ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը։ Դպրոցի բոլոր յարկերը յարդարուած էին այս խրախճանքին համար։ Աշակերտներն ալ մասնաւոր տարազներով մասնակցեցան խրախճանքին։ Օրուան յայտագրի ընթացքին բոլորը ապրեցան մեծ խանդավառութիւն, նաեւ տեղեկութիւններ քաղեցին Բարեկենդանի աւանդութիւններուն եւ իմաստին շուրջ։ Տղաքը իրենց կատարումներով արժանացան ծափահարութիւններու։

Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան աւարտին հանդէս եկաւ խօսքով մը, որու ընթացքին ջերմ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղեց բոլորին։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2019