ՍՈՒՐԲԳՐՈՑ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, նախընթաց օր, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ուաշինկթընէն Սուրբգրոց թանգարանի տնօրէն Էնտի Նիկմանը։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ «Կոլոտ Պատրիարք» թանգարանի տնօրէն Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

Նիկման տեղեկութիւն փոխանցեց իր պաշտօնավարած թանգարանին ու անոր առաքելութեան մասին եւ համագործակցութեան ճամբով յարաբերութեան մշակման խնդրանք ներկայացուց Պատրիարք Հօր։

Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքական Աթոռոյ հանդէպ եղած սոյն փափկանկատութեան համար եւ ըսաւ, թէ եթէ անհրաժեշտ պայմաններ գոյանան, կարելի կ՚ըլլայ ակնկալուած համագործակցութիւնը։

Նիկման ապա այցելեց նաեւ «Կոլոտ Պատրիարք» թանգարանը։ 

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2020