ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՈՐՈՇՈՒՄ
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Զգայացունց այս որոշումը լայն արձագանգ գտաւ համայնքային շրջանակներէն ներս։ Յարութիւն Շանլը յարմար նկատեց լքել իր պաշտօնը՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ ըս-տեղծուած լարուածութեան մը մթնոլորտին մէջ։
Թրքահայ համայնքային կեանքէն ներս դժբախտաբար կը շարունակուին արտասովոր իրադարձութիւնները։ Մեր համայնքը կը մաքառի ծայրայեղութիւններու ճիրաններուն մէջ։ Յարութիւն Շանլըի հրաժարականն ալ մաս կը կազմէ նման իրադարձութիւններու շարքին։ Արդարեւ, այս իրադարձութիւնները կու գան ապացուցանել, որ համայնքային կեանքէ ներս ջուրերը չեն հանդարտած եւ դըժ-բախտաբար պաղարիւնութենէ, պատասխանատու դատողութիւններէ բաւական հեռու քայլեր կ՚առնուին, ինչ որ մեր հաւաքական կեանքէն ներս միասնականութիւն վերահաստատելու նպատակին չի ծառայեր։ Համայնքին նաւը խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդելու համար անհրաժեշտ պաղարիւնութիւնը դժբախտաբար մեր իրականութենէն տակաւին կը պակսի։
Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պատրիարքական Աթոռի ղեկը վերաստանձնելէ վերջ վերջերս յարմար դատած է մեր կարգ մը եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու պարագային փոփոխութիւններ կատարել։ Այս տնօրինութիւնները սկսած են Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն։ Պատրիարքական Աթոռը Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդին տեղեկացուցած է, որ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան պաշտօնի պիտի կոչուի այլ եկեղեցիի մը մէջ։ Նկատի ունենալով, որ եկեղեցւոյ հովիւը աւելի քան տասն տարիէ ի վեր կը ծառայէր Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ մէջ՝ թաղային խորհուրդը անհանգստացած է այս որոշումէն։ Այդ անհանգստութեան հիման վրայ ատենապետ Յարութիւն Շանլը շարժման անցած է, որպէսզի Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յետս կոչէ այդ որոշումը։ Յարութիւն Շանլըի այդ սպասումը, թաղային խորհուրդին այդ անհանգստութիւնը, բնականաբար, ունեցած են իրենց տրամաբանութիւնը, ունեցած են իրենց պատճառները, սակայն մետայլի միւս երեսակին իրողութիւնը այն է, որ հոգեւոր հովիւներու փոփոխութեան որոշման իրաւասութիւնը բացառապէս կը պատկանի Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին այս պահու դրութեամբ։ Այս իրավիճակին մէջ Յարութիւն Շանլըի եւ նորին սրբազնութեան միջեւ յառաջացած է լուրջ լարուածութիւն մը։ Յարութիւն Շանլը մէկ կողմէ փորձած է շարժման անցընել համայնքային շրջանակները, իսկ միւս կողմէ այցելած է Պատրիարքարան, ուր շատ լարուած մթնոլորտի մը մէջ հարցը քննարկած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին հետ։ Դժբախտաբար այդ տեսակցութիւնը որեւէ լուծման դուռ չէ բացած, այլ ընդհակառակն ա՛լ աւելի խորացուցած է բոլոր հարցերը։ Այդ տեսակցութեան ընթացքին Յարութիւն Շանլը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նկատառման յանձնած է, որ պատրաստ է թաղային խորհուրդէն հրաժարելու՝ եթէ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեանի պաշտօնավարութեան շարունակութիւնը այդ ձեւով երաշխաւորել հնարաւոր պիտի ըլլայ։
Դժբախտաբար այս իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ, համայնքային կեանքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտան բազմաթիւ լսումներ կամ յայտարարութիւններ, որոնք բաւական ծայրայեղ տրամադրութիւններ կը ցոլացնէին։ Արդարեւ, խօսակցութիւններ կային, թէ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեանի ուրիշ եկեղեցիի մը մէջ պաշտօնի կոչուելու պարագային Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը կը ծրագրէր նոյնիսկ փակել եկեղեցին։ Այսպէս, ծայրայեղութիւնները յաջորդեցին իրարու եւ ի վերջոյ երէկ, դժբախտաբար, Յարութիւն Շանլը յարմար նկատեց հրաժարիլ իր պաշտօնէն։ Նօտարի միջոցաւ ան Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին տեղեկացուց, որ հրաժարած է ատենապետի եւ թաղային խորհուրդի անդամութեան պաշտօններէն։ Յարութիւն Շանլըի հրաժարելէն վերջ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ ալ անմիջապէս պաշտօնական նամակ մը ուղարկուած է Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդին ու տեղեկացուած՝ որ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան պիտի շարունակէ պաշտօնավարել Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ մէջ։ Այդ պաշտօնական նամակը ուղարկուած է լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի ստորագրութեամբ։
Ի՜նչ մեղք, որ մեր համայնքէն ներս մղուած ազդեցութեան անտեղի պայքարները կ՚ունենան այսպիսի անբաղձալի հետեւանքներ։ Բնականաբար, շատ ափսոս է, որ Յարութիւն Շանլըի նման փորձառու ու համակրելի համայնքային գործիչ մը, աշխարհական վարիչ մը այսպիսի պայմաններու մէջ կը դադրեցնէ իր առաքելոութիւնը։ Միւս կողմէ, այդ բոլոր համակրանքով ու փորձառութիւնով հանդերձ, Յարութիւն Շանլը վերջին շրջանին պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ հանրային կարծիքին առջեւ հանդէս կու գար բաւական արմատական մօտեցումներով։ Ան բառին բուն իմաստով ճակատ հարթարած էր Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէմ։ Խնդիրները թէեւ անբաղձալի հունի մը մէջ կ՚ընթանային, սակայն բոլորին յոյսը այն էր, որ վերջին հաշուով կարելի պիտի ըլլար միջին եզր մը գտնել եւ յարաբերութիւնները վերանորոգելով, կապերը թարմացնելով կարելի պիտի ըլլար շարունակել ճանապարհը։ Բայց եւ այնպէս, դժբախտաբար այդ յոյսերը չարդարացան։ Յարութիւն Շանլը վերջին անգամ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հասցէին ծանր արտայայտութիւններ ունեցած էր նաեւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ մեր աշխարհական վարիչներու ծանօթ հանդիպման ընթացքին, որ տեղի ունեցած էր Չըրաղանի պալատին մէջ։ Այդ տեսակցութենէն վերջ, հաւաքոյթի մասնակից կարգ մը համայնքային գործիչներն ալ հրապարակաւ անհանգստութիւն արտայայտած էին Յարութիւն Շանլըի այդ արտայայտութիւններուն մասին։ Յամենայնդէպս, ինչ որ ալ ըլլայ, համայնքի պաղարիւն եւ աչալուրջ շրջանակներուն ակնկալութիւնը միշտ խնդիրներու խաղաղ լուծման կողմանկից է։ Դժբախտաբար, Յարութիւն Շանլըի եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի յարաբերութիւնները բնականոն հունի մը վերադարձնել հնարաւոր չէ եղած։ Յարութիւն Շանլը բացառապէս նորին սրբազնութեան իրաւասութեան եւ տնօրինութեան սահմաններուն մաս կազմող խնդրի մը շուրջ փորձած է ձեռնարկել անհեռանկար պայքարի մը, որու հետեւանքով իր եկեղեցին եւ իր թաղային խորհուրդի ընկերները գոնէ պաշտօնապէս յառաջիկային պիտի զրկուին իր վարչական կարողութիւններէն, իր սպասարկութենէն եւ մանաւանդ իր եռանդէն։
Ըստ համայնքային շրջանակներէն ներս շրջանառուող լսումներուն, Յարութիւն Շանլը այսօր ալ իր հրաժարականին շուրջ պաշտօնապէս տեղեակ կը պահէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան պատկան բաժանմունքը։ Ան իր հրաժարականի հիմնաւորումին մէջ ընդգծած է, որ կը ջանայ կանխել հոգեւոր հովիւի անարդարութեան ենթարկուիլը եւ իր եկեղեցւոյ տուժելը։
Յարութիւն Շանլը վերջին տարիներուն բազմակողմանի գործունէութիւն կը ծաւալէր մեր համայնքային կեանքէն ներս։ Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետի եւ անդամակցութեան պաշտօններէն իր հրաժարիլը անմիջականօրէն պիտի ազդէ նաեւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) դիւանի կազմին վրայ։ Արդարեւ, Յարութիւն Շանլը ստեղծուած օրէն ի վեր VADİP-ի դիւանի ատենադպիրի պաշտօնը կը վարէր եւ այդ հարթակին վրայ կը ստանձնէր լուրջ պատասխանատուութիւններ։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024