ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանը, նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկըն եւ մատակարար մարմնի անդամուհիներէն Սօնա Մորպոյաճըն։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է, այս շաբաթավերջին մխիթարեանցիները պիտի համախմբուին տարեկան աւանդական խաւիծի օրուան առթիւ։ Շրջանաւարտից հաւաքին ընդառաջ Մխիթարեանի պատասխանատուները փափաքած էին խմբագրատունս այցելել՝ յանձնելու համար ձեռնարկի հրաւէրը։

Այս առթիւ տեղի ունեցաւ ջերմ զրոյց մը, որու ընթացքին հիւրերը բացատրութիւններ տուին դպրոցի ներկայ վիճակին շուրջ։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2019