ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ
Ս. Խաչ դպրեվանքի հիմնադրութեան 63-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցա կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն արարողութիւններով, որոնք տեղի ունեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հովանաւորութեամբ։ Համայնքային շրջանակները Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան հերթական անգամ եւ արդիւնքն ալ եղաւ գոհացուցիչ։ Արդարեւ, փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրուեցան, Դպրեվանքի տարեկան պիւտճէի հաւասարակշռումով։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան եւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Գըլըճեանի։ Հանդիսադիր Սրբազան Հայրը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան հաստատութեան հոգելոյս հիմնադիրները, վանահայրերը, սաները, կրթական մշակները եւ սատարողները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը, որոնց միացաւ նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Ներկայ էին երեսփոխաններ՝ Սելինա Տողան եւ Կարօ Փայլան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ, բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, զանազան սերունդներէ դպրեվանքցիներ եւ հիւրեր։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Թաթիա Մարաշլեանի։ Ելոյթներով հանդէս եկան Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան եւ տնօրէն Արմէն Սարուխանեան։ Աշակերտները խմբերգներ ներկայացուցին՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Յուսիկ Սաքմանի գլխաւորութեամբ։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Նորին Սրբազնութեան խօսքով եւ աղօթքով։