ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՆԱՏԱՆ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԱՅԻՍԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Աս­տուա­ծա­մօր Մա­յի­սեան ա­ւան­դա­կան ջեր­մե­ռան­դու­թիւ­նը ա­մէն տա­րուան իր նուի­րա­կա­նու­թիւ­նը պա­հե­լով, նոյն ե­ռան­դով եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին մաս­նակ­ցու­թեամբ այս տա­րի եւս շա­րու­նա­կուե­ցաւ Մխի­թա­րեան հայ­րե­րու Ա­նա­րատ Յղու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ:

Մխի­թա­րեան հայ­րե­րու Մա­յի­սեան Տի­րա­մօր խնկե­լի ա­ղօթք­նե­րը ա­նոնց Պոլ­սոյ եր­կու­հա­րիւ­րա­մեայ պատ­մու­թեան մէջ ու­նե­ցած է իր ու­րոյն տե­ղը: Ջեր­մե­ռան­դու­թեան ա­ղօթք­նե­րը՝ Ս. Վար­դա­րա­նի, Լի­տա­նիա­յի, Ս. Հա­ղոր­դու­թեան օրհ­նու­թեամբ երկ­նաս­լաց, զմայ­լե­լի եւ հո­գե­պա­րար խա­ղա­ղու­թիւն՝ ան­դոր­րու­թիւն կը պար­գե­ւեն ա­ռօ­րեայ վազ­քի ա­ւար­տին:

Օ­րընդ­մէջ Մագ. Հ. Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէ­նի եւ Յա­կոբ Ա­ւագ Սրկ. Մի­նա­սեա­նի ունկն­դիր հա­ւա­տա­ցեա­լը վե­րաց­նող, քա­ջա­լե­րող, Աս­տու­ծոյ մեր­ձեց­նող քա­րոզ­նե­րը ջեր­մե­ռան­դու­թեան այլ դրա­կան ե­րե­սակն է:

Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վ. Չօ­փու­րեա­նի բազ­մո­ցի դրուած Ա­մե­նա­սուրբ Հա­ղոր­դու­թեան լու­սա­պայ­ծառ Ճա­ճան­չի շնոր­հա­բաշխ օրհ­նու­թիւ­նը կը վե­րա­նո­րո­գէ ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեա­լի հո­գեաշ­խար­հը:

Ջեր­մե­ռան­դու­թեան ամ­բող­ջու­թեան մէջ կա­րե­ւոր տեղ կը գրա­ւէ տա­րի­նե­րէ ի վեր խո­րա­նի ծա­ռա­յող դպիր­նե­րու եւ ե­կե­ղեց­ւոյ Մխի­թա­րեա­նի սա­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ կա­մա­ւոր երգ­չա­խում­բը, զօ­րա­ցած գե­ղա­ձայն մե­ներ­գիչ­նե­րով, ղե­կա­վա­րու­թեամբ վար­ժա­րա­նի ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Լեռ­նա Պա­լօղ­լու-Աք­պու­լու­թի: Օ­փե­րա­յի երգ­չու­հի Ժագ­լին Չարք­ճը եւս, իր բիւ­րե­ղա­կան ձայ­նով Աս­տուա­ծա­մօր ջեր­մե­ռան­դու­թեան փայ­լը կ՚ա­ւելց­նէ: Իսկ նա­խակր­թա­րա­նի բաժ­նէն երկ­սեռ 16 փոք­րիկ­ներ ալ ի­րենց հրեշ­տա­կա­յին, ան­մե­ղու­նակ ձայ­նով մաս կազ­մած են երգ­չա­խում­բին, Աս­տուա­ծա­մօր գով­քը հիւ­սե­լով:

Մա­յի­սեան ա­ղօթք­նե­րը սկսան Մա­յի­սի 2-ին եւ փա­կու­մը կա­տա­րուե­ցաւ Մա­յի­սի 30-ին: Քա­ղա­քի գնացք­նե­րու պատ­ճա­ռաւ գրե­թէ սո­վո­րու­թիւն դար­ձած է եր­կու օր՝ ամ­սոյն սկիզ­բը եւ վեր­ջը ա­ղօթք­նե­րը զանց առ­նել:

Ջեր­մե­ռան­դու­թեան ա­ւար­տին վար­ժա­րա­նի ճա­շաս­րա­հին մէջ Ծնո­ղաց միու­թեան ժրա­ջան տի­կին­նե­րու կող­մէ պատ­շաճ ըն­դու­նե­լու­թիւն սար­քուե­ցաւ ե­կե­ղե­ցա­կան դա­սուն, մա­տա­կա­րար մարմ­նի եւ երգ­չա­խում­բի ան­դան­մե­րուն, իսկ նո­րեկ փոք­րիկ­ներն ալ պար­գե­ւատ­րուե­ցան նուէր­նե­րով:

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016