ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒՐՔ
Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան մեծարանքի հաւաքոյթ մը կազմակերպուեցաւ ի պատիւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի։ Ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը «Կիւլպէնկեան» սրահի երդիքին տակ կազմակերպեց ընթրիք մը, որու ընթացքին Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան առարկայ դարձաւ Սկիւտարի ընտանիքի երախտագիտական զգացումներուն։ Հարկ է նշել, որ Տէր Հայրը տասն տարիէ ի վեր Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն էր եւ բոլորովին վերջերս Պատրիարքական Աթոռին կողմէ հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ համար։ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նոր հովիւը պիտի ըլլայ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան։ Երէկուան հաւաքոյթը կազմակերպուած էր թէ՛ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի տասնամեայ հովուական ծառայութիւնը արժեւորելու եւ թէ իրեն հրաժեշտ տալու համար։ Արդարեւ, Սկիւտարի ընտանիքը շատ բարձր կը գնահատէ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի 10-ամեայ անձնուրաց սպասաւորութիւնը, որովհետեւ ան յաջողած է թաղի մարդուժի հնարաւորութիւններուն ներած չափով առաւելագոյնս ծաղկեցնել եկեղեցւոյ երիտասարդական առաքելութիւնը։ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան համախմբած է Սկիւտարի ընտանիքի բոլոր տարրերը եւ այդ համախմբման շնորհիւ ստեղծուած շարժումով ապահոված է՝ որ նոր սերունդը համախմբուի եկեղեցւոյ շուրջ։ Արգասաւոր աշխատանքներ ի գործ դրած է այս առանցքին շուրջ։ Սկիւտարի ընտանիքի պատասխանատուները այսօր կը գիտակցին, որ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած երիտասարդները կը վկայեն Տէր Հօր անսպառ եռանդը, յամառ որոնումները եւ այդ բոլորին հիման վրայ նոր սերունդին ու եկեղեցւոյ միջեւ ստեղծուած կամուրջը։ Երէկուան ընթրիքը, ձեւով մը, այդ կամուրջի տօնախմբութիւնն էր եւ Սկիւտարի ընտանիքը փափաքած էր Տէր Հայրը առաքելութեան նոր փուլի մը, նոր միջավայրի մը ուղեւորելու ընդառաջ՝ արտայայտել իր անմնացորդ գնահատանքն ու երախտագիտական զգացումները։
Խորքին մէջ ընտանեկան ընթրիք մըն էր երէկուանը։ Օրուան մեծարեալը՝ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանն ալ երեկոյթին մասնակցեցաւ երէցկնոջ եւ հարազատներուն հետ։ Սեղաններուն շուրջ համախմբուած էին թաղի բոլոր յարակից մարմիններուն ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Տէր Հօր պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած բազմաթիւ երիտասարդներ։
Բացման աղօթքէն վերջ, յայտագրի տեւողութեան ելոյթներ ունեցան Թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան, Սկիւտարի Միացեալ Դպրաց Դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Պիւյիւքքիւրքճեան, դպրապետ Արշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշման, Յակոբ Սրկ. Քեսկին, ինչպէս նաեւ մեծարեալ Քահանայ Հօր ձեռնասուն երիտասարդներ։ Ատենապետ Կոպոյեան շեշտեց, որ Սկիւտարի ընտանիքը իսկապէս յուզուած է Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի հրաժեշտին բերումով եւ վստահութիւն յայտնեց, թէ յառաջիկային Եշիլգիւղի ընտանիքը պիտի վայելէ անոր փորձառութեան եւ աշխատանքի եռանդին պտուղները։ Յովհաննէս Կոպոյեան թուարկեց Տէր Հօր կողմէ տարուած նուիրեալ աշխատանքին հիմնական ուղղութիւնները եւ այդ բոլորին կապակցութեամբ յայտնեց խորին շնորհակալութիւն։ Յուզումնալի էին նաեւ երիտասարդ դպիրներուն զգացումները։ Արդարեւ, անոնք շատ մարդկային շեշտով բացատրեցին, թէ ինչպիսի համակրանք, յարգանք ու սէր կը տածէին Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի նկատմամբ։
Ելոյթներէն վերջ Սկիւտարի ընտանիքին անունով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ երեկոյթի մեծարեալին, մինչ հնչեցին նաեւ տոհմիկ երգեր։
Իր սրտի խօսքին մէջ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին համար։ Ան ըսաւ, թէ ինք հրաժեշտ չ՚առներ, այլ հերթի փոփոխութեան մը ժամանակը հասած է։ «Չեմ հեռանար, որովհետեւ մենք մեծ ընտանիք մըն ենք որպէս համայնք, դուք ալ երբեք մի՛ հեռանաք ձեր եկեղեցիէն, կապուած մնացէք անոր, որպէսզի միշտ ըլլանք միասին, միասնական ու միասնակամ», ըսաւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ իրեն ընծայուած յուշանուէրին համար։
Ելոյթներէն վերջ ընթրիքը շարունակուեցաւ անմիջական զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ, բոլորը Տէր Հօր յաջողութիւն մաղթեցին առաքելութեան շարունակութեան համար։