«ԱՐՓԻ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ «ԹՈՒԼԻԿԸ»

Երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արփի» թատերախումբի ներկայացումը։ Բեմադրիչ Սարօ Սիրականեանի մականին ներքեւ թատերախումբը ներկայացուց «Թուլիկը» հայերէն խաղը։ Դերասաններն էին Այլին Քեշիշօղլու, Սեւան Փիոսեան, Թալին Տալտապանօղլու-Պէրպէրեան, Սեւան Նիզամեան, Շարա Մարաշլեան, Սեսիլ Գահվէճիօղլու, Կարպիս Շիմշէք եւ Արէտ Ունճեան։ Բեմադրիչ Սարօ Սիրականեանի թեքնիկ հարցերով օժանդակած էին Յարութիւն Նալճը, Հերման Բարթողեան եւ Մելինտա Կիւլեայլա։

Երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ ներկայացուցչական խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ փոխ-ատենապետ Որդիք Մկրտիչ Փափազեան եւ իր գործակից ընկերները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետ Արմենակ Մեծատուրեան եւ թատերասէր հիւրեր։

Երկու արարէ բաղկացեալ հայերէն ներկայացման աւարտին Սարօ Սիրականեան եւ թատերախումբի անդամները արժանացան ջերմ ծափողջոյններու։ Բեմադրիչը այս առթիւ նշեց, որ հայերէն խաղ մը ներկայացնելու համար յանձն առած էին մեծ զոհողութիւններ, որոնք կը համարուէին արդարացած։

Փակման խօսք մըն ալ արտասանեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ ուրախութիւն յայտնեց հայերէն ներկայացումի մը կազմակերպուած ըլլալուն բերումով։

Ներկայացման աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։  

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2019