Տ. ՅԱՐՈՒԹԻԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՀԱՅԱԾԷՍ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՅՑ ԵՒ ՔԱՐՈԶԵՑ ՊՈՒՐԿԱԶ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, անցեալ շաբաթավերջին իր հետն ունենալով ուխտաւորաց խումբ մը, հովուական այցելութիւն մը տուաւ դէպի Պուրկազ կղզի։ Խումբը դիմաւորուեցաւ պուրկազահայոց կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ Այիոս Եուաննիս յունաց եկեղեցին, ուր ձեռամբ հայր սուրբին մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ վարչութեան անդամներ՝ գլխաւորութեամբ Անտոն Սարկաւագի։
Ս. Սեղանին սպասարկեցին Գրիգոր Սրկ. Քիւչիւքիւթիւճեան, Արման Սրկ. Մարաշլեան եւ Արթին Շիրինփընար։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Ս. Ներսէսեան Դըպ-րաց Դասու անդամներ եւ ուխտաւոր դպիրներ՝ առաջնորդութեամբ Հրանդ Ուրարակիր Դպիր Չիզմէճեանի։ Յընթացս Ս. Պատարագի յունարէն լեզուով Աստուածաշունչէն բաժին մը ընթերցեց Անտոն Սարկաւագ, իսկ ճաշու գիրքը ընթերցեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մանկանց աշխատութեանց մասնակից երկու պատանիներ։
Նախքան Տէրունական աղօթքը, հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Իշխանաց կղզեաց յունաց մետրոպոլիտին եւ Այիոս Եուաննիս յունաց եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն, որոնց կարգադրութեամբ հայածէս Ս. Պատարագ կը մատուցուէր Պուրկազ կղզիի մէջ։ Ողջունեց նաեւ պուրկազահայութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնեց, թէ Իշխանաց կղզիներու հայութիւնը կը միանար Պուրկազ կղզիի մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։ Այսպէս, հնաւանդ սովորութիւն մը կրկին կը վերահաստատուէր։ Ապա, շարունակեց՝ «Կ՚աղաչեմ, քու փառքդ ցուցուր ինծի» (Ելից 33.18) բնաբանով, յիշեցուց Աստուծոյ փառքը խնդրելու կարեւորութիւնը եւ ըսաւ. «Պայծառակերպութեան դէպքը, Քրիստոսի աստուածային փառքի յայտնութեան տաղաւարն է։ Տէր Աստուած, աշխարհի ստեղծագործութենէն սկսեալ մինչեւ այսօր զգալի կը դարձնէ իր փառքը։ Հին Կտակարանի մէջ եւս, Մովսէս մարգարէն կը դիմէ Աստուծոյ, որպէսզի ան աստուածային փառքը ցոյց տայ ժողովուրդին։ Ուստի, իր Արարչին մօտ մարդ արարածին գլխաւոր իղձը պէտք է ըլլայ՝ նոյն մաղթանքը։ Աստ-ւած իր փառքը կը յայտնէ տարբեր առիթներով, տարբեր շրջաններուն, տարբեր վայրերու մէջ։ Բաւ է, որ մարդկութիւնը հաւատքի աչքով դիտէ իր շուրջը եւ խոնարհի Աստուծոյ փառքին առջեւ»։ Անգամ մը եւս շնորհաւորեց ներկաները եւ մաղթեց, որպէսզի ամենափառաւոր Աստուած Իր լիառատ օրհնութիւնները փոխանցէ բոլոր հաւատացեալներուն։
Արարողութեան աւարտին, կազմուեցաւ նաեւ թափօր եւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն։ Արարողութինը իր աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած «Այսօր ցնծայ» Պայծառակերպութեան տաղով։
Կրօնական արարողութեան աւարտին պուրկազահայոց կողմէ պատրաստուած սիրոյ սեղանին շուրջ համախմբուեցան բոլոր ներկաները։ Կղզեցիներ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, վայելած ըլլալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ներկայութիւնը իրենց մօտ։ Հայր սուրբը այստեղ եւս անդրադարձաւ միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող տօնական արարողութեան, որով թէ՛ Հայ եւ թէ Յոյն եկեղեցիներու անդամները համախմբուած էին Քրիստոսի սուրբ սեղանին շուրջ։ Մաղթեցին տարբեր առիթով կրկին համախմբուիլ սոյն եկեղեցւոյ մէջ։