ՄՈՒՐԱՏ ԷԶԷՐԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Լուսանկարիչ Մուրատ Էզէր վաղը երեկոյեան Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Արէտ-Մոնիք Երկանեան» սրահին մէջ պիտի բանայ ցուցահանդէս մը։ Ան մօտաւոր անցեալին Ֆէրիգիւղի մէջ կազմակերպած էր իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը եւ կարճ ժամանակ անց հիմա երկրորդը կը բանայ Պաքըրգիւղի մէջ։ «Իսթանպուլահայերը» խորագրուած է այս ցուցահանդէսը, որու ծիրէն ներս Մուրատ Էզէր գեղարուեստասէրներու տրամադրութեան տակ պիտի դնէ մեր համայնքի զանազան իրադարձութիւններէն դրուագներ։

Էզէրի ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ շաբաթավերջի օրերուն։

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018