ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՄԱՐԶԱԿԱՆ 14-ՐԴ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Գալֆաեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ միջվարժարանային մարմնամարզի փառատօն մը տեղի ունեցաւ Աթագիւղի մարմնամարզի համալիրէն ներս։ Իր տեսակին մէջ 14-րդ այս փառատօնին մասնակցութիւն բերին 14 համայնքային վարժարաններ, նաեւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը։ 400 մարզիկներ մասնակցեցան այս ծրագրին, որու հովանաւորն էր Մարգրիտ Աթմաճա՝ ի յիշատակ իր հոգելոյս մօր՝ Վարսէն Օրունճաքճըէլի, որ մահացած էր 2016 թուականին։ Մարզական ծրագրի ընդհանուր պատասխանատուն էր Հաքան Կիւնարթան, որ համակարգեց ամբողջ կազմակերպչական աշխատանքը։

Զանազան ճիւղերու մէջ տղաքը դրսեւորեցին իրենց ֆիզիքական հմտութիւնները։ Խրախճանքի աւարտին դափնեկիրներու մրցանակները յանձնեցին Մարգրիտ Աթմաճա, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ, որոնք շնորհաւորեցին երիտասարդ մարզիկները։  

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2019