«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ՝ ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԶՕՐԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին միութեան վարչութեան ատենապետուհի Վարդուհի Մսըրլեան, համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ «Մարալ»ի երիտասարդ տարրերէն Պուրակ Էրիքին։
Զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ ապրիլին «Մարալ» համոյթը ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ Պէշիկթաշի մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Այս ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ մեներգչուհի Գարին Պոզքուրթ։ Համոյթի պատասխանատուները այս նախաձեռնութեան ընդառաջ խորհրդակցութիւն մը ունեցած են նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունած է այս ծրագիրը՝ մանաւանդ, որ «Մարալ»ի ընտանիքը որոշած է հասոյթը տրամադրել երկրաշարժի աղէտեալներու կարիքներու դիմագրաւման նպատակին։
Միւս կողմէ, «Մարալ» համոյթը կը պատրաստուի նաեւ յառաջիկայ օգոստոսին մեկնելու Երեւան՝ Համահայկական խաղերուն մասնակցութիւն բերելու համար։ Համոյթը եւ անոր շուրջ համախմբուած երիտասարդները արդէն այժմէն ոգեւորուած են եւ բարձր տրամադրութեամբ կը պատրաստուին այս ուղեւորութեան։