ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ այսօր կը սկսի 2021-2022 կրթական շրջանը։ Սեպտեմբերի 1-ը ամէն տարի երկրէն ներս կը նշուի՝ որպէս Գիտելիքի օր ու կ՚ազդարարէ վերամուտը։ Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքէն ներս այս տարեմուտը կը բնորոշուի կարեւոր ձեռքբերումով մը, որ խորհրդանշական իմաստ կը ներկայացնէ նաեւ պոլսահայութեան տեսակէտէ։ Արդարեւ, մեր համայնքի երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեաններու կողմէ ներդրուած միջոցներով ի կատար ածուած է կրթամշակութային բնոյթով կարեւոր ծրագիր մը։ Սա պոլսահայութեան կողմէ կը համարուի խորհրդանշական նուէր մը եւ Երկանեաններու խրախուսական այս նախաձեռնութիւնը, անոնց հովանաւորութեան ներքեւ արձանագրուած ձեռքբերումը թէ՛ լայն արձագանգ գտած է եւ թէ համատարած գնահատանքի արժանացած։

Այս նախագիծը սկիզբ առած է քանի մը տարի առաջ, երբ Աբովեան քաղաքի՝ նախկին պետական քոլէճի շէնքը որոշուած է մշակոյթի ու երիտասարդական կեդրոնի վերածել։ Այդ երդիքին տակ բազմակողմանի աշխատանք ծաւալուիլ սկսած է՝ կեդրոնացնելով շրջանի երիտասարդութիւնը։ Նկարչութենէ սկսեալ, մինչեւ զանազան ձեռագործներ՝ արուեստի եւ արհեստի զանազան ոլորտներուն մէջ բեղուն աշխատանք սկսած է այնտեղ։ Կեդրոնի գործունէութիւնը ի սկզբանէ խրախուսուած է Կոտայքի՝ այդ շրջանի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեանի կողմէ։ Ներկայիս Ռոմանոս Պետրոսեան Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարարն է։ Իր ջանքերով եւ մտայղացումով մշակուած ծրագիրը ի կատար ածուած է։ Իր պատասխանատուութիւնը եւ գործունէութեան դաշտը թէեւ ընդլայնուած են, սակայն, ան զգացական կապն ու հոգածութիւնը չէ դադրեցուցած Կոտայքէն եւ Աբովեան քաղաքի այս մշակոյթի կեդրոնը իրեն համար միշտ եղած է սրտամօտիկ անկիւն մը, հարազատ օճախ մը։

Այդ համալիրէն ներս թէեւ հիմնական վերանորոգութեան աշխատանք կատարուած է, սակայն, այդ ամբողջին մէջ առաջնահերթ տեղ զբաղեցուցած է գրադարանը։ Բոլոր պատասխանատուները փափաքած են, որ մասնաւորապէս երիտասարդութիւնը ունենայ գրադարան մը՝ ֆիզիքական բաւարար պայմաններով, անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներով եւ գոհացուցիչ կապի միջոցներով։ Սա արդէն անհրաժեշտ նախադրեալ մըն է, որպէսզի նոր սերունդը ձեւաւորէ ժամանակակից մտայնութիւն, կարողանայ հետեւիլ աշխարհի ընթացքին, հաղորդ դառնալ ազգային արժէքներուն եւ ի վերջոյ ձեւաւորել սեփական տեսլականը։ Ահա այս մեծ ակնկալութիւններով մտայղացուած գրադարանի վերանորոգման ծրագիրը հովանաւորուած է Երկանեան ամոլին կողմէ։ Համալիրի ընդհանուր համակարգումին համար ուրիշ միջոցներ ալ ներդրուած են, սակայն, Երկանեաններու նուիրատուութիւնը կ՚առանձնանայ, որովհետեւ գրադարանի բաժինը կը համարուի այդ համալիրին սիրտը։ Երկանեան ամոլի զօրակցութիւնը այնքան մեծ երախտագիտութեան զգացումներ յառաջացուցած է, որ գրադարանի մուտքին որոշուած է տեղադրել ցուցատախտակ մը, որու վրայ կատարուած արձանագրութիւններով պիտի յաւերժացուի անոնց կողմէ կատարուած աջակցութիւնը։

Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շրջանին, ամենայն հաւանականութեամբ ներկայ ամսուայ մէջ, պաշտօնական բացման արարողութիւն մըն ալ տեղի ունենայ Աբովեան քաղաքի այս վերանորոգեալ կարեւոր ընկերամշակութային կեդրոնին համար։

Ինչպէս ծանօթ է, Արէտ եւ Մոնիք Երկանեանները աւելի առաջ ալ աջակցած են Հայաստանի զանազան բարենպատակ հաստատութիւններուն՝ մասնաւորապէս մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու նկատմամբ հոգածութեան առաքելութեան հետամուտ կառոյցներու։ Արէտ Երկանեան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ արժանացած է բարձր գնահատանքի եւ պարգեւատրուած՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բարձրագոյն շքանշանով եւ համապատասխան հայրապետական սրբատառ կոնդակով։

  

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2021