ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔ

Հաճոյքով կը տեղեկանանք, որ մեր երիտասարդ կրթական մշակներէն Լեռնա Քարապուրուն-Տեմիրի աշակերտները ուսումնական կեանքէ ներս կ՚արձանագրեն փայլուն յաջողութիւններ։ Լեռնա Քարապուրուն-Տեմիր աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի Տարրաբանութեան բաժինը։ Աւելի վերջ մանկավարժութեան վրայ մասնագիտացած է Հաճեթթեփէի համալսարանէն ներս, Անգարա։ Չորս տարիէ ի վեր ան որպէս գիտութեան ուսուցչուհի կը պաշտօնավարէ ERA վարժարաններու Քաղըթհանէի համալիրէն ներս, ուր կը գլխաւորէ գիտութեան ուսուցիչներու խումբը։

Լեռնա Քարապուրուն-Տեմիր չորս տարի առաջ սկսած էր աշխատիլ դասարանի մը հետ, որու աշակերտները այս տարի մուտք գործեցին քննութիւններու՝ միջնակարգի աւարտման փուլին։ Ներկայիս, երբ TEOG-ի քննութեան արդիւնքները յայտնի դարձած են, Լեռնա Քարապուրուն-Տեմիր կ՚ապրի արդար ուրախութիւն։ Արդարեւ, իր դասարանի աշակերտներէն երկուքը՝ Էճէ Փաթան եւ Էկէ Արտա Փեքին քննութեան 90 հարցումներու անխտիր բոլորին պատասխանած են անսխալ։ Այս գերազանց արդիւնքով անոնք պարգեւատրուած են Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ։

Սա յամառ աշխատանքի փայլուն արդիւնք մը եւ գնահատելի պտուղ մըն է։ Լեռնա Քարապուրուն-Տեմիր իր ուսուցչագործութեան տակաւին գրեթէ առաջին քայլափոխին արձանագրած է անանտեսելի յաջողութիւն մը։ Ան այս առթիւ կը յայտնէ, որ յաջողութեան գաղտնիքը պահուած է սիրոյ մթնոլորտի մէջ տարուած աշխատանքով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2019