ՓՈՔՐԻԿՆ ԼՈՒՍԻՆ ԵՆԻԵՈՐԿԱՆ՝ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻ ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մանուկներու համար կազմակերպուած նկարչութեան մրցումի մը արդիւնքով դափնեկիր դարձած է մեր համայքէն Լուսին Ենիեորկան։ «Իմ գունաւոր աշխարհս» խորագրեալ «Մոփարթ» կոչուած այս մրցոյթը կազմակերպուած է՝ նախաձեռնութեամբ «Մոփաք» ընկերութեան, որ կ՚արտադրէ թուղթեր ու տետրակներ։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի սահմանափակումներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ մանուկներն ու պատանիները երկար շաբաթներ մնացին տունը եւ հեռավար դրութեամբ շարունակեցին իրենց կրթութիւնը։ Այս իրավիճակին մէջ սոյն մրցոյթը նախատեսուած էր՝ անոնց ազատ ժամանակներու արժեւորման նպատակով։ Կազմակերպիչները նախատեսած են նաեւ այսպէսով թափանցել մանուկներու ներաշխարհին, համաճարակի անոնց հոգեբանութեան վրայ գործած ազդեցութիւններուն՝ ստեղծագործական առիթ մը ընձեռելու ճանապարհով։ Ըստ զանազան տարիքային դասաւորումներու՝ երեք տարբեր դասաւորումի մէջ կազմակերպուած է մրցոյթը, որու 20-րդն էր այս տարի։

Լուսին Ենիեորկան, որ կը յաճախէ «Փիէռ Լոթի» ֆրանսական վարժարանը, մասնակցած է այս մրցոյթին եւ նուաճած՝ առաջնութեան աստիճան։ Դատակազմի անդամները բարձր գնահատած են Լուսին Ենիեորկանի ստեղծագործական ձիրքերը եւ երեւակայութեան աշխարհի դրսեւորումները՝ զինքը արժանի դասելով իր խմբաւորման առաջնութեան։

Հարկ է նշել, որ Լուսին Ենիեորկան թոռն է մեր համայնքի համակրելի նկարչուհիներէն Ազնիւ Չոպանի։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք փոքրիկն Լուսին Ենիեորկանը եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն։ Մեր խնդակցութիւնները իր ծնողքին՝ Արան եւ Լենա Ենիեորկան ամոլին եւ ամբողջ ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020