի մարզակումբը, որպէսզի կարողանան լաւագոյնս ներկայացնել զայն։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2024