«ՄԱՐԱԼ»Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի ե­րի­տա­սար­դաց խում­բին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Յա­րու­թիւն Քու­րա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բը Գում­գա­բուի մէջ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց իր ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Հարկ է նշել, որ այս խում­բը նա­խա­պէս Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը ա­պա­հո­ված էր՝ մշա­կու­թա­յին գետ­նի վրայ աշ­խա­տանք յա­ռաջ տա­նե­լու հա­մար։ Այս խում­բին նպա­տակն է հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու 7-րդ եւ 8-րդ դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար ըն­ձե­ռել հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ որ­պէս­զի ա­նոնք կա­րե­նան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րել գե­ղա­րուես­տա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու։ Կը ծրագ­րուի յի­շեալ ա­շա­կերտ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ հե­տա­գա­յին կազ­մա­կեր­պել միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մրցում մը, որ ա­ռիթ պի­տի հան­դի­սա­նայ ցու­ցադ­րել ա­շա­կերտ­նե­րու տա­ղանդ­նե­րը, ի­րենց սոր­ված եր­գերն ու պա­րե­րը։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան գնա­հա­տեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն կող­մէ տա­րուած այս աշ­խա­տան­քը։ Ա­նոնք սի­րա­յօ­ժար ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցա­նեն ու կ՚աշ­խա­տին, որ­պէս­զի հա­մայն­քէն ներս նոր սե­րուն­դը հա­ղորդ դառ­նայ մեր մշա­կոյ­թին, եր­գին ու պա­րին։ «Մա­րալ»ի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը Պատ­րիար­քա­րա­նէն հրա­ժեշտ ա­ռին Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դի խրա­խու­սա­կան խօս­քերն ու գնա­հա­տան­քը լսե­լով եւ օրհ­նու­թիւն­նե­րը ստա­նա­լով։  

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016