ՆՈՐ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ «Սէր» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։ Հարկ է նշել, որ վերջին շրջանին Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ յախճապակի եւ կերպաս ներկելու, մշակելու ուղղեալ աշխատանոցներ կը կազմակերպուին։ Այս ծրագիրը կը կոչուի «Կենաց ծառ»։

Ուրեմն, շաբաթավերջի ցուցահանդէսին ժամանակ պիտի ներկայացուի «Կենաց ծառ»ի շրջանակին մէջ կատարուած արտադրութիւնը։

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2023